top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

ՏԱԹԵՒԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Sep 13, 2015
  • 2 min read

Տաթեւի համալսարանը կը գտնուի Սիւնեաց աշխարհին մէջ, Որոտան գետի ափին: Հիմնուած է Ժ. դարու վերջերը, սակայն յայտնի դպրոց դարձած է ԺԲ.-ԺԵ. դարերուն, մօտաւորապէս երեք հարիւր տարի: Ունեցած է մինչեւ հազար ուսանող: Համալսարանի ծրագիրը բաժնուած է երեք ճիւղերու մէջ.

  1. Նկարչութիւն

  2. Փիլիսոփայութիւն-աստուածաբանութիւն

  3. Գիտութիւն


Տաթեւի համալսարանը ունեցած է շատ մեծ գրադարան: Անիկա ձգտած է ունենալ ամէն գիրք: Աւարտողները պաշտպանած են աւարտաճառեր: Անոնցմէ ոմանք հասած են մեզի, ինչպէս յոյն փիլիսոփայ Ստոյիկ Զենոնի «Յաղագս բնութեան» աշխատութեան վերլուծումը:

Տաթեւի համալսարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դասաւանդուած են ոչ միայն աշխարհիկ բազմաթիւ դասանիւթեր, այլեւ քաղաքական եւ տնտեսական գիտութիւններ: Շրջանաւարտները եղած են կրօնականներ եւ աշխարհականներ. անոնց տրուած է նոյնիսկ քարտուղարութեան մասնագիտութիւն: Համալսարանին կից եղած են արհեստանոցներ, ուր տեսականին հետ երեխաներուն տրուած են գործնական գիտելիքներ: Տաթեւի համալսարանին ուսումը տեւած է ութէն քսանութ տարի: Օրինակ, Գրիգոր Տաթեւացին քսանութ տարի աշակերտած է Յովհան Որոտնեցիին:

Տաթեւի համալսարանը եղած է Հայաստանի դպրոցական կեանքին կեդրոնն ու կազմակերպիչը: Անիկա հայկական դպրոցներուն ուղարկած է բազմաթիւ ուսուցիչներ: Յատուկ խումբերով Տաթեւականները գացած են Հայաստանի տարբեր շրջանները եւ հաստատած են դպրոցներ: Մեթոտապէս օգնած են ուսուցիչներուն. պատրաստած են ուսումնական ծրագիրներ:

Տաթեւի համալսարանը յայտնի էր իբրեւ քաղաքական շարժումի կեդրոն, յատկապէս իբրեւ հակա-ունիթորական կեդրոն: Ատիկա այն վայրն էր, ուր վերջնականապէս ձեւաւորուեցաւ եւ մշակուեցաւ հայկական նոմինալիզմը, որ սկիզբ առած էր Վահրամ Րապունիին կողմէ:

Տաթեւի համալսարանը ունեցած է բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնցմէ են՝ Յովհան Որոտնեցին (1315-1386), Գրիգոր Տաթեւացին (ԺԴ. դարու կէսէն մինչեւ 1409):

Յովհան Որոտնեցին յայտնի է Արիստոտէլի մեկնաբանութիւններով, յատկապէս անալիթիքայի մեկնութեամբ եւ «հաւաքեալ ի բանից իմաստասիրաց»: Անկասկած ան ունի նաեւ ճառեր, քարոզներ եւ այլ աշխատութիւններ: Որոտնեցին յայտնի է իր արիստոտէլականութեամբ եւ յատկապէս տրամաբանութեամբ (logics):

Յովհան Որոտնեցին նախապատրաստեց Գրիգոր Տաթեւացին, որ Տաթեւի համալսարանի ամէնէն ականաւոր ներկայացուցիչն է: Հետեւաբար, իբրեւ Տաթեւի կամ Գլաձորի դպրոցի ներկայացուցիչ, մենք կրնանք վերլուծել Գրիգոր Տաթեւացիի աշխարհահայեացքը եւ այդպիսով ընդգրկած կ'ըլլանք Որոտնեցիին ներդրումը: Անկասկած, Որոտնեցիին մօտ աւելի շատ է անմիջական փիլիսոփայական վերլուծումը: Իսկ Գրիգոր Տաթեւացիի տեսական միտքը առաւելաբար սփռուած է ճառերու մէջ, որոնք մեծ մասամբ ունին կրօնական բնոյթ:

Գրիգոր Տաթեւացին իր մանկութիւնը անցուցած է Թիֆլիսի մէջ, ուր պատահմամբ կը հանդիպի Յովհան վրդ. Որոտնեցիին: Այս վերջինը կը հիանայ երեխային մտաւոր կարողութեան վրայ. կ'որդեգրէ զայն եւ իրեն հետ կը տանի Տաթեւի համալսարանը: Գրիգոր Տաթեւացի 28 տարի կ'ուսանի Որոտնեցիին մօտ, որուն մահէն ետք կը դառնայ այդ համալսարանին ղեկավարը:

Գրիգոր Տաթեւացին հանդէս կու գայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ բոլոր ասպարէզներուն մէջ լեցուն էր հակասականութիւններով: Քաղաքական տեսակէտէն մէկ կողմէ՝ սելճուքներու, մոնկոլներու թալանը, կոտորածը, միւս կողմէ՝ Սիւնեաց աշխարհին յարաբերական ինքնուրոյնութիւնները եւ մշակութային աճը:

Եկեղեցական տեսակէտէն- հակասութիւնները կը նկատուէր հին ու նոր հոսանքներու միջեւ, եւրոպական եւ հայկական եկեղեցիներու միջեւ, Կիլիկեան աթոռի եւ Վաղարշապատի միջեւ:

Վերոյիշեալ կացութիւնը անկասկած իր կնիքը դրաւ Գրիգոր Տաթեւացիի ամբողջ մտածելակերպին եւ աշխարհահայեացքին վրայ:

Մէկ կողմէ՝ Տաթեւացին նորարար է, միտքի յեղափոխիչ, իսկ միւս կողմէ՝ կ'աշխատի պահել եղածը: Ան նկատած էր այն բոլորը, ինչ որ հին էր, կը խանգարէր ազգին եւ եկեղեցիի գոյութեան, գիտութեան զարգացման:Կը ժխտէր զանոնք ու կ'առաջարկէր նոր գաղափարներ: Այդ նոր գաղափարներով ան կը ձգտէր ամրապնդել ազգային եկեղեցական կեանքը: Կարծէք ամէն նորարարի համար յատուկ է նման հակասութիւն՝ տուեալ եւ համանման պայմաններու տակ, որովհետեւ գաղափարները որքան ալ մարդկային միտքի ծնունդ են, յամենայն դէպս ատոնք պայմանաւորուած են, սահմանափակուած են ժամանակով: Իւրաքանչիւր ժամանակ կը ծնի իր միտքը եւ մտածողը:


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page