top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Կապոյտ Գոյնին Հոգեբանական Նշանակութիւնը

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Oct 22, 2015
  • 1 min read

Եթէ կ'ուզէք վստահութիւն ներշնչել հագուեցէք երկնագոյն զգեստ: Կապոյտը ոչ միայն վստահութիւն կը ներշնչէ, այլեւ յարգանքը կ'աւելցնէ ձեր անձին նկատմամբ եւ ձեւով մը ցոյց կու տայ ձեր շուրջիններուն, թէ այդ օր կը գտնուիլ լաւ հոգեկան իրաւիճակի մէջ:

Գիտական քննութիւններ կը փաստեն, որ եթէ կ'ուզես աշխատանքի պահուն արդիւնաբեր աշխատանք ունենալ, այդ պարագային պէտք է գրասենեակի պատերը ներկել կապոյտ: Փաստուած իրողութիւն է, որ կապոյտ պատեր ունեցող սրահներու մէջ մարզիկները աւելի հանգիստ եւ աշխոյժ մարզանք կ'ընեն:

Գիտութեան համաձայն կապոյտը կը մեղմացնէ ցաւն ու հիւանդութիւնները: Կապոյտը յառաջ կը բերէ միտքի եւ զգացումներու հանգստութիւն եւ պարզութիւն, սակայն երբեմն կրնայ նոյնիսկ տխրութիւն եւ անտարբերութիւն յառաջացնել: Կապոյտը կեանքի ներդաշնակութեան խորհրդանիշ է:

Գոց կապոյտը կը բնութագրէ գործնականուեան, իմաստուծեան, ինքնաիրականացումի հեղինակութեան: Գոց կապոյտը համարձակ գոյն է, իսկ բաց կապոյտը մելամաղձոտութիւն կը յառաջացնէ: Կը յառաջացնէ ներքին մտածումներ եւ մտորումներ:



 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page