top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Սեւ Գոյնին Հոգեբանական Նշանակութիւնը

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Oct 19, 2015
  • 1 min read

Սեւ գոյնը հաւակնոտութիւն կ'ենթադրէ: Եթէ մենք տեսնենք սեւ հագած տղամարդ կամ կին, եւ կամ սեւ ինքնաշարժ, ենթագիտակցօրէն անոնք մեզի համար կը դառնան աւելի ծանրակշիռ: Թերեւս այդ է պատճառը, որ մեծահարուստ անձերու ինքնաշարժները, ինչպէս նաեւ անոնց հագուստները մեծաւ մասամբ սեւ գոյնի են: Սակայն սեւը ոչ միայն հեղինակութիւն եւ ծանրակշռութիւն կը ներկայացնէ, այլեւ կրքոտ բնաւորութիւն:

Մարդիկ, որոնք կը նախընտրեն սեւ գոյնը առեղծուածային են: Անոնք անգիտակցաբար կ'ուզեն գրաւել շրջապատի ուշադրութիւնը, քանի որ սեւ գոյնը հետաքրքրիր է եւ ինչ որ հանելուկ մը ունի իր մէջ: Սեւ գոյնը սիրողները լեցուն են կրակով ու կիրքով: Եթէ մարդ ամբողջութեամբ սեւ հագած ըլլայ, այդ կը նշանակէ որ կեանքի մէջ կայ կարեւոր պակաս մը, որ ինք հանգիստ ու բաւարարուած չէ: Սեւ հագուելով մարդ ինքզինք կը պատշպանէ այդ տհաճութենէն եւ կը փորձէ թաքցնել այդ մէկը:




 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page