Ուսուցիչը Պէտք է Իր Դասաւանդած Նիւթը Սիրէ
- Կ. Յովհաննէսեան
- Nov 2, 2015
- 2 min read

Չի բաւեր սիրել ուսուցչական ասպարէզը, ուսուցիչը անհրաժեշտ է որ սիրէ իր դասաւանդած նիւթը: Ուսուցիչի այս երկու առանձնայատկութիւնները նոյնը կը թուին բայց խորքին մէջ երկուքը տարբեր բաներ են, թէեւ իրարու լրացուցիչ: Կան ուսուցիչներ, որոնք կը սիրեն ուսուցչութիւնը բայց չեն սիրեր կարգ մը նիւթեր դասաւանդել ու նախասիրութիւն ունին այլ նիւթեր դասաւանդելու:, Նոյնիսկ այս վերջիններու մէջ կրնան գտնուիլ մասեր, որոնք չեն իյնար ուսուցչութեան նախասիրութիւններուն մէջ: Այդ է պատճառը, որ ուսուցիչը իր նախասիրութիւններուն մէջ չինկող բաժիններուն վրայէն յարաբերաբար աւելի արագ կ'անցնի եւ մեծ թափով- կարծէք յանցանքէ մը դուրս եկած ըլլար- ու խանդավառութեամբ կը բացատրէ իր նախասիրած մասերը: Բայց չսիրել իր դասաւանդած նիւթը՝ պիտի նշանակէ մնայուն տառապանքի մէջ ըլլալ: Որք՜ան տարօրինակ պիտի թուի, երբ բժիշկ մը յայտնէ ձեզի, թէ ինք երբեք հետաքրքրուած չէ երբեք բուժման արուեստով, թէ երբեք չի կարդար ան բժշկական պարբերականներ եւ չի հետեւիր իր մարզի բժշկութեան նորութիւններով, թէ բժշկութիւնը իբրեւ ապրուստ նկատելէ անդին ոչինչ կը նշանակէ իրեն համար, թէ իր հիւանդները առողջական ինչ վիճակ կը ներկայացնեն, եւ թէ ինք հետաքրքրւած է միայն Ֆուտբոլով: Վստահաբար դուք պիտի փոխէք ձեր այս բժիշկը: Բայց աշակերտները չեն կրնար փոխել իրենց ուսուցիչը. պիտի սպասեն առնուազն կրթական տարեշրջանի աւարտին որպէսզի փոխեն իրենց դպրոցը, ընդորում իրենց ուսուցիչը:
Հետեւաբար, անտրամաբանական է երեւակայել անհատ մը որ պատմութեան ուսուցիչ է եւ չի հետաքրքրուիր քաղաքականութեամբ, պատմական դէմքերու կենսագրութեամբ, պատմութիւնը շահագրող դէպքերով, կամ պատմական նոր իրադարձութիւններով: Կրնայ պատահիլ որ այդ ուսուցիչը տիրապետած ըլլայ իր դասաւանդած նիւթին եւ հետամուտ եղած է սովորելու դէպքերը՝ դէմքերը տեղով ու թուականով բայց եթէ չի սիրեր իր դասաւանդած նիւթը պիտի մնայ այն գիտելիքներով որ սորւած էր իր ուսուցչութեան առաջին տարին: Միւս կողմէ, երբեք պիտի չմոռնայ իր դասանիւթը, որուն վրայ պիտի աւելացնէ շատ տեղեկութիւններ, եթէ սիրէ զայն: ուսուցչութիւնը կոչում է՝ մասնագիտութեան կողքին: Ուսոուցչութիւնը կոչումի մասնագիտութիւնն է: ու նաեւ խիղճ է ուսուցչութիւնը:
Բնական երեւոյթ է, որ աշակերտները չեն սիրեր տարեցները՝ այս վերջիններուն ոչ-ճկուն ըլլալու եւ քարացած գաղափարներուն համար: Բայց աւելի կ'ատեն զանոնք եթէ անկեղծ չըլլան իրենց հետ: Անոնք կրնան հանդուրժել կոշտ ուսուցիչ մը, եւ երբեմն շատ բան կը սորվին անկէ, բայց չեն կրնար հանդոուրժել կեղծաւոր մը:
Եւ ուսուցիչ մը, որ չի սիրեր իր դասաւանդած նիւթը եւ անտարբեր է անոր նկատմամբ աւելի հաւանականութիւն ունի կեղծաւոր ըլլալու:
Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ իր դասանիւթը, շատ աւելի ճիշտ պիտի ըլլայ իրեն համար դասաւանդալ զայն նոյնիսկ եթէ յոգնած է: Այս պարգային, երբ ուսուցիչը չգիտնայ պատասխանել աշակերտի մը հարցումին՝ վստահաբար պիտի ընդունի որ չի գիտեր եւ պիտի խոստանայ փնտռել անոր պատասխանը, եւ աշակերտը երբեք պիտի չմեղադրէ իր ուսուցիչը, որովհետեւ այս վերջինը անկեղծ է: Աշակերտը լաւ գիտէ թէ ամենագէտ մարդ չկայ եւ թէ անիրականանալի բան է ամենագիտութիւնը, բայց ան կը պահանջէ անկեղծութիւնը:
Ուրեմն, տիպար ուսուցիչն զգուշօրէն ընտրութիւն կը կատարէ իր դասաւանդութեան նիւթի կամ նիւթերուն՝ նախկան ամբողջկանօրէն ուսուցութեան նետուիլը: Սկսնակ ուսուցիչը իր նախասիրութեան համաձայն կը դասաւանդէ կարգ մը նիւթեր եւ որոշ փորձառութենէ ետք իր՝ հետաքրքրութիւնները կը կեդրոնացնէ մէկուն կամ քանի մը նիւթի վրայ, որովհետեւ կը զգայ թէ կը սիրէ զայն (կամ զանոնք):
Comentarios