Ո՞վ Է Ուսուցիչը Եւ Ի՞նչ Է Ուսուցչութիւնը
- Կ. Յովհաննէսեան
- Oct 28, 2015
- 1 min read

Ուսուցչութիւնը, այլ ասպարէզներու է, մասնագիտութիւններու նման, կը գտնուի շարունակական փոփոխութեան մէջ: Անոր սահմանումն ալ, միւս ասպարէզներուն նման, փոխուած է ժամանակի ընթացքին: Մշակութային պատմութեան իւրաքանչիւր շրջանի եւ տարբեր ժամանակներու մէջ, ուսուցչութիւնը ունեցած է տարբեր սահմանում եւ իմաստ: Ուսուցչութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ երբեմն նոյն ժամանակին մէջ, բայց տարբեր երկիրներու եւ տարբեր պայմաններու տակ, ուսուցչութիւնը կը բացատրուի եւ կը սահմանուի տարբեր ձեւերով: Ասոր գլխաւոր պատճառը այն է, որ իւրաքանչիւր երկիր ունի կլիմայական, աշխարհագրական, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական տարբեր պայմաններ, ապրելու տարբեր միջավայր, մտածելակերպի, հոգեբանական ու տրամաբանելու տարբեր մօտեցումներ եւ ըմբռնումներ:
Ներկայիս, Ամերիկայի միացեալ նահանգներու մէջ, բազմաթիւ նահանգներ ունին իրարմէ տարբեր կրթական քաղաքականութիւններ, այն աստիճան որ երբեմն իւրաքանչիւր նահանգի համալսարան աւարտելու պայմանները իրարմէ բաւականաչափ կը տարբերին: Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, ուսուցչութիւնը, բոլոր երկիրներուն մէջ ալ հաւասարապէս, ունի հասարակաց կէտեր մարդկային ընկերութեան զանազան մարզերու յառաջադիմութեան նպաստող իր բարիքներով: Իրողութիւնը այն է, որ ուսուցչութիւը ասպարէզ մըն է, որ կը սովրեցնէ բոլոր ասպարէզները:
Կը հաստատենք, առանց որեւէ շեփորահարումի եւ ծայրահեղութեան, որ ուսուցչութիւնը աշխարհի դժուարագոյն ասպարէզներէն մէկն է, իսկ ինձի համար` դժուարագոյնը: Միայն իրաւ ուսուցիչն է, որ գիտէ թէ ի|նչ կը նշանակէ ուսուցիչ ըլլալ եւ ուսուցչութիւն ընել:
Comments