top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

ԵՂԻՇԷԻ, ԴԱԴԻՎԱՆՔ ԵՒ Ս. ԹԷՈԴՈՐՈՍԻ ՎԱՆՔԵՐԸ

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Nov 5, 2015
  • 2 min read

ՋԱԼԷԹԻ Ս. ԵՂԻՇԷԻ ՎԱՆՔ

Ջալէթի Ս. Եղիշէի վանքը կը գտնուի Պարսկաստանի Զերգուն դաշտին մէջ: Ըստ աւանդութեան շինուած է Ս. Եղիշէի գերեզմանին վրայ: Ս. Եղիշէն Թադէոս Առաքեալի աշակերտներէն մէկը եղած է, որ շրջան մը եկած ու Քրիստոնէութիւն քարոզած է Հայաստանի մէջ. ետ վերադարձած է Երուսաղէմ, ապա եկած է Պարսկաստան ու հոն ալ քարոզած է Քրիստոնէութիւնը եւ Զերգունի դաշտին մէջ նահատակուած է եւ մարմինն ալ գուբի մը մէջ նետուած է: Նահատակութենէն ետք երբ գտնուած են աճիւնները, նոյն տեղը շինուած է համանուն վանքը: Նախքան իր նահատակութիւնը Պարսկաստանի մէջ շինած է մի քանի եկեղեցիներ:


ԴԱԴԻՎԱՆՔ

Խութավանք, Դադիվանք կամ Դադէի վանք: Կը գտնուի Մեծ Հայքի Արցախ նահանգին Խաչեն (Ծար) գաւառին մէջ, Թարթառ (Տրու) գետի ձախ ափին վրայ: Դադէի վանքը շինուած է առաջին դարուն, Ս. Թաթէոս Առաքեալի 70 աշակերտներէն Դադիի գերեզմանին վրայ: 4րդ դարուն եպիսկոպոսանիստ եղած է:

1145ին Սելճուքները վանքը աւերած են, սակայն 1170ին վանքը վերաշինուած է: Վանքը ունեցած է մի քանի եկեղեցիներª Ս. Դադիի եկեղեցին որ շինուած է10-11րդ դարերու միջեւ:

1211ին շինուած է պալատական դահլիճ մը: Վանքի գլխաւոր Կաթուղիկէ եկեղեցին, շինուած 1214ին, Վախթանք Իշխանի կնոջª Արզուխաթունի կողմէ: 1224ին ժամատուն մը շինուած է Ս. Դադէի եկեղեցիին մէջ: 13րդ դարուն վանքը ունեցած է գրատուն մը: Ճարտարապետական դիտանկիւնէ դիտուած, միջնադարուն վանքը եղած է լաւագոյն յուշարձաններէն մէկը, արժէքաւոր իր եկեղեցիներով ու շէնքերով: Վանքը ունեցած է բազմաթիւ կալուածներ:

1920ին վանքը դադրած է գործելէ: 1960ին Ադրբէյջանական իշխանութիւնները վանքի տարածքին մէջ գիւղ մը շինած են եւ լեցուցած բնակիչներով որոնք եկեղեցիներուն եւ վանքի շէնքերուն մէջ տեղաւորուած են եւ բաւական վնասներ հասցուցած: 1993 Մարտ 3ին, վանքը ազատագրուած է եւ 1999ին վերաշինութեան ենթարկուած:


ԳՈՐՈՓՈՒ Ս. ԹԷՈԴՈՐՈՍԻ ՎԱՆՔ

Գորոփու Ս. Թէոդորոսի կամ Ս. Թորոսի վանք: Նաեւ ճանչցուած է որպէս Սըրըքլը Ս. Թորոս անունով: Կը գտնուի Դերջանի Դունիկ գիւղին մօտերը: Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն կþենթադրեմ թէ վանքը չորորդ դարու շինաուածք է:




 
 
 

תגובות


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page