ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻԻ ՅԵՂԱՓՈԽԻՉ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ
- Hrayr Daghlian
- Sep 13, 2015
- 1 min read

Վերածննունդի ժամանակաշրջանին հասարակական կամ ընկերային կեանքի ղեկավարման հարցերը ստացան նոր մեկնաբանութիւններ: Նախապէս կը տիրէր այն տեսակէտը, թէ հասարակական օրէնքները ունին գերբնական ծագում. անոնք բացարձակ են: Այսպիսով հասարակութեան ղեկավարման ուսումնասիրութիւնը խնդիր չէր. բաւական էր իմանալ գերագոյն էակին կամքը եւ հարցը լուծուած էր: Վերածնունդի ժամանակ մարդիկ սկսան հասարակական կեանքին նայիլ իբրեւ բնական երեւոյթ մը, որ պայմանաւորուած էր մարդերով, բնութեամբ: Հետեւաբար, պէտք էր ուսումնասիրել այդ օրէնքները՝ հասարակութիւնը ղեկավարելու համար:
Գրիգոր Տաթեւացին գրեթէ առաջինն էր այս միտքը արտայայտողներէն ու մշակողներէն: Ան կը գտնէր, թէ ընտանիքը հասարակական միաւոր մըն է, ընկերային կեանքի բջիջ մըն է: Մարդուն անհրաժեշտ են որոշակի գիտելիքներ, կարողութիւններ, որպէսզի լաւ կազմակերպէ կեանքը: Հետեւաբար, Գրիգոր Տաթեւացին կը յայտնէ, թէ որքան անհրաժեշտ է հասարակական կեանքին օրէնքները, կանոնները գիտնալ, հասարակական կամ ընկերային կեանքը լաւ կազմակերպելու համար: Այս առթիւ ան կ'ընդգծէ երկու գիտութիւններու կարեւորութիւնը.
Քաղաքական տնտեսութիւն (economics)
Քաղաքական գիտութիւն (political science)
Այդ երկու նիւթերը ԺԳ.-ԺԴ. դարերուն Տաթեւացին մտցուց համալսարանին մէջ եւ դասաւանդեց զանոնք: Հայ իրականութեան մէջ Գրիգոր Տաթեւացին առաջին լուրջ ներկայացուցիչն է տնտեսագիտական միտքի եւ քաղաքական միտքի:
Գրիգոր Տաթեւացիի ընկերային գաղափարներուն մէջ ուշագրաւ է նաեւ այն, որ հասարակութիւնը կազմուած է բազմաթիւ դերեր կատարող մարդերէ: Հասարակութեան մէջ իւրաքանչիւրը ունի դեր մը եւ հասարակութեան բնականութիւնը, առողջութիւնը պայմանաւորուած է այն բանով թէ իւրաքանչիւրը ինչպէս կը կատարէ իր դերը: Այս տեսակէտը աւելի պարզ ձեւով առաջին անգամ կը տեսնենք Մովսէս Խորենացիին մօտ, ապա՝ Մխիթար Գօշի եւ յետոյ՝ Յովհաննէս Երզնկացիի մօտ:
Comments