Արամ Արման եւ անոր «Ինչ որ Ըսի» բանաստեղծութիւնը
- Hrayr Daghlian
- Oct 3, 2015
- 1 min read

Բուն անունով՝ Սուրէն Պասմաճեան, ծնած է Ալեքսանտրէթ, 1923ին: Նախակըր-թութիւնը ստացած է տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ£ Ատեն մը ապրած է Հա-լէպ եւ զբաղած է ուսուցչութեամբ:
1947ի ներգաղթին կը մեկնի Հայաստան:
Գրել սկսած է քառասնական թուականներուն:
Բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն՝ «Խաչբուռ» լոյս տեսած է Հալէպ, 1945ին:
Հայաստանի մէջ իր գործերէն լոյս ընծայուած են «Հայրենիքի Եւ Սիրոյ եր-գեր» (1955) եւ «Քերթուածներ» (1965) անուն հատորները:
Մեռած է 27 Փետրուար 1994ին եւ թաղուած Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորըսթ Լոն գերեզմանատան մէջ:
Ինչ Որ Ըսի
Ինչ որ ըսի, կը խորհիմ, պզտիկ պոռթկում էր միայն,
Պզտիկ պոռթկո՜ւմ մը հազիւ, անոր համար, որ արդէն
Էութենէն բաժնելով կրցայ թուղթին յանձնել զայն
Ըւ պարպըւիլ վերջնապէս անոր մաշող խորհուրդէն:
Սէրըս ամբողջ ինքն իր մէջ եղաւ քերթուած մը շքեղ
Ու զմայլա՜նք մը խորունկ, եւ որքան ալ ուզեցի
Ու կարծեցի իսկ յաճախ զայն բառերով տալ այստեղ,
Ուժգնութենէն բառերուս մնաց միշտ վեր ու գաղտնի:
Ու իրական ցաւս անշուռտ պիտի ամէն օր այսպէս,
Իբրեւ արցո՜ւնք մը միայն աչքերուս մէջ խլըրտի,
Եւ իմանայ զայն ոչ ոք ու գուշակէ բառերէս…
Ինչ որ ըսի… Բայց կ'արժէ՞ր բանալ հոգիս բոլորին,
Երբ նորէն օր մը, աւա՜ղ, ըսուածներէն աւելի
Չըսւածներո՛ւն ծանրութեամբ պիտի աչքերըս փակուին:
«Խաչբուռ»
Comments