top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Զգուղացիր խղճահարութենէ

  • Հ. Պերսինի
  • Sep 13, 2015
  • 2 min read

Զգուշացի՛ր խղճահարութենէն՝ որ արգելք է կատարելութեան: Խղճահարութիւն է՝ երբ խիղճդ շեղելով՝ խռովութիւն ստեղծէ մէջդ, կարեծլ տալով թէ յանցանք գործած ես կամ գործելու հետ ես:

Կրնայ ըլլալ որ մտքիդ մէջ Աստուծոյ մասին սարսափելի գաղափար մը կազմած ես, կարծելով որ քովդ կեցած է՝ քեզ պատժելու: Մտածէ՛ հակառակը, թէ Աստուած քովդ է՝ քեզ սիրելու եւ ներելու երբ սխալիս: Աստուած բռնաւոր չէ: Դուն քեզ մեղաւոր զգա՛, բայց նաեւ սիրուած եւ ներում ստացած մը:

Երբ փոխանակ դուն քու մասիդ շարունակ մտածելու՝ մտահոգութիւնն ունենաս շրջուներուդ եւ Աստուծոյ, դիւրաւ պիտի ազատիս ներքին խռովութիւններէդ:

Մի՛ փնտռեր քու սիրած օրէնքներդ՝ որպէսզի կարենաս հանգիստ ապրիլ. Քու սիրածդ գտնելու՝ Աստուած գտած չես ըլլար. խոնարհութեամբ ընդունէ՛ Աստուծոյ քեզի ներկայացուցած փրկութիւնը՝ եւ պիտի գտնես երջանկութիւնը:

Գուցէ խղճահար եւ ամենէ փոքր բաներու մէջ, եւ անոր քով, առանց խիղճ ընելու՝ անհնազանդ ես հոգեւոր առաջնորդիդ: Կրնայ ըլլալ առանց պատճառի դուն քեզի յանցաւոր կը նկատես եւ անոր քով կարեւորութիւն չես տար այն խօսքերուն եւ վարմունքին՝ որ ունիս մերձաւորիդ հետ, տառապեցնելով զինքը:

Եղի՛ր խղճահար՝ երբ ճիգ չըս ըներ յաղթելու խղճահարութեանդ:

Յիշէ՛ որ երկու տարբեր բաներ են զգալը եւ հաւանութիւն տալը: Կը մեղանչէ անիկա որ գիտակցութեամբ եւ ազատ կամքով կ'ընտէ չարը:

Եթէ կամք չունիս վիրաւորելու Աստուած մի՛ կարծեր թէ մեղանչած ես. երբ տարակոյսի մէջ իյնաս՝ մի՛ համարիր թէ մեղք գործած ես: Յաղթէ՛ յանցաւոր զգալու չափազանցեալ զգացումիդ: Հեռացո՛ւր քեզմէ տարակոյսն ու սրտահեղութիւնը. գերազանցէ խղճի քննութիւնները՝ որոնք նոյն մեղքը շարունակ խոստովանելու կ'առաջնորդն: Մի՛ խոստովանիր այն մեղքը՝ որու մասին չես կրնար երդնուլ թէ գործած ես:

Վստահութիւն ունեցիր հոգիիդ առաջնորդին վրայ եւ հնազանդէ իրեն կոյր կերպով. միյան այս ճամբով կրնաս յաղթել խղճահարութեանդ: Մեծ կարեւորութիւն տուր հոգեւոր առաջնորդութեան ատեն քեզի ըսուածներուն, որովհետեւ նոյն պահուն հոգեւոր հայրդ կը խօսի քեզի Աստուծոյ կողմէ:

Երբ մեղքեր որոնք կը 'կարծես' թէ գործած ես յաջողիս չյիշել եւ չխոստովանիլ՝ ազատած համարրէ դուն քեզ խղճահարութեան ;երութենէն:


 
 
 

Comentarios


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page