ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻՆ
- Hrayr Daghlian
- Sep 14, 2015
- 1 min read

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
Նախնադարուն, մարդկային ընկերութեան մէջ բժիշկի դեր կատարած է կինը, զարմանալի չէ, որ առողջութեան պահպանման աստուածները մարմնաւորուած են կին կերպարանքով: Հեթանոս հայերը սիրոյ եւ գեղեցկութեան դիցուհի ԱՍՏՂԻԿը եւ պարկեշտութեան ու առաքինութեան դիցուհի ԱՆԱՀԻՏը կը պաշտէին իբրեւ բժշկութեան հովանաւորներ: Այս դիցուհիներուն տաճարները, որոնք կառուցուած են Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերուն՝ Բարձր Հայքի, Այրարատի, Տարօնի եւ Վասպուրականի մրջաններուն մէջ, ժամանակի ընթացքին դարձած են բուժումի կարեւոր կեդրոններ:
Տաճարներու քուրմերը, առաւելաբար հիմնուելով ժողովրդային բժշկութեան վրայ, անձնական փորձառութիւններով կը բուժէին հայկական լեռնաշխարհի բնակիչները:
Հայաստանի մէջ, բուժումի կեդրոններուն բացումը կարեւոր թափ ստացաւ Գ. եւ Դ. դարերուն, Եւրոպական բորոտանոցներու բացումէն 300 տարի առաջ, 260 թուականին, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԲՈՐՈՏԱՆՈՑԸ ԿԸ ՀԻՄՆԷ ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍՈՒՐԷՆ ՍԱԼՈՒՀԻՆԻԻ ԿԻՆԸ՝ ԱՂՈՒԻԹԱՆ,Արբենուտ կոչուող հանքային աղբիւրներու մօտ:
Մեր պատմիչներէն Փաւստոս Բիւզանդ մեծ գովեստով կը խօսի Մեծն Ներսէս կաթողիկոսի շինարարական աշխատանքներուն մասին եւ կը պատմէ թէ, Մեծն Ներսէս Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ կառուցել կու տայ բորոտներու, հաշմանդամներու եւ ցաւագարներու հիւանդանոցներ:
Հայկական ժողովրդական բժշկութիւնը գրեթէ 3000 տարուան պատմութիւն ունի, Հին դարերուն նշանաւոր էին հայկական լեռնաշխարհի դեղաբոյսերը, որոնց համբաւը տարածուած էր թէ՛ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի մէջ:
Մեր պատմիչները ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն հին հայկական բժշկութեան մասին: Պատմահայր Խորենացի կ'ըսէ, թէ Հայոց Վաղարշակ Թագաւորը (Ն.Ք. Բ. դար) Տայքի եւ Կողի ճահճահուտ շրջաններուն մէջ հաստատած է բազմաթիւ այգիներ եւ բուրաստաններ: Այդ այգիներուն եւ բուրաստաններուն մէջ, ինչպէս կը վկայէ պատմիչ Ղազար Փարպեցին, կ'աճեցուէին եւ կը մշակուէին զանազան դեղաբոյսեր:
Commentaires