top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԻՄԱՍՏԱՍԷՐ

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Sep 18, 2015
  • 2 min read

ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն ունեցած ենք բացառիկ մտածողներ, որ ոչ միայն զարգացուցած են հին հայկական աւանդութիւնները, այլեւ յենելով անոնց վրայ շատ բնորոշ եզրակացութիւններ հանած են: Այն մտածողներէն է, որ նորութիւն մտցուցեր են հայ բնագիտական միտքի պատմութեան մէջ, գեղագիտութեան, բարոյագիտութեան, ընկերային գիտութեան, մանկավարժութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ: Որպէս փիլիսոփայ կը պահպանէ հայկական Արիստոտէլական աւանդութիւնները եւ կը ցուցաբերէ ուրոյն մօտեցում դէպի փիլիսոփայական հարցերը: Իրեն համար հարց է թէ ինչ է ստեղծագործութիւնը. արեօք հնարաւո՞ր է ոչինչէն բան մը յառաջացնել: Արիստոտէլ եւ իր նախորդ հայ մտածողները կը հաւատային թէ ամէն ինչ կը գտնուի հնարաւորութեան եւ իրականութեան շղթային մէջ: Միայն հնարաւորն է, որ կրնայ իրականութիւն դառնալ: Աստուած հնարաւորութիւնը ստեղծագործութեան միջոցաւ դարձուց իրականութիւն: Աստուծոյ կամքն էր, որ որպէս հնարաւորութիւն դարձաւ աշխարհ՝ իրականութիւն: Աստուածային մտայղացումն էր, որ որպէս հնարաւորութիւն վերածուեցաւ նիւթի՝ աշխարհի: Աշխարհը, ուրեմն, իրականացած նիւթ է: Ան կ'ընդունի չորս տարրերուն ստեղծագործութիւնը (ջուր, օդ, կրակ, հող):

Յովհաննէս Իմաստասէրի մօտ որպէս սկզբունքային հարց կայ հնարաւորութեան եւ իրականութեան հարցը: Ան կը դիտէ ամէն բան ինչպէս բնութեան մէջ, այնպէս ալ մարդկային մտածողութեան մէջ: Հնարաւորութիւնը եւ իրականութիւնը իրարու յաջորդող միասնութիւններ են: Ան կը մօտենայ նաեւ մարդու ճանաչողութեան հարցին: Երկու տեսակ ճանաչողութիւն կայ. հնարաւոր եւ իրական:

Հնարաւոր ճանաչողութիւն ըսելով կը հասնանք մարդուն իմանալու կարողութիւնը. ոչ թէ առանձին մարդու, այլ՝ մարդկութեան: Մարդ կրնայ ժամանակի տեւողութեան մէջ ամէն ինչ իմանալ: Այդ իմանալու կարողութիւնը անսահման է: Յովհաննէս Իմաստասէրը կը շարունակէ Դաւիթ Անյաղթի գիծը, կը քննադատէ ակնոսթիսիզմը: Հոն կը տեսնենք վերածնունդի պաշտամունքը մարդու բանականութեան հանդէպ:

Իմացութիւնը իրական է: Իրական իմացութիւն ըսելով կը հասնանք ինչ որ ժամանակի տուեալ հատուածի մէջ մարդիկ գիտեն: Այսինքն՝ այն թէ իրենց իմանալու կարողութիւնը որքան գործադրած են մինչեւ հիմա: Այս իմացութիւնը միշտ սահմանափակ է, թերի է, ժամանակաւոր է:

Յովհաննէս Իմաստասէրը կը տեսնէ թէ մարդու միտքի զարգացման մէջ կան երու բեւեռներու իմանալու կարողութեան անսահմանափակութիւնը եւ իմացուածի սահմանափակութիւնը: Մարդ անսահմանը կ'իրականացնէ միշտ սահմանափակի միջոցաւ: Իր ձեղափոխիչ գաղափարները հանդէս կու գան իր գեղագիտութեան մէջն ալ: Յովհաննէս Իմաստասէրը նաեւ բնապաշտ է: Անիկա մարդը դիտելով բնութեան հաղորդակցութեան մէջ, կ'ընդունի թէ մարդը փոքր է, անգիտակ է բնութեան մէջ: Բնութիւնը մարդուն ուսուցիչն է. մարդ պէտք է որ սորվի բնութենէն: Անիկա միեւնոյն ժամանակը կը բարձրացնէ արուետին ստեղծումը: Ո՞ւր էարուեստին ստեղծագործութիւնը: Այս հարցին շուրջ կ'ըսէ թր արուեստի ստեղծագործութիւնը կապ չունի բնութեան հետ: Արուեստը բնութեան նմանելու մէջն է: Արուեստի չափանիշի իրականութեան հետ ունեցած իր համապատասխանութեան մէջն է: Իրականութիւնը ընդօրինակելու եւ իրականութեան նմանելու գիծը իր մօտ աւելի կը խորանայ եւ կը վերածուի փորձի տեսակէտին:

Ի՞նչ է իրականութիւնը. ինչի՞ պէտք է որ հաւատանք, մարդուն խօսքի՞ն:

ճշմարտութիւնը պէտք չէ փնտռել բառերու մէջ. ճշմարտութիւնը իրարու մէջ է, եղելութեան մէջ է:

Հարց կը դնէ թէ հիմքը ի՞նչն է. մի՞տքը թէ իրականութիւնը, եւ կը գտնէ թէ բառերու հիմքը իրականութիւնն է: Կը շօշափէ արդիական հարց մը. միտքերու եւ այդ միտքերը արտայայտելու կապերու -նշաններու- մասին կը խօսի: Ընդունելով որ հիմքը իրականութիւնն է, կ'ըսէ թէ մենք կարող ենք հաւաստի համարել այն միտքը, որ հիմնիուած է փորձի վրայ, որ կու գայ փորձէն եւ ապացուցած է փորձով: Աշխարհի մէջ մէկ բան անսասան է, այն ալ՝ փորձը:


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page