top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Ուսուցչութիւնը Որպէս Արուեստ

  • Կ. Յովհաննէսեան
  • Oct 23, 2015
  • 1 min read

Ուսուցչութիւնը դերասանութեան բան մը ունի իր մէջ-աչքի, յօնքի, ձայնի խաղեր կ`ենթադրէ, որոնց մէջ անխուսափելիօրէն կայ արուեստի հասկացողութիւն մը: Սակայն դերասանութիւնը վտանգաւոր երեւոյթի մը կը վերածուի` երբ կը խաղաս խաբելու սիրոյն: Նիւթը, որուն մասին կը խօսի ուսուցիչը, կը պահանջէ դերասանութիւն: Դերասանութիւնը արուեստ է, բայց խաբող է: Ուսուցչութիւնը դերասանութիւն է, բայց երբեք խաբող չէ: Երբ աշակերտին առջեւ բան մը կը բացատրէք առանց վստահ ըլլալու անոր, ասիկա խաղ կըլլայ, խաբող բան մը կունենայ իր մէջ, որմէ պէտք չէ տարուիլ երբեք:

Եթէ ուրիշ ձեւով ուզենք ներկայացնել հարցը, ուսուցչութեան սահմանումին մէջ կը մտնէ գեղեցիկին ճաշակը (իմա արուեստի ճաշակը): Գեղեցիկը նախ ճշմարիտ է: Ճշմարտութիւնը գեղեցիկն է, որ ճշմարիտ է: Ճշմարտութիւնը իրականութեան հաստատումն է մարդկային միտքին կողմէ: Գեղեցկութեան ապրում մը կայ, որ տանելի կը դարձնէ կեանքը: Երեխան պէտք է սորվի գնահատել գեղեցիկը: Փիկասօն գեղեցի՞կ է. դասական ըմբռնումով` ոչ: Ասիկա գեղեցկութեան նոր սահմանումն է: Պէտք է տալ նախ գեղեցկութեան դասական սահմանումը. պատանի աշակերտին տարիքը կարելիութիւնը չունի ընկալելու գեղեցկութեան արդի սահմանումը եւ հասկացողութիւնը:

Գեղեցկութիւնը կամ արուեստը աշակերտին մէջ կը մտնէ բացուելու ձեւով: Պէտք է բանալ աշակերտին միտքի հորիզոնը: Պէտք է բացատրել բնութեան անսահման ըլլալու իրողութիւնը, որուն ճամբով` մարդկային միտքին անսահման ըլլալու հարցը: Հսկայ տարածութեան մէջ կը կորսուի մտերմութիւնը:

Մեր իրականութեան մէջ հայը պէտք է հայուն դպչի, որ հայ ըլլայ: Յառաջապահ ժողովուրդ մը եղած ենք մենք:

Այսօր ալ պէտք է արթուն ըլլանք եւ առջեւեն քալենք: Վտանգաւոր է հայուն կեանքը այսօր: երբ մեծ ժողովուրդները կրնան դանդաղ քալել (թէեւ այնպէս չեն), բայց մենք չենք կրնար դանդաղ քալել:







 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page