top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Զարմանալի

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Sep 15, 2015
  • 1 min read

Զարմանալի է երբ զԱստուած մեր հայրը կը կոչենք եւ Յիսուսը՝ մեր բարեկամը, եւ սակայն ուրիշին չենք ծանօթացներ զԻրենք:


Զարմանալի է երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները դժուար կ'ըմբռնենք, բայց բամբասանքները շատ դիւրաւ:


Զարմանալի է երբ 20 տոլարնոցը մեծ կ'երեւի երբ եկեղեցի կը տանիս, բայց պզտիկ երբ անով շուկայ կ'երթաս:


Զարմանալի է երբ 60 վայրկեանը այնչափ երկար կը թուի երբ եկեղեցիի պաշտամունքին կը յատկացուի եւ այնչափ շուտ կ'անցնի՝ երբ հեռատեսիլի առջեւ ես, կամ պտոյտի մէջ:


Զարմանալի է երբ շատ դիւրին կը հաւատանք օրաթերթերու լուրերուն եւ թերհաւատ ենք Աստուածաշունչի գրութիւններուն նկատմամբ:


Զարմանալի է երբ հանդէսի մը առաջին շարքերը կ'ուզենք գրաւել, իսկ եկեղեցիին մէջ վերջին աթոռները:


Զարմանալի է երբ Ուրբաթ գիշեր ըլլալիք աշխարհիկ հանդէսի մը ակնկառոյց կը սպասենք եւ սակայն անտարբեր ենք Կիրակի առաւօտեան պաշտամունքին մասնակցելու:


Զարմանալի է երբ գործի ուշ չենք ուզեր մնալ եւ սակայն եկեղեցիի պաշտամունքին կ'ուշանանք:


Զարմանալի է երբ մեր մեղքերը այնչափ պզտիկ են իսկ ուրիշներունը խոշոր:


Զարմանալի է երբ կը կորսուինք եւ մեզի ուղղութիւն տուողի մը ցուցմունքներուն վստահելով կը հետեւինք եւ սակայն աննկատ կը ձգենք Աստուծոյ մեր կեանքին տուած ուղղութիւնը:


Զարմանալի է երբ կ'ակնկալենք որ Աստուած մեր պահանջքները հայթայթէ եւ սակայն կ'անտեսենք Իր խրատներն ու պատուէրները:


Զարմանալի է երբ երկինքի մասին երգեր կ'երգենք եւ սակայն մեր սիրտը աշխարհի կապուած է:



 
 
 

Comentários


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page