Ճիւղահամար Կամ Պորտ
- Hrayr Daghlian
- Oct 3, 2015
- 1 min read

Ժողովրդային բացատրութեամբ ճիւղահամարի աստիճաններուն պորտ կ'ըսեն:
Պորտ կը նշանակէ մէկու մը միւսէն ծնած ըլլալը, իսկ ճիւղահամարի մէջ՝ ծնունդն է. քանի՛ ծնունդ՝ այնքան պորտ կայ, այնքան աստիճան կայ: Օրինակ՝ հայրը Անդրանիկ, որդին Հայկ, կ'ընէ մէկ ծնունդ, առաջին աստիճան: Հայկ եւ Մարի, որոնք Անդրանիկի զաւակներն են եւ իրարու եղբայր եւ քոյր են, կըհաշուուին երկու ծնունդ. եղբայր եւ քոյր՝ երկրորդ աստիճանի ծնունդ են:
Հայկի զաւակ Կարապետ, Մարիի զաւակ Լուսին՝ չորրորդ աստիճանի ծնունդ են, հետեւաբար Կարապետ եւ Լուսին իրարու հետ չեն կրնար ամուսնանալ:
Հայկի թոռը՝ Աւետիս կրնայ ամուսնանալ Լուսինի հետ, որովհետեւ հինգերորդ աստիճանի ծնունդ են:
Ներկայիս Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդաւով, արտօնուած են ազգականական հինգերորդ, եւ խնամիական չորրորդ աստիփաններու պսակները:
«Այսու Հայրապետական կանոնական կոնդակաւս հաստատեմք եւ տանք իրաւունս կատարելոյ յետ այսորիկ զպսակս ի հինգերորդ աստիճանի արենակցութեան եւ ի չորրորդ աստիճանի խնամութեան:
Իսկ պսակաց հոգեւոր ազգականաց՝ կնքաւորաց եւ սանուց. վերացուցանեմք զամենայն արգելս, տալով իրաւունս կատարելոյ զպսակս այնպիսեաց» (Կոնդակ, 1922 Նոյեմբեր 11):
Kommentare