top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Բաց Նամակ Ստեփան Փարթեամեանին

  • Հրայր Տաղլեան
  • Sep 23, 2015
  • 3 min read


Սիրելի Ստեփան,

Թէեւ քու մէկ արտայայտութեանդ դէմ քննադատական յօդուած մը գրած էի, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր որ ամբողջութեամբ քու դէմդ եմ: Արդար գտնուիմ, հազիւագիւտ... ժամանակ առ ժամանակ ճիշդ ու տրամաբանական բաներ կ'ըսես, սակայն ըսեմ թէ ինչն է պատճառը որ ժողովուրդը քեզ կ'ատէ: Նոյնիսկ եթէ սիրողներ կան դուն ալ գիտես որ անոնք փոքրամասնութիւն են քեզ ատող մեծամասնութեան հետ բաղդատելով:

Քու հիմնական ու ամենամեծ սխալդ հետեւեալն է: Խօսքերդ ընդհանրապէս հիմնաւորուած չեն տրամաբանութեան վրայ: Օրինակ կ'ըսես «հոգեւորականները կամ հոգեւոր կեանքի հետեւողները ապուշներ են» այդ մէկը ինքնին ապուշութիւն կը սեպուի, գիտե՞ս ինչու... որովհետեւ տրամաբանական ոչ մէկ ժայռի վրայ հիմնուած է այլ օդին մէջ խօսք է: Աստուծոյ եւ հաւատքի մի հաւատար, իրաւունքդ է, սակայն այդ մէկը մարդկային ու տրամաբանական կ'ըլլայ երբ դուն քու տեսակէտդ չհաւատալուդ նկատմամբ տրամաբանականօրէն ներկայացնես.... այսինքն ըսես չհաւատալ, որովհետեւ.... այսպէս կամ այնպէս է, սակայն տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ, որպէսզի վերջաւորութեան լսողը կամ կարդացողը ի՛նք ըսէ որ «հոգեւոր կեանքը ապուշութիւն է»:

Օրինակ քեզի քննադատութեանս մէջ երբեք քու մասիդ ապուշ չըսի, այլ ձգեցի որ ընթերցողը ինք եզրակացութեան հասնի թէ այդ սուրբերը ապուշ են թէ ոչ այդ արտայայտութիւնդ:

Յուսամ մտահորիզոնդ լայն բանաս ու հասկնաս այս ըսածներս: Երբեք պախառակելու կամ կռուելու նպատակով չէ որ կը գրեմ, այլ հանդարտութեամբ ու մարդկութեան սահմաններէն ներս լրջութեամբ մտածես ըսելով:

Մի՛ հաւատար, երբեք քեզի դէմ չեմ, որովհետեւ ամէն մէկը իր տրամաբանութիւնը ունի, սակայն ո՛չ ես քեզ ապուշ կոչեմ, ոչ դուն ապուշ կոչէ, այլ ես տրամաբանութեան սահմաններէն ներս քեզի բացատրեմ թէ ինչու կը հաւատամ առա՛նց քեզի դպնալու դուն ալ բացատրէ ինչու չես հաւատար առանց ինծի դպնալու:

Անցեալի մեծ փիլիսոփաներ երբ իրար հակառակ կարծիքներ կ'ունենային երբեք դուն էշ, ապուշ, կամ տխմար այդ արտայայտութիւններով չէին դիմեր իրար, որովհետեւ իսկական քաջութիւնը եւ յաղթանակը միտքի եւ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ է:

Օրինակը տամ հետեւեալ ձեւով. Անձ մը 1+1=3 կ'ըսէ ու այդպէս կը հաւատայ դուն ալ կ'ըսես «3 ըսողներդ ապուշներ է՛ք....» եւայլն: Բայց երբ ելլես մարդկայնօրէն ըսես սիրելիս 1+1=3 չի կրնար ըլլալ որովհետեւ 1-ին վրայ երբ 1 դնես կ'ըլլայ երկու: Տրամաբանութիւնը այս շրջագիծին մէջ կը խաղայ:

Կրնայիր շատ աւելի հասուն, լաւ ու յարգուած տեղ հասնիլ տրամաբանութեան շրջագիծին մէջ կատարելով քննադատութիւններդ, քան անասնական ու ճիշդ արաբական ոճերը գործելով հայհոյես կամ վիրաւորես այս կամ այն անձը:

Տարբար ու հակառակ կարծիք ունենալը սխալ չէ, որովհետեւ սխալ կ'ըլլայ երբ բոլորը համամիտ են նոյն եզրին շուրջ. Երբ բոլորը համաձայն ըլլան կեանքը չընդանար ու չի զարգանար: Այդ իսկ պատճառով սխալ չէ հակառակիլը, դէմ խօսիլը, սակայն միայն խօսիլը չէ... Աֆղանիստանի մէկ ծայրի գիւղը գտնուող անուսն ալ կրնայ աջէն ձախէն խօսիլ ու հակառակիլ, սակայն գոյութիւն ունի գիտակցութիւն, տրամաբանութիւն եւ յստակ գաղափարներ:

Մէկը դեղին գիրքը կարմիր կը տեսնէ... որովհետեւ գոյնի կուրութիւն ունի (color blind). Ելլելով եթէ կարմիր կը տեսնեսկոր ուրեմն էշ ես, ապուշ ես ըսես, անորմէ պակաս բան մը եղած չես ըլլար դուն, բայց տրամաբանութիւնը հո՛ն է, երբ երթաս ըսես, սիրելիս բունը այս մէկը դեղին է, բայց քանի անհանգիստ ծնած ես կարմիր կը տեսնես...:

Տարիքիս յարմար չէ նման դասեր քեզի տալը, որովհետեւ վստահ եմ որ տարիքիս կրկնապատիկէն աւելի կաս, սակայն փորձէ ի նկատի առնել այս բոլորը ու եթէ ըսածներուդ մէջ տրամաբանութիւն կայ փորձէ տրամաբանական օրէն ներկայացնել, եւ ո՛չ անտառի անասնական օրէնքներուն հիման վրայ շարժելով: Այդ ժամանակ վստահ եղիր ա՛լ աւելի պիտի սիրուիս, քան ինչ որ ես հիմա:

Անուն շահելու համար ատուիլը մեծ վարպետութիւն չէ. ամենէն դիւրին միջոցն է, սակայն վստահ եղիր հոսկէ 200 տարի ետք գերեզմանիդ տեղը անգամ գիտցող չըլլար, իսկ այն անձերը որ իրապէս աշխատած են հայութեան համար եւ մանաւանդ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ 1000 տարիներ ետք նոյնիսկ կը յիշուին թէ պատմութեան եւ թէ մարդոց միտքերուն մէջ:

Վստահ եղիր, որ առաջին կրօնի եւ հայութեան դէմ խօսողը չես. անցեալին ալ շա՜տ հակառակող մարդիկ եղած են վստահաբար, բայց այսօր անոնց ոչ անունը կայ եւ ոչ յիշատակը եւ ոչ ալ գերեզմանը:

Հետեւաբար գրէ՛, հակառակիր, համարձակ խօսիր, բայց միշտ ու միշտ տրամաբանութիւնը հետդ ունեցիր ո՛ւր ալ ըլլաս:

Ես կը հաւատամ խնձորը քառակուսի է, դուն կը հաւատաս կլոր է... բայց մի մեղադրեր իմ քառակուսի խնձորի գոյութեան հաւատալուս, այլ փաստէ որ իրապէս կլոր է. ա՛յդ է քեզմէ պահանջուածը, այլապէս նոյն ընթացքով յիշատակդ շատ շատ 30 40 տարի է... ու ետքը մոռացութիւն եւ հող, որոշ ժամանակ յիշատակ որպէս հայատեաց ու արդէն ետքը գոյութեանդ շուքը անգամ ոչ ոք կը յիշէ:

Մտաւորականութեամբ լեցուն ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ կեանք կը մաղթեմ քեզի, իմացականութեամբ եւ դարձեալ իմացականութեամբ լեցուն:

Նամակս քու «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»ովդ պիտի չաւարտեմ, այլ Պարոյր Սեւակի գիրքի խորագրին նման պիտի ըսեմ «Եղիցի Լոյս» որովհետեւ դէպի խաւար առաջնորդուող ազգը պէտք ունի այդ լուսաւորութեան:


«Եղիցի՛ Լոյս»


Հրայր Տաղլեան


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page