Եկեղեցւոյ Մէջ Երգե՞լ, Թէ Կարդալ
- Hrayr Daghlian
- Oct 28, 2015
- 2 min read

Հայ Եկեղեցւոյ աստուածային պաշտամունքը՝ իր այլազան մասերով կը կազմէ ներդաշնակութիւն մը, որուն արտայայտութիւնը իր հոգեւոր նպատակին հասցնելու համար՝ բացարձակ պայմաններ կան. այսինքն հասկացողութիւն պէտք է, յարմարութիւն եւ կարողութիւն պէտք է, ջանք եւ խնամք պէտք է, վերջապէս հոգեւոր եռանդ եւ բառեպաշտութիւն պէտք է:
Պաշտամունքի մասին հասկացողութիւնը կարեւոր է. որովհետեւ երբ եկեղեցւոյ պաշտօնեան չի գիտեր պաշտամունքի բնութիւնը, նոյնիսկ իսկական արժէքը, կարելի չէ որ կատարէ զայն պէտք եղածին պէս:
Պաշտամունքի կատարման համար պէտք է որ պաշտօնեան յարմարութիւն եւ կարողութիւն ունենայ: Մէկը կրնայ լաւ երգող մը ըլլալ, բայց, զոր օրինակ. յարմարութիւն չþունենար լաւ ընթերցումի. ուրիշ մը կրնայ յարմարութիւն ունենալ, բայց չի կրնար ի գործ դնել իր յարմարութիւնը, ապարդիւն է իր պաշտօնը: Յարմարութիւն եւ կարողութիւն տարբեր յատկութիւններ են, եւ յարմարը միշտ կարող չէ, ոչ ալ կարողը՝ յարմար: Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան եւ պայծառութեան համար թանկագին ոյժեր են յարմար եւ կարող պաշտօնեաները:
Հոգեւոր եռանդն ու բարեպաշտութիւնը անհրաժեշտ են պաշտօնեաներուն համար, որպէսզի պաշտամունքը դադրի պարզ արարողութիւն մը ըլլալէ, եւ ըլլայ ազդեցիկ եւ շինիչ ուժ մը, ներքին նորոգութեան մը օծութիւններով լեցնելու համար հաւատացեալներու հոգեկան աշխարհը:
Ցաւալի է որ, մեր եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունքի ներդաշնակութիւնը խանգարուած է, որովհետեւ պաշտամունքի այլազան մասերը, մա՛նաւանդ ինչ-ինչ մասերը բոլորովին հեռացած են իրենց գործադրութեան յարմար ձեւերէն եւ հաստատուն կանոններէն, եւ ենթարկուած են քմահաճոյքի եւ տգիտութիւններու ազդեցութեանց:
Ստոյգ է որ, եկեղեցւոյ մէջ բարձր ձայնով կարդացուած ոեւէ աղօթք կամ գիրք բնական եղանակ մը կþունենայ, բայց այսչափ միայն եւ ոչ աւելի. որովհետեւ աւելին զեղծում մըն է: Մեր երանաշնորհ նախնիները՝ եթէ առանձին հրահանգներ կամ խրատներ չեն կտակած մեզ՝ ցոյց տալու համար աղօթքներ եւ ընթերցուածներ կարդալու եղանակները, բայց ողջմտութիւնը ամենէն յայտնի կտակն է մեզի տրուած՝ տեսնելու համար թէ մեր եկեղեցական գիրքերու մէջ կան որոշակի նշաններ այս մասին, օրինակի համար, բացէք Ժամագիրքը եւ պիտի տեսնէք, որ աղօթքներու վրայ ոեւէ խազ չկայ, ընդհակառակը այլ եւ այլ խազեր կան սաղմոսներու երգերու եւ մեղեդիներու վրայ: Ճաշոցի մէջ ալ նոյնպէս չէք գտներ ոեւէ խազ այն բոլոր ընթերցուածներու վրայ, որոնք այսօր պարզապէս երգուելու աստիճան կը քաշքշուին եւ կը ծեքծեքուին: Պատարագամատոյցի աղօթքներն իսկ, որոնք պէտք է որոշ չափով մը ներդաշնակին պատարագի երգերուն հետ, չեն խազագրուած, մինչ սարկաւագներու եւ դպիրներու ինկած մասերը խազեր եւ նշաններ ունին:
Պաշտամունքի ներդաշնակութեան մէջ, իւրաքանչիւր մաս իր պայմանին մէջ պէտք է կատարուի: Եթէ պաշտամունքը ծայրէ ծայր պարզ աղօթքներէ, սաղմոսերգութենէ, երգերէ կամ քարոզներէ բաղկացած ըլլար, անհանդուրժելի պիտի ըլլար: Բայց քանի որ այս բոլորին ներդաշնակութեամբ յօրինուած է պաշտամունքը՝ պէտք է պահել անոր այլեւայլ մասերուն նկարագիրը: Պարզ կարդալու յատկացուած աղօթք մը՝ պէտք չէ երգել, պէտք չէ արուեստակեալ ձայներով եւ եղանակներով պղծել ու եղծել զայն:
Ոմանք կը կարծեն, թէ պաշտամունքին արուեստակեալ ձայներով ու ձեւերով կատարումը հին օրէնք է, նոյնիսկ Լուսաւորչէն մնացած բաներ են: Ո՛չ, երբեք: Կը նշանակէ թէ այսպիսիները գաղափար իսկ չունին պաշտամունքի պարզութեան, գեղեցկութեան եւ վայելչութեան մասին: Բացարձակապէս պէտք է վտարել ամէն արուեստականութիւն եւ կեղծութիւն աստուածային պաշտամունքէն, այսինքն ծեքծեքուած ընթերցումները, արուեստակեալ ձայներն ու ձեւերը, չափազանցութիւնները եւայլն, որոնք բացարձակապէս կþեղծանեն պաշտամունքի պարզութիւնը եւ կտոր-կտոր կþընեն անոր ազդեցութեան շինիչ լարերը:
Այսօր, իւրաքանչիւր նախանձախնդիր եւ բանգէտ կը խոստովանի՝ թէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ոչ միայն խանգարուած, այլ նոյնիսկ կորսուած է իրեն յատուկ երաժշտական արուեստը: Ասոր հակառակ շատեր ալ կան, որոնք կը կարծեն որ այս է եկեղեցական երաժշտութիւնը. բայց կը սխալին: Պէտք է յստակ ըլլայ, որ երաժշտութիւնը եթէ հաւատացեալներուն հոգեւոր տենչը արծարծելու չի ծառայեր, եթէ աստուածային շնորհքներու օծութիւններով չþողողեր աղօթող բազմութիւնը, կը դադրի երաժշտութիւն ըլլալէ:
Comments