Ապուշները Անմահացած - Քննադատութիւն Ստեփան Փարթամեանին
- Հրայր Տաղլեան
- Sep 20, 2015
- 4 min read
«Հաւատքի ետեւէ գացող մարդիկները ընդհանրապէս ապուշ են...»
Ստեփան Փարթամեան
Ընդհարապէս մարդիկ ունին այն հիւանդութիւնն ու տգիտութիւնը, որ երբ եկեղեցուի ըսուի իրենց միտքերը կ'ուղղուին միայն հոգեւոր կեանքի, Քրիստոսի, Աստուծոյ, Մկրտութեան խորհուրդներու եւ նման իրողութիւններու, առանց երբեք մտածելու եւ ըմբռնելու, որ մեզի՝ Հայերուս համար եկեղեցի ու վանք տարբեր բաներ եկած են քան օտարներու տաճարներն ու եկեղեցիները: Այդտեղ է որ մշակուած է մեր մատենագիտութիւնը, հոգեւոականներու ձեռքով, այդտեղ է որ եղեռնի դժուարին օրերուն մանուկներ հաւաքուած են ու դաս սորված եւ հիմա որ Եւրոպայի մէկ քաղաքը կը գտնուիմ... հայ եկեղեցին եւ հոգեւորականն է որ շաբաթական դրութեամբ կը հաւաքէ մանուկները իր հարկէն ներս, փրկելու համար զանոնք ձուլումի վտանգէն:
Եկեղեցի, բառացի առումով այն կեդրոնն է ուր հաւատքն ու հոգեւոր կեանքը կ'աճի ու կը զարգանայ, սակայն ոչ թէ նոր, այլ հին ժամանակներէն ի վեր եկեղեցին աւելի առջեւ երթալով կատարած է աւելի մեծ ու պատասխանատու գործեր, որուն փաստն են մեր անցեալի բոլոր պատմիչներն ու մատենագիրերը, որ նոյնպէս իսկութեան մէջ մեծամասնութեամբ եղած են հոգեւորականներ եւ վանականներ:
Ա.- Մեսրոպ Մաշտոց
Երբ հպարտութեամբ եւ յոխորտանքով հաւատացեալ թէ անհաւատ հայ կը խօսինք Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած հրաշալի ու անգնահատելի աշխատանքին մասին, որով կրցած ենք գոյատեւել միչեւ օրս, կը գիտակցի՞նք որ ան պատկանած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն: Պատմութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի մասին կը գրէ. «395-ին թողել է աշխարհիկ կեանքը և մտել միայնակեցութեան կարգի մէջ: Իր շուրջը հաւաքել է աշակերտներ, զբաղուել Աւետարանի ուսուցմամբ: Մ. Մաշտոց աշակերտների ուղեկցութեամբ կատարել է քարոզչական շրջագայութիւնն»: Առ այդ չէ՞ք կարծեր, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց նախկան ազգային բացառիկ դէմք ըլլալը ինք հոգեւորական դասին պատկանող անձ մըն է, եւ առ այլ գուցէ կարելի է զինք կոչել որպէս Հայր Մեսրոպ, նկատի ունենալով կուսակրօնութեան կարգ ստանալը:
Մ. Մաշտոց եւս, հակառակ իր մեծութեան, իմացական ու հայ ազգին տուած իր անչափելի ծառայութեամբ եղած է այն իմաստուն «ապուշ»ներէն, որ հետեւած է կրօնական ու հոգեւոր «ապուշութիւն»ներու:
Ապուշը, բառացի իմաստով, ըստ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի կը նշանակէ. «անմիտ, անխելք, տխմար, յիմար, խելակորոյս» (Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, էջ 172), եւ պատմութիւնը կը վկայէ, որ նման «ապուշ» անձ մը, կատարած է այնպիսի հրաշալի գործ, որով մենք կրցած են հաստատ ու կայուն պահել մեր ազգն ու մշակոյթը: Սակայն մենք եւս թերեւս կը շարունակենք Մ. Մաշտոցի «ապուշութիւն»ը, մեծարելով ու գնահատելով «ապուշ» մը, որ հակառակ իր անմտութեան, տխմարութեան ու յիմարութեան կրցած է հազարաւոր տարիներ իր անունն որ դրոշմը հաստատ պահել մեր մտածումներուն եւ հայ իրականութեան մէջ:
Բ.- Մովսէս Խորենացի
Թէեւ Մովսէս Խորենացիի մասին յստակ տեղեկութիւններ հասած չեն մեզի, սակայն պատմութիւնը յստակօրէն կը գրէ հետեւեալը. «Նորընտիր կաթողիկոս Գիւտ Ա Արահեզացու կողմից Մովսէս Խորենացի նշանակուել է Բագրեվանդի թեմակալ առաջնորդ», իսկ աւանդութիւնը կը յիշէ, թէ Մ. Խորենացի «ծերութեան տարիներին գնահատուել եւ արժանացել է մեծարանքի, ստացել է եպիսկոպոսական աստիճան», ինչ որ ինքնաբերաբար ցոյց կու տայ Խորենացիի եկեղեցական դասուն պատկանած ըլլալը: Անկախ այս իրողութենէն, Մովսէս խորենացի մանրանկարները որոնք հասած են մեզի, միշտ ալ եղած են կուսակրօնի զգեստով:
Կեանքի կենսագրութեան պակասութեան հետեւանքով դժբախտաբար անոր կրօնաւորական կեանքէն տեղեկութիւններ հասած չեն, սակայն հաստատ է այն իրողութիւնը, որ ինք եւս եղած է «ապուշ»ներու խումբէն, եւ մենք բոլորս՝ որպէս «ապուշ»ներու հետեւորդ մինչեւ օրս կը կարդանք ու կը հետեւինք Խորենացիի գրած պատմութեան, եւ եթէ այսօր մեր ժողովուրդը գիտէ իր պատմութիւնը, գիտէ իր աւանդութիւններն ու նախահայրերու կատարած հրաշալի գործունէութիւնը, ապա այդ մէկը կը պարտի «ապուշ» Մ. Խորենացիին:
Գ.- Վարդան Այգեկցի
Մեր առակագրութեան ամենամեծ դէմքերէն մին հանդիսացող Վարդան Այգեկցին, պատմական տեղեկութիւններու համաձայն «եղել է Լամբրոնի Արքեպիսկոպոս եւ Սկեւռայի առաջնորդ», ինչ որ դարձեալ հոգեւոր դասուն՝ «ապուշ»ներու խումբին պատկանելիութիւնը ցոյց կու տայ:
Վարդան Այգեկցի հեղինակ է այնպիսի առակներու, որոնք մինչեւ օրս կրցած են որոշ չափով մնալ ժամանակակից, որովհետեւ գրուած են աներեւակայելի իմաստութեամբ: Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ կարդացած է ու դաստիարակուած «ապուշ»ի մը առակներով , ուր դարձեալ վերը յիշուած մեծերուն հետ միասին անմահացուցած է զայն եւ ան իր մահէն դարեր ետք նոյնիսկ կը նկատուի հայ իրականութեան մեծագոյն մտաւորականներէն ու մտածողներէն մին:
Վարդան Այգեկցի եւս իր մանրանկարներուն մէջ պատկերացուած է որպէս կրօնաւոր իր գաւազանով եւ զգեստով:
Դ.- Մխիթար Գոշ
Մեր մատենագիտութեան մեծագոյն դէմքերէն գիտնական, օրենսդիր, դաւանաբան, մեկնիչ, մատենագիր, առակագիր, մանկավարժ Մխիթար Գոշ, իր երիտասարդ տարիքին աշակերտելով Յովհաննէս Վրդ. Տաւուշեցիին դարձած է կուսակրօն քահանայ՝ հոգեւորական կարգ, ինչ որ անմիտներու եւ յիմարներու կեդրոն կը նկատուի:
Մխիթար Գոշի իմաստութիւնն ու համբաւը իր ժամանակ այնքան շատցած ու տարածուած է, որ հեռաւոր շրջաններէ ու վայրերէ մարդիկ եկած են իր մօտ, աշակերտելու համար անոր: Անոր հեղինակութիւնը այնքան մեծ եղած է, որ ժամանակի քաղաքական ու պետական գործիչներու յարգանքն ու պատիւը վայելած է, ու իր մասին պատմուած են այնքան աւանդութիւններ, որոնց մէջ ան սրբացած է: Անոր նշանաւոր դատաստանագիրքը միջնադարին թարգմանուած են լատիներէն, լեհերէն եւ վրացերէն լեզուներով, որոնց մէջէն պետութիւններ օգտուած են կազմելու համար իրենց երկրին օրէնքներն ու կանոնները:
Նման մեծութիւն մը դարձեալ կը պատկանի «ապուշ»ներու խմբակին:
Վերոյիշեալ «ապուշ»ներու շարքին մաս կը կազմեն նաեւ Սարգիս Շնորհալի, Անանիա Թարգմանիչ, Առաքել Դավրիժեցին, Գիւտ Արահեզացի, Դանիէլ Աբեղայ, Եզնիկ Կողբացի, Զաքարիա Ձագեցի, Թէոդորոս Քռթենաւոր, Թովմա Մեծոփեցի, Կիրակոս Գանձակեցի, Յովհաննէս Օձնեցի, Մխիթար Անեցի, Մովսէս Քերթող եւ շա՜տ ու շա՜տ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ «ապուշ» ըլլալով հանդերձ կ'ապրին մինչեւ օրս իրենց գործերով ու «ապուշ»ութեամբ:
Հետեւաբար, սիրելի ընթերցող, դուն ինքդ դատէ ու զատէ «ապուշ»ը. Ապո՞ւշ է այն անձը որ հազարամեակներ իր գործով եւ գիտութեամբ կը յիշուի որպէս մեծութիւն թէ ոչ ապուշ է այն անձը.... որուն գոյութեան մասին երկրագունդի հայերու մեծամասնութիւնը անտեղեակ է նոյնիսկ...:
Մենք ազգ մըն ենք որ ապո՞ւշները կ'անմահացնենք... Երանի այն անձին որ նման ապուշութեամբ կրնայ անմահ մնալ ու իր անունը ապրեցնել դարէ՜ դար:
Բի՜ւր յարգանք մեր հայ պահող ու ազգի պարծանք ապուշներուն:
Comments