Ուսուցչութեան Մէջ Կոչումը Եւ Գիտելիքը
- Կ. Յովհաննէսեան
- Nov 4, 2015
- 2 min read

Ուսուցման մեթոտաբանութիւնը լայն տարածում գտած է այսօր զարգացած երկիրներու մէջ: Ուսուցիչը գիտելիքներուն կարեւոր պաշար ունենալու կողքին, պարտի ըլլալ հոգեբան-մանկավարժ, կարողութիւնը պէտք է որ ունենայ ճանչնալու աշակերտին հոգեկան աշխարհը եւ տիրապետէ թեքնիքներուն, որոնք հետաքրրական կը դարձնեն դասապահը: Կը նշանակէ թէ՝ որքան ալ գիտական հմտութիւն ունենայ ուսուցիչը, որքան ալ փորձառութիւն ամբարած ըլլայ իր մէջ, նոյնքան ալ գիտութիւն պէտք է որ ունենայ իր դասաւանդած նիւթի մեթոտներուն մասին: Կը նշանակէ տակաւին, թէ որքան ալ ՙի ծնէ՚ ուսուցիչ ըլլայ, ան պէտք է որ պատրաստուի մանկավարժական, հոգեբանութեան, ընդհանուր հոգեբանութեան, մանկավարժութեան, ինչպէս նաեւ իմաստութեան փորձառական մանկավարժութեան:
Սփիւռքի նախորդ սերունդներուն ուսումնական համակարգին մէջ հոգեբանական-մանկավարժական նմանօրինակ պատրաստութեան հարց չկար: Իրողութիւնը այն է, որ ունեցած ենք ուսուցիչներ, որոնք որեւէ ուսուցչանոցէ շրջանաւարտ չէին, հետեւած չէին, մանկավարժական դասընթացքներու, բայց իրենց անձնական հմայքով եղած էին սերունդներու ներշնչարան թէ իրենց գիտութեամբ, թէ կեանքի փորձառութեամբ եւ թէ աշակերտներու վրայ խոր ազդեցութիւն ձգելու կարողութեամբ: Մեծ հեղինակութիւններ էին անոնք:
Այսօր չկայ այդ սերունդը: Անոնց փոխարինողն ալ չկայ՝ հեղինակութեան իմաստով: Ներկայիս կան ուսուցման մեթոտաբանութեան եւ ուսուցիչ պատրաստող ծրագիրները՝ համալսարաններուն եւ ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ, ուր կը պատրաստուին ուսուցիչները:
Ուսուցիչն մնայուն ուսանող է իր ասպարէզի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին: Ուսանիլը միայն համալսարանականին մենաշնորհը չէ. կեանքի ամբողջ ընթացքի մնայուն ընկերն է ուսուցիչը:
Ուսուցիչը պարտի ծրագրել իր աշխատաքը, գիտնալ ուսուցանելու եղանակը, հայթայթել ուղղութիւններ եւ բացատրութիւններ իր դասաւանդած նիւթին, նախատեսել թէ ինչ չափով եւ ինչ արագութեամբ պիտի ընթանայ իր դասընթացքը, ուսուցման մեթոտաբանութիւնը, որ անծանօթ էր Սփիւռքի նախորդող սերունդներուն, հետզհետէ աւելի խոր արմատներ կը նետէ մեր իրականութեան մէջ: Այնուամենայնիւ, կայ տակաւին այն մտայնութիւնը ըստ որուն ուսուցիչը գիտելիքներու շտեմարան մըն է պարզապէս. իրողութիւն մը, որ կ՝անտեսէ ուսուցիչին հոգեբանական-մանկավարժական պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: պէտք է անդրադառնալ, որ մենք վաղուց կը գտնուինք պատկերի քաղաքակրթութեան, ինչպէս նաեւ լսատեսողական, համակարգիչի եւ համացանցի աշխարհներուն մէջ: Ամէն գնով հետեւաբար, պէտք է ազգայնացնել այն արհեստագիտութիւնը, որուն վրայ հիմնուած է ուսուցման մեթոտաբանութիւնը:
Opmerkingen