Աստուած չապաշխարած մարդուն աղօթքին կը պատասխանէ՞
- Վաղինակ Վրդ. Մելոյեան
- Oct 23, 2015
- 2 min read
Աստուած չապաշխարած մարդուն աղօթքին կը պատասխանէ՞:
Պատահեցաւ անգամ մը, երբ Ամերիկայի մէջ ապաշխարութեան մասին կը խօսէի՝ կին մը ինծի ըսաւ. «Ես առանց որ ապաշխարած ըլլամ՝ Աստուած իմ աղօթքներուս կը պատասխանէ»: Մեր մէջ շատ մարդիկ կան որոնք կը կարծեն որ Աստուած անապաշխար եւ անզիղջ մարդոց աղօթքներուն նաեւ կը պատասխանէ:
Թոյլ տուէք հետեւեալը ըսեմ եւ կարելի եղածին չափ յստակ: Աստուած անզիղջ եւ անապաշխար մարդոց աղօթքներուն երբեք չէ պատասխանած եւ չի պատասխաներ: Եթէ անապաշխար մէկը պիտի ուզէ օրինակ մը տալ ինծի թէ ինչպէս Աստուած իր մէկ աղօթքին պատասխանած է, ես պիտի ուզեմ յիշեցնել իրեն եւ բոլոր անապաշխարներուն, որ Աստուած իր աղօթքին չէ որ պատասխանած է, այլ պատասխանած է աղօթքին ու բարեխօսութեան այն սուրբերուն եւ այն հրեշտակներուն՝ որոնք անդադար կþաղօթեն անապաշխար մարդոց ապաշխարութեան եւ փրկութեան համար:
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ անապաշխար մէկն ես, կþուզեմ հարց տալ քեզի, գիտե՞ս թէ քեզի համար որքա՜ն հրեշտակներ կþաղօթեն ու կը բարեխօսեն, գիտե՞ս թէ քեզի համար որքա՜ն աշխատանք կը տանի ու կþաղօթէ քու պահապան հրեշտակդ, գիտե՞ս թէ աշխարհի մէջ անհաշիւ թիւով հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր կան որոնք կþաղօթեն քեզի նման անապաշխար մարդոց դարձին համար: Գիտե՞ս թէ երկինքի մէջ որքա՜ն սուրբեր, արդարներ, մարգարէներ, առաքեալներ կան որոնք յարատեւօրէն կþաղօթեն քեզի համար: Ուստի, երբ քու մէկ խնդրանքդ կը ստանաս, գիտցի՛ր որ քու աղօթքդ չէ որ պատասխանուած է, այլ աղօթքը այն հրեշտակներուն, սուրբերուն, արդարներուն, հաւատացեալներուն՝ որոնք ցերեկ գիշեր քեզի համար աղաչանք ու խնդրանք կը մատուցեն Աստուծոյ:
Աստուած անոնց սիրոյն համար է որ երբեմն քեզի կը պատասխանէ, այլապէս, Աստուած երբեք պարտաւոր չէ պատասխանելու քու աղօթքիդ, մանաւանդ որ իր զաւակը չես: Ոեւէ անապաշխար մարդ՝ Աստուծոյ զաւակը չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Աստուած խորթ զաւակներ չունի: Կա՛մ Աստուծոյ հարազատ զաւակներն ենք եւ կամ չենք:
Չմոռնանք նաեւ որ երբ Աստուած կը պատասխանէ մեր մէկ աղօթքին, ատիկա փաստ մը չէ որ մենք իր զաւակներն ենք եւ հաւատքի տէր մարդիկ ենք: Աստուած կրնայ պատասխանել մեր աղօթքին ո՛չ թէ որովհետեւ հաւատացեալ ենք, այլ՝ որպէսզի հաւատքի գանք: Ան կրնայ պատասխանել մեր աղաչանքին, քաջալերելու համար մեզ՝ դարձի գալու Քրիստոսի:

Comments