Ս.Յակոբեանց Վանքի Նկարագրականը (614-1813)
- Hrayr Daghlian
- Nov 5, 2015
- 2 min read

Ս. Յակոբեանց վանքը կը գտնուի Երուսաղէմի հարաւարեւմտեան կողմ, պարիսպներէն ներս, Սիոն լերան բարձրունքին վրայ: Ըստ աւանդութեան վանքը կառուցուած է Յակոբոս Տեառնեղբոր տան տեղը, որուն եւ Յակոբոս առաքեալին յիշատակին կոչուած է Ս. Յակոբեանց վանք: Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրական պատրիարգական աթոռանիստ վայրերէն եղած է եւ ցայժմ է Ս Յակոբեանց վանքը: Ան ունի իր համանուն տաճառը, անոր մօտ կը գտնուի Ս. Թէոդորոսը, եւ քիչ մը հեռուն Ս. Հրեշտակապետաց վանքը իր համանուն եկեղեցիով: Ս. Յակոբեանց վանքի հարաւային կողմը կայ Ս. Փրկչի վանքը , որ կը բաժնուի քաղաքին պարիսպներով, հակառակ նոյն լերան վրայ գտնուելուն: Մայր տաճառի շուրջը, անոր կից եւ անորմէ բացուող մուտքերով, ինը մատուրներ կան Ս. պատարագի 21 սեղաններով՝ Ս. Էջմիածնի, Գլխադիր Ս. Յակոբոսի (ուր ամփոփուած է Ս. Յակոբոս առաքեալի գլուխը), Ս. Մինասի (Ս. Մինասի եւ Ս. Սարգիս զօրաւարին նուիրուած է), Ս. Ստեփանոսի, Ս. Նշանի (այսպէս կը կոչուի, քանի որ խաչ մը պահուած է մատուռին մէջ, որ Քրիստոսի խաչափայտին մասունք եղած է), Ս. Առաքելոցի, Ս. Համբարձման, Ս. Պօղոսի եւ Ս. Պետրոսի: Իսկ հիւսիսային կողմը կը գտնուի Ս. Թորոս եկեղեցին, որ կառուցուած է հայոց Հեթում Ա. թագաւորը Մառիի ճակատամարտին զոհուած իր որդիին յիշատակին:
Ըստ աւանդութեան, քրիստոնէութեան առաջին դարերուն հիմնուած Ս. Յակոբեանց միաբանութիւնը երբ քաղկեդոնականութեան դէմ հակադրուած էր:
Ս. Յակոբեանց վանքը ունի նաեւ ժառանգաւորաց վարժարանը, որ հիմնուած է 1843-ին Ռեմելիայի մէջ որուն յաջորդող տարին կը տեղափոխուի Երուսաղէմ: Ան կը գտնուի Երուսաղէմի հայոց պատրիարգութեան տնօրինութեան ներքեւ, ուր կը պատրաստուին հոգեւորականներ:
Կը բաղկանայ երկու բաժնի.-երկրորդական վարժարան (4 տար) եւ ընծայրան (3 տարի): Երկրորդական վարժարանին մէջ կը դասաւանդուին գրականութիւն-լեզուաբանութիւն, պատմութիւն եւ գիտութիւն: Իոկ ընծայրանի մէջ կը դասաւանդուին աստուածաբանական, եկեղեցական, իմաստաիրական մեթոտներ եւ առարկաներ: Նշանաւոր դասաւանդողներէն եղած են.- Յ. Օշական, Ե.Դուրեան, Թ. Գուշակեան, Բ. Կիւլեսերեան, Ե. Տէրտէրեան, Տ. Ներսոյեան, Ն. Պողարեան:
Հակառակ այն բոլոր հալածանքներուն, նուաճումներուն եւ աւերածութիւններուն, Ս. Յակոբեանց վանքը հայու սրբատեղի, զարդարուած նկարներով, աւելի քան 500 արծաթեայ կանթեղներով, ոսկեթրուագ խաչակալներով, դարերու հնութիւն ունեցող ձեռագործներով: 1833-ին Զաքարիա Կոբեցիի ջանքերով Երուսաղէմ կ՝ունենայ իր հայկական տպարանը: Կը հրատարակուի զանազան տեսակի գիրքեր եւ այսպիսով Ս. Յակոբեանց վանքը կը յաջողի զարգացնել իր վանքին մշակոյթը: Վանքը կ՝ունենայ մեծ ձեռագրատուն մը աշխարհի երկրորդ կարգը գրաւելով[1] որ կը պարունակէ շուրջ 4000 հայերէն ձեռագիրներուն հաւագածոյ մը, կ՛ենթադրուի սկզբնաւորուած է ԺԲ. -ԺԳ. դարերու շրջանին:
1866-ին կ՛ունենայ իր սեփական մատենադարանը, որ 1929-ին կը կոչուի ՙԿիւլպէնկեան Մատենադարան՚ եւ կը դառնայ Միջինարեւելքի հիմնական մատենադարաններէն մէկը:
Komentar