top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Մխիթար Գօշ Եւ Դատաստանագիրքը

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Sep 28, 2015
  • 2 min read

Մխիթար Գօշը հայ միտքի պատմութեան մէջ յայտնի է որպէս իրաւագէտ եւ առակագիր: Ան իր հիմանական կրթութիւնը ստացեր է Կիլիկիոյ Սեւ Լեռան դպրոցին մէջ: Դասաւանդեր է Կետիկի վանքին մէջ եւ ապա անոր կործանումէն ետք հիմներ է Գոշավանքը ուր եւ դասաւանդեր է:

Մխիթար Գօշը որպէս իրաւագէտ յայտնի է իր Դատաստանագիրքով, զոր գրած է ԺԲ. դարու վերջերը: ԻՐ կեանքի օրով այդ գոյծը լոյս տեսած է երկու խմբագրութեամբ:


Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքին ընդհանուր արժէքը.-

ա) Քաղաքական իմաստով անիկա կ'ընդհանրացնէր Բագրատունեաց հարստութեան փորձը, հիմք կը հանդիսանար Կիլիկիան պետութեան կազմակերպման եւ ընդհանրապէս հայ պետական մտածողութեան զարգացման:

Ինչպէս մենք գիտենք, վերածնունդի ժամանակաշրջանին, գիտնականներուն մեծ մասը կ'ընդգծէր կեդրոնական ուժեղ միապետութեան, թագաւորութեան կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը: Այս մտածողութիւնը իրաւականօրէն արտայայտելու, մշակելու գործին մէջ մեծ դեր կը խաղայ Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքը:


բ) Դատաստանագիրքը դժբախտաբար պետական կիրարում չգտաւ որպէս ամբողջութիւն, սակայն ատիկա այս կամ այն ձեւով կիրարկուեցաւ, իրականացաւ հայ կեանքին մէջ:

  1. Գունտստապլը երբ կազմեց Կիլիկիան թագաւորութեան Դատաստանագիրքը, ամբողջութեամբ հիմնուեցաւ Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքին վրայ, անկէ վերցնելով բազմաթիւ սկզբունքներ:

  2. Որոշ հայկական գաղութներու մէջ անիկա կիրարկուեցաւ պետական իշխանութիւններու կողմէ արտաշխարհի հայկական գաղութներուն հարցերը քննարկելու ժամանակ: Լեհաստանի թագաւորը զայն ընդունեց որպէս լեհահայերու օրինագիրքը: Նոյն բանը եղաւ Աստրախանի եւ Խրիմի մէջ:

  3. Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ վրացական ու ռուսական օրէնսգիտութեան վրայ, անկէ արտագրուեցան բազմաթիւ օրէնքներ:

գ) Մինչեւ Մխիթար Գօշի այս գիրքը հայերս չունէինք քաղաքացիական, աշխարհիկ օրէնսգիտութիւն: Մինչեւ այդ ժամանակ եղածը կանոնագիրքեր էին, ուր ամէն ինչ հիմնուած էր մեղքի եւ ապաշխարութեան ըմբռնումներուն վրայ. չկար յանցանքի եւ պատիժի ըմբռնում:

Վերածնունդը, ինչպէս ամէնուրեք, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ ստեղծեց նոր յարաբերութիւններ, քաղաքային կեանք, ընդգծեց աշխարհիկ կեանքին նշանակութիւնը: Այս պատճառով ալ ամէն տեղ սկսաւ ծնիլ, մշակուիլ քաղաքացիական օրէնսգիտութիւն, հենուելով հռոմէական ու Բիւզանդական օրէնքի վրայ: Նոյնը կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ: Սակայն Մխիթար Գօշը աւելի նուազ ազդուեցաւ հռոմէականէն: Անիկա աւելի հաշուի առաւ հայկական կեանքին ինքնուրոյնութիւնը, սովորութիւնները:

Այդ ժամանակի Եւրոպայի օրէնսգէտները աւելի Բիւզանդական՝ Յուստինեան օրէնքներու մեկնողներ էին եւ ո՛չ թէ օրէնսդիրներ: Մխիթար Գօշը մեկնող չէր, այլ՝ օրէնսդիր:


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page