Խնձորի Նշանակութիւնը Քրիստոնէութեան Մէջ
- Hrayr Daghlian
- Nov 6, 2015
- 1 min read

Լատիներէնի մէջ նոյն բառն է (Malum) որ կը գորածածուի թէ՛ խնձորին եւ թէ չարին համար: Այս պատճառով յառաջ եկած է այն ա-ռասպելը, ըստ որում Եդեմի պարտէզին մէջ գտնուող գիտութեան ծառը, որուն պտուղէն արգիլուած էր ճաշակել Ադամին եւ Եւային, խնձորենի մըն էր: (Ծննդոց Գ. երրորդ համար): Եդեմի պարտէզին մէջ օձին կողմէ Եւայի փորձութեանց պատկերներուն մէջ, ան (Եւան) յաճախ կ'երեւի ձեռքին մէջ բռնած խնձոր մը, զայն Ադամին մատուցանելու դիրքով:
Խնձորը կ'իյնայ ըլլալ խորհրդանիշ Քրիստոսի, նոր Ադամին, որ մարդու մեղքին բեռը առաւ իր վրայ: Այս պատճառով, երբ խնձորը Ադա-մին ձեռքին մէջ կ'երեւի, կը խորհրդանշէ մեղքը, իսկ երբ Քրիստոսի ձեռ-քին մէջ է՝ փրկութեան պտուղը: Այսպիսի մեկնութիւն մը հիմնուած է Երգ Երգոցի Բ. գլուխ 3րդ համարին վրայ.– «Իբրեւ խնձորի ի փայտս անտառի, այնպէս եղբօրորդին իմ ի մէջ ուստերաց. ընդ հովանեաւ նորա ցանկացայ նստիլ՝ եւ նստայ, եւ պտուղ նորա քաղցր էր ի կոկորդի ի-մումե: Այս մէջբերումը մեկնուած է իբրեւ Քրիստոսի:
Քանի Քրիստո՛ս է նոր Ադամը, աւանդութեան մէջ ալ Սուրբ Կոյս Մարիամ դարձած է նոր Եւան, եւ այս պատճառով խնձոր մը Մարիամի ձեռքին մէջ նկատուած է ակնարկութիւն մը փրկութեան:
Commentaires