Ի՞նչ է Սահմանադրութիւնը
- Hrayr Daghlian
- Nov 7, 2015
- 2 min read

«Քաղաքական լեզուի մէջ սահմանադրութիւն բառը ընդունուած է իբր բացատրութիւն պետութեան մը, ժողովուրդի մը, երկրի մը, ազգի մը կազմակերպման հիմնական օրէնքներուն»:
Իւրաքանչիւր պետութիւն, երկիր կամ համայնք իր հաւաքական կեանքի շրջագծէն ու սահմաններէն ներս, պէտք ունի օրէնքներու դրութեան: Այս օրէնքները կը ներդաշնակէն երկրի կամ համայնքի մը քաղաքացիներուն կեանքը եւ զայն կը դարձնէն աւելի հեզասահ, հեշտ, դիւրին եւ աւելին՝ օգտաբեր:
Կորսնցուցած ըլլալով մեր թագաւորութիւն, հայերս դարերով զրկուած մնացինք սեփական պետութենէ, հարկատու եղանք ներխուժող պետութիւններուն եւ կարաւարուեցանք անոնց օրէնքներով: Սակայն կրցանք պահել մեր ազգային եկեղցին, գիրն ու մշակոյթը: Անօգնական ու անտիրական մնացած հայ ժողովուրդին գլուխ անցաւ կրօնական իշխանուըիւնը: Թուրք պետութեան քով հայութեան քաղաքական ներկայացուցիչը ու միջնորդը եղաւ Պոլսոյ Պատրիարքը:
Սակայն, Օսմանեան տէրութեան իշխանութեան հարկատու, հայութեան վիճակը քաոսային էր. եղան այնպիսի պատրիարքներ, որոնք իրենց դիրքեր չարաշահեցին եւ ժողովուրդը կեղեքեցին: Եղան Փաշաներ, որոնք իրենց հարստութեան պատճառով Պատրիարքարանը խաղալիք դարձուցին…: Մէկ խօսքով պէտքը սկացուեցաւ ներքին օրէնքներու, որպէսզի հայութիւնը իր, «ստրուկ վիճակէն բարձրացնելով ԱԶԳ կոչուելու ազնուականութեան աստիճանին» հասցնէ:
Երեք դար անդուլ պայքար մղեցին ազնիւ եկեցականներն ու պատուական ազգայինները, որպէսզի ընդունիլ եւ վաւերացնել տան «հայուն հիմնական օրէնքները» բռնատէր Օսմանեան կառավարութեան: Եւ ի վերջոյ, 1856 փետրուար 6-ին, «Իսլահաթի Խաթթը Հիւմայուն»ը պաշտօնապէս արտօնեց, որ. «Ամէն ազգի աշխարհական գործոց մատակարարութիւնը, նոյն ազգին եկեղեցական եւ աշխարհական անդամներէն ընտրուած ժողովի մը հսկողութեան պիտի ենթարկուի»: 1857 Մարտ 22-ին, Պատրիարքարանին մէջ գումարուեցաւ 300-է աւելի ներկայացուցիչներով ժողով մը, եւ հաստատեց ազգային սահմանադրութիւնը: Բայց Թուրք կառավարութիւնը, մերժեց առարկելով թէ՝ «Պետութեան մէջ պետութիւն չի կրնար լինիլ»:
Բայց եւ այնպէս անդուլ պայքարը շարնակուեցաւ եւ յաջողեցան 1863-ին վաւերացնել ազգային-եկեղցական օրէնքներու շարք մը «Ազգային Սահմանադրութիւն» (99 յօդուած) անունին տակ:
Ազգային Սահմանադրութիւնը խտացումը եղաւ մեր, աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն եւ «Հայու գաղափարապաշտ սկզբունքներուն»: Եւ այս սահմանադրութեամբ կարաւարուեցաւ Օսմանեան պետութեան տակ գտնուող, Հայոց եկեղեցին ու ժողովուրդը: Դժշբախտաբար սահմանադրութեան կեանքը եղաւ կարճ, 1896 Սուլթան Համիտ բոլորովին արգիլեց անունն իսկ յիշատակելը. եւ այս վիճակը տեւեց մինչեւ 1908 երբ, թրքական խաբուսիկ սահմանադրութիւն եկաւ եւ վերականքնեց ազգային Սահմանադրութիւնը:
Բայց օտարններուն կողմէ հալածուած այս օրէնքները կազմակերպեցին հայութիւնը եւ մեծ ազդեցութիւն ձգեցին իւրաքանչիւր հայուն վրայ, որովհետեւ օտար չէր, խորթ չէր, այլ՝ հարազատ, հայուն արիւնէն էր բխած: «Հայ ազգային սահմանադրութիւնը՝ հարազատ ծնունդն էր հայ ժողովուրդին»:
Սահմանադրութեան սէրը շարնակուեցաւ նաեւ հայ ժողոջուրդին տարագրուած եւ քշուած օրէրուն. երբ հայ թափառեցաւ երկրէ երկիր իր սովորութիւններուն, աւանդութիւններուն հետ իր հետ նաեւ տարաւ ազգային սահմանադրութիւնը: Իսկ անոնք, որոնք հեռացան ու մոռցան անիկա, մոռցան ու հեռացան նաեւ հայութենէն: Մէկ խօսքով հայ, հա՛յ պահողը եղաւ սահմանադրութիւնը. որովհետեւ անիկա կը ցոլացնէ մեր ազգյին նկարագիրը:
Մանաւանդ, երբ հայութիւնը ցրուած ու տարտղնուած էի սփիւրս աշխարհի պէիք է առաջնորդուի նոյն ճամբէն եւ միայն մէկ օրէնքով՝ ազգային սահմանադրութեամբ, որովհետեւ ազգային սահմանդրութիւնը. «կ'ուզէ համախմբել եւ իրար միացնել բոլոր ազգայինները իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ, իրար զօդելով փոխադարձ իրաւունքի եւ պարտականութեան կապերով»:
Բարեբախտաբար, այսօր որոշ չափով կը գործադրուի ազգային սահմանադրութիւինը: «Գաղթաշխարհի բոլոր ազգային ժողովներու մէջ ի զօրու է անոր հարկադրած քուէի դրութիւնը»: Սակայն հարկ է կիրարկել օրէնքներու միւս տրամադրութիւնները եւս, որովհետեւ այժմ չունինք ուրիշ կատարելագործուած կաննոնագիրք մը, որ ազգային վարչական միասնականութիւնը պահէ, բացի՝ ազգային սահմանադրութենէն:
Comments