Թոնդրակեցիներու Աղանդը
- Hrayr Daghlian
- Oct 22, 2015
- 2 min read

9-րդ եւ 11-րդ դարերուն ընթացքին Հայաստանի մէջ երեւան եկած էին աղանդաւոր շարժումներ, որոնց հետեւորդները ծանօթ էին «Թոնդրակեցիներ» ընդհանուր անուամբ:
Թոնդրակեցիներու շարժման հիմնադիրը եւ առաջին առաջնորդը կը համարուի Սմբատ Զարեհաւանցի, որ Յովհաննէս. Դ. Ովայեցի կաթողիկոսի օրով (833-855), Ծաղկոտն գաւառի Ջարեհաւան գիւղէն տեղափոխուելով կուգայ Թոնդրակ, եւ կը սկսի իր քարոզչախօսութեան:
Թոնդրակիցներու աղանդը, ձեւափոխուած շարունակութիւնն էր Պաւղիկեաններու շարժումին:
Թոնդրակեցիներուն մէջ կային երեք ճիւղաւորումներ:
Ոմանք հարազատ շարունակողներն էին Պաւղիկեաններուն, այնսինքն անոնք ոգեպարտ էին.
Ուրիշներ՝ բարեկարգչականներ էին: Անոնք դէմ էին եկեղեցական արարողութիւններու, քահանայական զգեստաւորման, եւ կրօնական աստիճանաւորումներու:
Երրորդ խումբի Թոնդրակեցիները, դէմ էին Աստուծոյ գաղափարին: Անոնք կը գտնէին որ եթէ նոյնիսկ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց Ան չի կրնար կամ չ’ուզեր միջամտել, մարդոց գործերուն ու չարիքներուն արգելք չի հանդիսանալու համար:
Սմբատ Զարեհաւանցի եւ անոր հետեւորդները դէմ հալածանք սկսած են ոչ միայն Հայ եկեղեցական եւ աշխարհիկ ղեկաւարներու, այլ նաեւ Մանազկերտի Արաբ էմիր Աբուլ բարդիին ալ: Ասիկա կը խօսի այն մասին, թէ Թոնդրակեցիներու շարժումը կրօնական ըլլալէն բացի, ունէր նաեւ Սոցիալական բնոյթ: Այբ հալածանքներուն պատճառաւ, հաւանաբար, Թոնդրակեցիները սկսած են գաղտնի պահել իրենց ուսմունքը ու ամփոփել փակ համայնքներու մէջ: Ան իր վարդապետութիւնը քաղած է կ’ըսուի Մրջուսիկ անունով Պարսիկ բժիշկէ մը, որ աստղաբախշ մոգ մըն էր:
Թոնդրակեցիները լայն ծաւալ ստացած են Հայաստանի մէջ: 10-րդ դարուն, այնքան տարածուած են, որ Անանիա Մոկացի կաթողիկոսը (943-965), ժամանակի հռչակաւոր գիտնական Անանիա Նարեկացիին պատուիրած է, որ Թոնդրակեցիներու դէմ գրի առնէ անոնց մոլութիւնները: Դժբախտաբար, Անանիայի գրածը չէ յայտնաբերուած, այլապէս անիկա լաւագոյն աղբիւրը պիտի համարուէր Թոնդրակեցիներու ծագման եւ ուսմունքի մասին:
Թոնդրակեցիներու գաղափարախօսութիւնը հիմնուած է եկեղեցւոյ քահանայութեան եւ եկեղեցական կարգերու մերժումին վրայ: Ասոր համար, ժողովուրդը մոլորեցնելու նպատակով, Սմբատ Զարեհվանցին եւ իր յաջորդները, եկեղեցւոյ արտաքսուած եպիսկոպոսները ձեռամբ հոգեւոր պաշտօնեանները կը ձեռնադրեն, եւ այլ եկեղեցական կարգեր կը կատարեր:
Այս պատճառով շատեր չէին կրցած ըմբռնել Թոնդրակեցիներու աղանդաւորութիւնը: Այդպիսիներն էին, օրինակ, Մուշեղ վարդապետը, եւ Կճավա վանքի վանահայրը, որոնց Թոնդրակեցիներու սխալները ցոյց տալու համար Ս. Գրիգոր Նարեկացին գրած է՝ Թոնդրակեան աղանդը գաղափարախօսութեան ուսումնասիրութեան համար եզակի նշանակութիւն ունեցող թուղթ մըն է:
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի թուղթին մէջ Թոնդրակեցիները կը մերժէին հետեւեալները.-
1. Ձեռնադրութիւնը, այսինքն՝ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը.
2. Հաղորդութիւնը.
3. Մկրտութեան խորհուրդը.
4. Տերունական Կիրակի օրը, եւ այդ օրը համարուած էր միւս օրերուն համարժէք.
5. Ծնրադրութիւն.
6. Մկրտութեան աւազանը.
7. Մատաղը.
Անոնք կը քարոզէին.
1. խառնակ կեանք եւ մղծնէութիւն.
2. Կ’անարգէին խաչը.
3. Կը քարէզէին մարդապաշտութիւնը.
4. Պաշտօնապէս կը մերժէին քահանայութիւնը.
5. Կը քարոզէին ազատ սէր.
6. Իրենց աղանդի գլխաւորին քրիստոս կ’անուանէին.
Թոնդրակեցիներու գաղափարախօսութեան մասին արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ Գրիգոր Մագիստրոսի նամակները:
Գրիգոր Մագիստրոս եղաւ անոնց դէմ գլխաւոր պայքարողը: Ան իր թուղթերուն մէջ անարգալից բառեր գործածէր է աղանդին համար: Մագիստրոս երբ իր զինու զօրութեամբ մտաւ Թոնդրակ, նախ այդ շրջանը անուանեց, Շնավանք, եւ շարունակեց ըսելով «Ուր բնակեալ էին արք հանդերձիւք կրօնաւորաց, եւ կանանց բազմութեան բոզից». Այս անարգալից խօսքերով մտաւ Թնդրակ բնակավայրը:
Թոնդրակեցիները շուրջ 300 տարի փոթորիկստեղծեցին ոչ միայն Հայաստանի մէջ այլ Բիւզանդիոնի մէջ: Նոյն անձը Գրիգոր Մագիստրոս իշխանը, տեսնելով անաստուած Թոնդրակեցիներուն գործած աւերը հաւատացեալներու կեանքի մէջ, զէնքի ոյժով ու բռնութեամբ ջաջխջախեց զանոնք եւ կանգուն պահեց Հայ եկեղեցին:
Comentários