Ի՞նչ Կը Նշանակէ Սուրբ
- Hrayr Daghlian
- Nov 6, 2015
- 2 min read

ՍՈՒՐԲ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՔՈՒՐ
Իր հնագոյն եւ տառական առումով «սուրբ» ածականը պարզա-պէս կը նշանակէ «մաքուր»: Ու այդ իմաստը պահած է մինչեւ այսօր, իր բայական ձեւին մէջ: «Սրբել» այսօր ալ կը նշանակէ «մաքրել» աչքը սըր-բել, դասարանի գրատախտակը սրբել, գետինը սրբել եւն.: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ «սուրբ» բառը նախ քան բարոյական եւ կրօնական պատմուճան հագնիլը, գործածուած է նիւթական իրերու համար՝ նիւ-թապէս «մաքուր»ի իմաստով: Օրինակ՝ այն ոսկին, որով Աստուած հրա-մայած էր պատել Իսրայէլի ժողովուրդին ամէնէն նուիրական առարկան հանդիսացող Ուխտի Տապանակը, պէտք էր ըլլար «սուրբ ոսկի», ոչ թէ կրօնական իմաստով, այլ՝ մետաղային զտութեան իմաստով, այսինքն՝ պիտի գործածուէր անխառն, զուտ, մաքուր ոսկի, այսօրուան բացատ-րութեամբ՝ 24 քարաթ ոսկի: Նոյնպէս Յայտնութեան գրքին մէջ երբ. «Երկինքէն իջած Սուրբ Երուսաղէմը» կը նկարագրուի, կ'ըսուի, որ քա-ղաքը կը պսպղար «սուրբ ապակիի նման» (Յայտ. ԻԱ. 18): Այստեղ ապա-կին «սուրբ» կը կոչուի պարզապէս բացատրելու համար անոր բիւրեղա-յին մաքրութիւնը, զտութիւնը:
Նոյնն է պարագան «սրբել կամ սրբիլ» բայերուն համար, որոնք նախ քան բարոյական եւ հոգեւոր մաքրագործումի իմաստ ստանալը՝ կը գործածուին ֆիզիքապէս մաքրուելու առումով: Օրինակ՝ Յակոբ Նահա-պետ, երբ կը պատրաստուի զոհի սեղան մը կառուցանել Բեթելի մէջ, կ'ըսէ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն. «Վերցուցէք ձեր մէջէն օտար աստուածները եւ ՄԱՔՐՈՒԵՑԷՔ (գրաբար «սրբեցարուք») ու փոխեցէք ձեր լաթերը» (Ծն. ԼԵ. 2): Երբ Աստուած «անձամբ» պիտի խօսի Իսրայէլի ժողովուրդին, կը պատուիրէ Մովսէսին. «Գնա ժողովուրդին եւ ՍՐԲԷ զանոնք, եւ թող լուան իրենց լաթերը» (Ել. ԺԹ. 10):
ՍՈՒՐԲ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՆԱԵՒ ԶԱՏՈՒԱԾ
Մաքրութեան սկզբնական այս հասկացողութեան կը զուգորդուի իմաստի ուրիշ եւ կարեւոր երանգ մը, որ աւելի հիմնական եւ տիրական կը դառնայ տակաւ առ տակաւ սրբութեան գաղափարին մէջ: «Սուրբ» կը կոչուի նաեւ ոեւէ իր, առարկայ եւ անձ, որ կը ԶԱՏՈԻԻ իր տեսակին մէ-ջէն եւ կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը, եւ իբրեւ այդ՝ կը ստա-նայ յատուկ օրհնութիւն: Ըստ այսմ՝ Արարիչն Աստուած իր ստեղծագոր-ծութեան աւարտումէն յետոյ՝ եօթներորդ օրը «կը հանգստանայ» իր գործերէն, ուստի՝ «Օրհնեց Աստուած եօթներորդ օրը եւ ՍՐԲԵՑ զայն» (Ծն. Բ. 3):
Այս պարագային Շաբաթ օրը սուրբ յայտարարուեցաւ, որովհետեւ զատուեցաւ եօթնեակի միւս օրերէն ու նուիրուեցաւ հանգստեան ու յա-տուկ պաշտամունքի սրբազան նպատակին՝ ստանալով իր օրհնութիւնը ուղղակի Աստուծմէ»:
Comments