Գրիգոր Լուսաւորիչէն Առաջ Քրիստոնէութիւն Կա՞ր Հայաստանի Մէջ
- Մաղաքիա Արք. Օրմանեան
- Sep 22, 2015
- 1 min read

Լուսաւորիչներուն անմիջական յաջորդ ներկայել, պատմականօրէն տարօրինակ դրութիւն մըն էր, բայց հիներուն մտադրութենէն վրիպեր էր: Յոյժ անագան, նոր վերջացած դարուն սկիզբները այդ կէտը դարմանելու գաղափարը ծագեցաւ եւ ժամագիրքերուն մէջ սկսաւ կաթողիկոսաց ցուցակ մը հրատարակուիլ, որուն մէջ Լուսաւորիչը 25-րդ անունն է, եւ նախընթաց դարերուն համար 24 անուններ յիշուած են, եւ առաքեալներու զանազան աթոռներ իրարու խառնւած են հետեւյալ կերպով (ԺԱՄ, 609):
1. Թադէոս առաքեալ,
2. Ադդէ Եդեսիոյ,
3. Եւստաթէոս Սիւնեաց,
4, Աքիաս Եդեսիոյ,
5. Թէոփիլոս Կեսարիոյ,
6. Բարթողիմէոս առաքեալ,
7. Կումսի Սիւնեաց,
8. Տուբիաս Եդեսիոյ,
9. Յուդա-Թադէոս առաքեալ,
10. Զաքարիա Արտազու,
11. Զեմենտոս Արտազու,
12. Բաբելաս Սիւնեաց,
13. Բարսումա Եդեսիոյ,
14. Մխիթար Սիւնեաց,
15. Զոթիկոս Կեսարիոյ,
16. Աղեքսանդր Կեսարիոյ,
17. Մեհրուժան Արտազու,
18. Ակակիոս Եդեսիոյ,
19. Փիրմիլիանոս Կեսարիոյ,
20. Արքեղայոս Եդեսիոյ,
21. Կղենէոս Կեսարիոյ,
22. Կոնոս Եդեսիոյ,
23. Աթանագինէս Կեսարիոյ,
24. Ղեւոնդիոս Կեսարիոյ:
Այդ ցուցակին առաջին օրինակը կը գտնենք Սալլանթեանի մօտ, 1831-ին հրատարակուած Կրօնագիտութեան մէջ, ուր հայ Եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը կը փաստաբանէ, եւ առաջին ու երկրորդ եւ երրորդ դարերու Հայ եկեղեցւոյ պատկանող առաքելական հայրերու անուններ կը քաղէ: Այդ ցուցակը 25 անուններ կը պարունակէ, որուն 19 վերի ցուցակէն են, 5 հատ կը պակսին, այսինքն Աքիաս, Տուբիաս, Զեմենտոս, Կոնոս եւ Աթանագինէս, եւ փոխարէն կը յիշուին Եղիշէ Աղուանից, Փալմա Պոնտոսի, Վլասիոս Սեբասինոյ եւ երեք անանուններ` մին Կեսարիոյ եւ երկուքը Սեբաստիոյ (ՍԱԼ, 96-99): Սալթանեանի կը հետեւի Շահխաթունեան, որ 29 անուններով ցուցակ մը կու տայ, որուն մէջ սովորական ցուցակին 24 անուններէն զատ կը յիշուին Եղիշէ Աղուանից, Վլասիոս ու Պետրոս Սեբաստիոյ, եւ Խաթ ու Դաթէ Սիւնեաց (ՇԱՀ, Ա, 145-163): Յովսէփ Ջուղայեցի քահանայ մըն ալ կը յիշուի այս տեսակ ցուցակով զբաղած (ՇԱՀ, Ա, 163), սակայն անոր գործը տեսած չենք: Ասոնց հետեւողութեամբ կազմուած է Ժամագիրքին ցուցակը, եւ սովորական կիրառութեան անցած:
Comments