ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ
- Hrayr Daghlian
- Sep 16, 2015
- 3 min read

Գրիգոր Նարեկացին այն փայլուն աստղն է, որ համաշխարհային գրականութեան մէջ բացաւ նոր էջ մը: Առաջինն է, որ գրական ստեղծագործութեան մէջ ներկայացուց վերածնունդի գաղափարները:
Նարեկացիի գործերն են «Երգ Երգոց»ի մեկնութիւնները, Տաղեր եւ «Մատեան Ողբերգութեան»:
«Երգ Երգոց»ի մեկնութիւններուն մէջ ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ հեղինակը անոնց միջոցաւ կ'արտայայտէ ժողովրդական ստեղծագործութիւնը եւ աշխարհիկ բանաստեղծութիւնը, ինչպէս որ իրն է:
Տաղերը կը յիշեցնեն մեզի միջնադարեան վերածնունդի նկարչութիւն: Այստեղ լեզուի գեղեցկութեամբ եւ պատկերներ շինելով կ'արտայայտուի այն, ինչ որ կայ մեր նկարիչներու գործերուն մէջ, բայց անոնցմէ շատ առաջ: Գործերը իրենց վերնագիրով կրօնական են, նուիրուած Մարիամ Աստուածածնին, Քրիստոսի ծննդեան, Յարութեան, եւ այլ նիւթերու: Բովանդակութեամբ, սակայն, անոնք յաջող փորձ մըն են դէպի իրապաշտութիւնը, կեանքը իր բազմերանգութեան ու բնականութեան մէջ ներկայացնելու համար: Կը նկարագրէ Աստուածածինը, որուն աչքերը նման են առաւօտեան ծովուն վրայ բարձրացող երկու մեծ արփիներու. յօնքերը աղեղներ են. թուշերը նռենիի վարդեր, կենսախինդ. իսկ այդ վարդի արմատները կ'իջնեն դէպի մարդկային սիրտը, ուր կը սնանին: Աստուածածնայ դէմքը ծածկուած է երկար ծամերով: Ան ունի ընդգծուած կանացիութիւն, կը քալէ հեզանքով մը թեթեւագին: Հագուստի ծալքերուն միջոցով կ'արտայայտէ իր մարմինին նրբութիւնը: Այդ կինը գեղեցիկ է ներքինով, նաեւ՝ արտաքինով, զգեստով: Նարեկացիին Աստուածածինով կինը իր կատարելութեան մէջն է:
Ուրիշ բանաստեղծութեան մը մէջ Աստուածածինը կը ներկայացուի այսպէս. մատները կարծէք իւղէ շինուած են, մարմինը՝ եղէգէ սափոր մըն է, աչքերը՝ վառող վրակ են:
Ուրիշ տեղ մը Աստուածածինը կը ներկայացուի իբրեւ սիրոյ խորհրդանիշ եւ այդ սիրոյ արտայայտութենէն կը ծնի Աստուածորդին:
Տաղերը humanismի ամէնէն ուժեղ արտայայտութիւններն են, մարդը ներկայացնել իբրեւ մարդ՝ իր բնական վիճակով: Այս տաղերը կապուած են նաեւ նարեկացիին բնապաշտութեան հետ ու Յարութեան տաղը բնութեան գովերգումն է:
Տաղերուն մէջ կը յայտնուի երկու կէտ.
Եկեղեցւոյ իր ըմբռնումը. երկինքն է երկրի վրայ եւ երկիրն է երկինքին մէջ: Եկեղեցին, բնութիւնը եւ աստուածութիւնը իրարու կը կապէ:
Հասարակ մարդու գովերգութիւնն է, որ կ'ընէ Նարեկացին: Ագարակէն իջնող սայլակ մը, եզներով քաշուած, չի շարժիր՝ ինչ որ ալ ըլլայ: Կ'ըլլէ կոպիտ կառապանը, կը շարժի սայլը:
Նարեկացիի գլուխ գործոցն է «Մատեան Ողբերգութեան»ը, ուր մարդասիրութեան գաղափարը կը հասնի գագաթնակէտին, միջնադարեան պայմաններուն մէջ: Հոն տրուած է մարդը, մարդուն կարելիութիւնը եւ մարդուն յաղթանակը: Նարեկացին ալ Տանթէի նման կը գրա եւ կ'երգէ մարդու փրկութեան եւ մեղքէն փրկուելու ձգտումին մասին: Այս տեսակէտէն Տանթէն եւ Նարեկացին իրարու նման են, սակայն կը տարբերին իրականացման ճանապարհներով:Նարեկացին ընդհանրացուած ձեւով սիւթեմի մը մէջ կը վերցնէ մարդը իր բազմաթիւ յարաբերութիւններուն մէջ եւ փրկութիւնը կը լուծէ ըստ այդ յարաբերութիւններուն: Մարդուն յարաբերութիւնները Աստուծոյ, բնութեան, մարդոց եւ ինքն իրեն հանդէպ: Այս ստեղծագործութեան կեդրոնը մարդն է, որ կտրուած չէ իր յարաբերութիւններէն:
Ո՞րն է այս յարաբերութիւններու բանալին: Կան տարբեր ճանապարհեր: Նարեկացին կը ճանչնայ մարդը ինքն իր ներհայեցողութեամբ, ամէնէն նուիրական բանը Աստուծոյ: Մարդը աստիճանաբար վերանալով, կտրուելով խաբուսիկ աշխարհէն պէտք է որ յաջողի ամփոփուիլ ինքն իր մէջ եւ ճանչնայ ինքզինք, իր բոլոր թերութիւնները եւ սահմանափակ ըլլալը: ԻՐ թերութիւնները գիտնալէ յետոյ պէտք է որ աշխատի կատարելագործել զանոնք: Բարձրանայ եւ ձուլուի Աստուծոյ հետ: Մարդը աստուածահաս է: Մարդու աստուածացման երգն է, կատարելութեան ճանապարհով: Ասիկա մարդասիրութիւն է: Բայց մարդուն ինքնակատարելագործումը հեշտ ու հանգիստ չէ, մարդու հոգիին պայճարն է, ինքն իր կասկածամտութեան դէմ:
ա) Նարեկացիին պայքարը հոգիի պայքար է. դէպքեր, դէմքեր չկան: Մարդ կրնայ առանց խոչընդոտի հաղորդակցութեան մէջ մտնել Աստուծոյ հետ:
բ) Համաշխարհային եւ հայ գրականութեան ներշնչման նոր աղբիւր բացաւ. մարդուն ներքնաշխարհը երգելը, մարդուն «ես»ը:
գ) Ներաշխարհէն դէպի Աստուած կ'երթայ: ՄԱրդուն արժէքաւորման մէջ նաեւ կը տեսնէ բնութիւնը: Բնութիւնը, իբրեւ աստուածային ստեղծագործութիւն, անիմաս եւ անարժէք չի կրնար ըլլալ. հետեւաբար չի կրնար անտեսուիլ ան: Բայց կ'ընդունի այն տեսակէտը, թէ մարդը պէտք է հասկնայ բնութեամբ, բնութիւնն ալ՝ մարդով: Եթէ բնութիւնը չըլլար, մարդուն մէջ շատ բաներ չէին ըլլար: Բնութիւնը ստեղծուեր է մարդուն համար: Մարդը կը կորսնցնէ իր արժէքը դուրս գալով այդ բնութենէն: Բնութիւնն ալ իմաստ չունի առանց մարդու: Բնութիւնը հասկնալու համար պէտք է մարդը, եւ փոխադարձաբար: Այս միասնութեան երգիչն է Նարեկացին: Այս է իր բնապաշտութիւնը: Իր անձին միչոցով, թափանցելով ներքնաշխարհը, իր խորհելու թռիչքով, ան կը միաձուլուի Աստուծոյ հետ եւ միւս կողմէ՝ բնութեան հետ: Սակայն անոր ներհայեցողութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ատով: Ինքն իր մէջ, իր միտքի եւ իր կեանքի պատմութեան մէջ, նարեկացին կը հասկնայ ամբողջ մարդկութիւնը: Նարեկացին անհատը չ'առանձնացներ մարդկութենէն, հաւաքականութենէն: Իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է ամբողջ մարդկութեան բարեկեցութեան: Մարդկութեան մեղքերը իր սեփական մեղքերն են: Ինք ոչ մէկէն գերադաս է: Իր մեղքերէն փրկուելու համար, ամբողջ մարդկութիւնը պէտք է որ փրկուի իր մեղքերէն: Ողբալով իր սեփական սահմանափակութիւնը, մեղքերը, անոնց մէջ կը միացնէ ամբողջ մարդկութեան մեղքերը եւ Քրիստոսէն կը խնդրէ, որ իր այդ նուիրումով նպաստէ ամբողջ մարդկութեան փրկութեան: Կը գրէ թէ եթէ մատեանը եւ ողբը օգնեն, որ մարդիկ կատարելութեան երթան, Աստուած հանդերձեալ կեանքին մէջ իր հոգիին խաղաղութիւն շնորհէ:
Comments