top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Ի ՆՊԱՍՏ ՈՐՈ՞Ւ...

  • Հ. Տաղլեան
  • Nov 2, 2015
  • 3 min read

Արդէն իսկ բոլորիս ալ ծանօթ է համաշխարհային ոտնագնդակի ախոյեանութեան մրցոյթները, ու գիշերուայ որ ժամուն ալ որ խաղը, թրքական կամ չինական հեռուստացոյցի ալիքներէն՝ երբեք կարեւոր չէ, մարդիկ պատրաստ են ամէն բան մէկ կողմ դնելու եւ ամբողջութեամբ իրենց աչքերն ու միտքերը, հոգին եւ սիրտը նուիրելու խաղացող մարզիկներուն: Ոմանց ձայները մինչեւ վերջին աստիճան քաշուելու չափ կը կորսուին... ոմանք իրենց մազերը կը փետեն... ահագին գումարներ յատկացնելով պայթուցիկներու, խմիչքներու, զարդարանքներու եւ դրօշակներու...

Այս բոլորը ի նպաստ որո՞ւ...

Մի քանի օրեր առաջ Դիմատետրի (Facebook) վրայ տեսայ անձեր որոնք հետեւեալ գրութիւնը կրող նկարներ դրած են.- “I Can’t Keep Calm: I’m German…” “I Can't Keep Calm I'm Brazilian”... (Չեմ կրնար հանդարտ մնալ, ես Գերմանացի եմ, Ես պրազիլցի եմ...): Հաւանաբար կը սխալի՞մ... Սեւանը, Հայկը, Լեւոնը, Հրակը եւ շատ շատ ուրիշներ հայկական անուններ չե՞ն այլեւս...: Եւ կամ «եան» ով վերջացող մականունները... որովհետեւ այդ անուններով ու ազգանուններով գերմանացիներ, պրազիլցիներ, ֆրանսացիներ եւ շատ մը ուրիշ այլ երկրացիներ այս օրերուս մէջտեղները շատ կան...:

Վստահ եմ պիտի ըլլան ոմանք, որոնք պաշտպանելու համար վերոյիշեալ ցաւալի իրողութիւնը պիտի ըսեն, թէ մարզախաղերու հետեւողութիւնը օգտակար եւ հետաքրքրական զբաղում մըն է երիտասարդներուն համար: Խնդրեմ սխալ չհասկնալ: Երբեք եւ երբեք մարզախաղերու դէմ չեմ, սակայն ինչո՞ւ այդքան նուիրում այդ օտարներուն, որոնց յաղթանակով եւ կամ պարտութեամբ մենք ոչ մէկ շահ եւ կամ ոչ մէկ վնաս ունինք, սակայն կը նուիրուինք այնպէս՝ կարծէք մեր իսկական խումբը ըլլայ դաշտին մէջ վազողը:

Կը վստահեցնեմ, որ այսօր ոտնագնդակի նուիրուած շա՜տ շատեր իրենց տուներէն եւ կամ գործատեղերէն ներս հայկական Եռագոյն դրօշը անգամ չունին: Բայց անդին ունին Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պրազիլի եւ այլ երկիրներու դրօշակները: Իսկ այն անձերը որոնք ունին Եռագոյն դրօշը՝ վստահ եղէք քանակով աւելի չեն ինչքան օտար դրօշները:

Շատեր իրենց դրամները խաղի կը դնեն այս կամ այն խումբին համար, կը նուիրուին, ամէն բան կը մոռնան, կը շահին, կը կորսնցնեն... պարտութեան հետ կը նեղուին, յաղթանակի հետ կը զուարճանան ու ճամբաները ինքնաշարժներով եւ օտար դրօշակներով եւ շջակներով պտոյտներ կը կազմակերպեն...: Վստահ եղէք հայ իրականութենէն ներս օտար խումբի մը յաղթանակը աւելի փառաւոր եւ աւելի ճոխ ձեւով կը տօնուի՝ քան նոյնինքն յաղթական դուրս եկած խումբի երկրին տեղացիները: Կ'արժէ յաղթական դուրս եկող երկիրը իր նկարիչները ղրկէ Լիբանան ու յաղթութեան ցոյցերը այստեղ նկարահանուին, վստահ եղէք աւելի գրաւիչ յաղթանակ ցայտող տեսարաններ ի յայտ կու գան՝ քան բուն երկրին մէջ:

Կ'ուզեմ, որ փորձենք հետեւեալը. երբ խաղը ցոյց կու տան պոռանք, կանչենք, նետուինք, ցատկենք, ինչ որ կ'ուզենք ընենք... ու խաղէն ժամ մը ետք նայինք մեր շուրջ ու մտածենք... «խաղը խաղցուեցաւ ու վերջ գտաւ... այդքան պոռացինք ու կանչեցինք ի՞նչ փոխուեցաւ մեր կեանքէն»...: Վստահ եղէք, որ յաջորդ օրն իսկ, չըսելու համար նոյն վայրկեանին ամէն բան պիտի մնայ նոյնը: Դուք դարձեալ գործի պիտի երթաք, դարձեալ պիտի աշխատիք ու յոգնիք, մինչ այդ ձեր քաջալերած խաղցողներն ու խումբերը, իրենց գրպանները պիտի իջեցնեն միլիոններ անցնող մեծամեծ գումարներ, անոնց փոշին անգամ ձեզ ցոյց չի տալով: Հետեւաբար այս դժբախտ իրականութեան մէջ ի՞նչ շահ ունիք դուք այդքան պատրտուելով:

Մինչեւ այսօր շատեր ինծի հարց կու տան. «Ո՞ր խումբին հետ ես...»: Պատասխանս միշտ ու միշտ կը մնայ նոյնը. «Հայաստանի հետ եմ«: Շատեր այս ըսածս կը ծաղրեն, շատեր կը խնդան, սակայն պայման է խումբդ յաղթակա՞ն ըլլայ որ սիրես...: Եթէ մեկու մը մայրը կամ հայրը ոչ արուեստագէտ է, չ'երգեր, չի գծեր, չի նուագեր, բանի մը մասնագէտը չէ, զաւակները զինք պէտք չէ՞ սիրեն: Բայց գիտեմ, շատ բացառութիւններ կան ինծի պէս, որոնք իրենք եւս միշտ ու միշտ հայրենիքին հետ են: Մեզմէ քանինե՞ր գիտեն մեր Հայաստանի ոտնագնդակի հաւաքականի խաղերու արդիւնքները եւ կամ յաղթանակներուն մասին...: Այո, հաւանաբար շատ մասնագէտ չեն մեր խաղցողները, սակայն նկատի ունենանք հետեւեալ արդիւնքները, շատ հեռուները չերթալով: Անցնող տարուայ ընթացքին Հայաստան Պուլկարիոյ դէմ տարաւ 2-1 յաղթանակ, Դանիոյ (Տենմարք) դէմ 4-0 յաղթանակ, Իւզպէքիստանի դէմ 3-1, Սլովաքիոյ դէմ դարձեալ 3-1: Մարդիկ կը հիանան Իտալիոյ վրայ, ամէն բանէ վեր կը դասեն զայն... չմոռնանք, որ անցեալ տարի Հայաստանի հաւաքականը 2-2 հաւասարութիւն բերաւ Իտալիոյ դէմ, չձգելով, որ պարտուի ախոյեան ու հիանալի խումբի համբաւ ստացած իտալիոյ դէմ:

Պարզապէս կը խղճամ, երբ տեսնեմ հայ անձեր իրենց ինքնաշարժներու, իրենց պատշգամներուն վրայ հայկական Եռագոյնին փոխարէն կը դնեն ուրիշ երկիրներու դրօշակներ: Այդ երկիրները ձեզի ինքնութեան գի՞ր կու տան, դրա՞մ կու տան, ձեզի գո՞րծ կը հայթայթեն, նիւթական գումարնե՞ր կը պարգեւեն... այս ամբողջ իրարանցումը ի նպաստ որո՞ւ... այն երկրիներուն, որոնք հաւանաբար մեր Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը անգամ չե՞ն ընդունած...:

Անձնապէս դէմ չեմ խաղերուն, բայց ինչ որ ալ ընէք, ինչ խումբ ալ որ քաջալերէք, ձեր միտքը ունեցէք, որ նախ առաջ դուք հայ էք, ու իսկական հայուն համար հայութիւնը ամէն բանէ վեր ու կարեւոր պէտք է նկատուի: Օրը կու գայ... մեր մարզիկներն ալ ախոյեանութեան ճամբան կը բռնեն: Միշտ պէտք է յուսալ, որովհետեւ յոյս եւ նպատակ չունեցող մարդը՝ անօգուտ ապրող մարդ է , որ հայութեան մէջ պէտք չէ ըլլայ:


ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ



 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page