top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՉՀԱՐՑՆԷ

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Nov 4, 2015
  • 1 min read


Աստուած երբեք պիտի չհարցնէ տանդ տարածութեան մասին, բայց պիտի հարցնէ՝ թէ քանի՞ օտարական ընդունած ես:

Աստուած երբեք պիտի չհարցնէ, թէ ո՞րքան էր պահարանիդ մէջի հագուստներուդ թիւը, բայց պիտի հարցնէ՝ թէ քանի՞ մերկեր հագցուցիր:

Աստուած երբեք պիտի չհարցնէ, թէ որքա՞ն է եղած բարձրագոյն աշխատավարձքդ, բայց պիտի հարցնէ՝ թէ ինչպիսի՞ ձեւով զայն ձեռք ձգեցիր:

Աստուած երբեք պիտի չհարցնէ, թէ ի՞նչ պաշտօն կը վարէիր, պիտի հարցնէ սակայն՝ թէ ո՞րքանով կարողութիւնդ լաւագոյնս ի գործ կը դնէիր ուրիշին գործի յաջողութեանը համար:

Աստուած երբեք պիտի չհարցնէ, թէ քանի՞ ընկեր ունեցար, բայց անկասկած պիտի հարցնէ՝ թէ քանի՞ հոգիներու դո՛ւն լաւ ընկեր եղար:

Աստուած պիտի չհարցնէ, թէ ո՞ւր կþապրէիր, բայց պիտի հարցնէ՝ թէ ինչպիսի՞ վերաբերմունք կը ցուցաբերէիր հարեւաններուդ հանդէպ:

Աստուած պիտի չհարցնէ, թէ ի՞նչ էր մորթիդ գոյնը, սակայն պիտի հարցնէ՝ թէ ինչպիսի՞ նկարագիր ունէիր:

Աստուած պիտի չհարցնէ, թէ ո՞րքան էր մարմնիդ մեծութիւնը, սակայն պիտի հարցնէ՝ թէ որքա՞ն էր սիրտդ մեծութիւնը:

Աստուած պիտի չհարցնէ, թէ ինչո՞ւ երկար տեւեց փրկութեանդ որոնումը, բայց մեծ սիրով ձեռքէդ պիտի բռնէ ու առաջնորդէ երկնքի մէջ քեզի վերապահուած վայրը, եւ ոչ թէ՝ դէպի դժոխքի դռները:

Աստուած պիտի չհարցնէ այս բոլորը, բայց պիտի հարցնէ՝ թէ ինչո՞ւ ամչցար ընկերներուդ փոխանցելու իր սիրոյ պատգամը:

ԼԱՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԴԺՈՒԱՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ, ՇԱՏ ԴԺՈՒԱՐ ԿԸ ՁԳՈՒԻՆ, ԲԱՅՑ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԴԺՈՒԱՐ ԿԸ ՄՈՌՑՈՒԻն:



 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page