top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Արիստոտէլի Քաղաքագիտութիւնը

  • Ուսումնասիրեց՝ Հրայր Տաղլեան
  • Sep 12, 2015
  • 2 min read

Արիստոտէլ կ'ըսէ թէ «մարդը ընկերային կենդանի մըն է»: Մարդուն բնութիւնը ինչպէս որ կ'իրագործուի իր մէջ նոյնպէս ալ մարդկային ընկերութեան մէջ, այսինքն իր անձնական բարոյականին վրայ կ'աւելնայ նաեւ ընկերայինը եւ իր մէջ եղող իր այդ ընկերային բնութիւնը կ'իրագործէ մտնելով ընկերութիւններէ ներս:

Արիստոտէլ պետութիւնը կը սահմանէ որպէս. «ազատ եւ հաւասար քաղաքացիներու միութիւն»: Ընկերութիւնը միութիւն մըն է, որուն մէջ ամէն մարդ ազատօրէն կը մտածէ եւ հաւասար է միւսներուն: Ընկերային բանաւորութիւնը կը պահանջէ ընել այն ինչ որ բանաւոր է ընել: Որպէսզի ընկերութիւն մը իրագործուի պէտք է ամէնքը նոյն ձեւով գործեն, իսկ այդ հասարակաց իրագործումները կը կատարուի օրէնքի սահմանումին տակ, որ կը ծառայէ բոլորը նոյն ձեւով գործելու: Արիստոտէլի համաձայն օրէնքները մարդոց բանաւորութեան թելադրած գործելու հասարակաց կերպերն են ընկերութեան մը մէջ, իսկ այն ինչը որ օրէնքը կը պարտադրէ կը կոչուի արդարութիւն: Արիստոտէլ կը յիշէ թէ արդարութեան ալ տեսակները կան զոր օրինակ կու տայ երկու տեսակ բացատրութիւն

Ա.- արդարութիւն ի փոխանակութեան

Բ.- արդարութիւն ի բաշխման

Առաջին հերթին արդարութիւնը հաւասարութիւն կը պահանջէ, զոր օրինակ երբ երկու հոգի փոխանակութիւն կ'ընեն պէտք է այդ փոխանակուածին արժէքները հաւասար ըլլան: Իսկ հակառակ պարագային այդ մէկը կ'ըլլայ անարդարութիւն: Ահա այսպէս բնական օրէնքներով պետութիւն մը կրնայ ազատ եւ հաւասար միութիւն մը ստեղծել եւ ներդաշնակ կեանք մը յառաջ բերել եւ այդպիսով թէ ժողովուրդին կեանքը հանգիստ կþընդանայ եւ թէ ալ սիթէին համար£ այսպիսով սիթէին իրագործումը ամէն բանի մէջ կը ճառագայթէ:

Իսկ Արիստոտէլ լաւ պետութիւն ունենալու համար ուսումնասիրածէ իր ատենուայ 300 սիթէներու սահմանադրութիւնը եւ գտած է երեք էական տիպարներ.

Թագաւորութիւնը մէկ հոգիի իշանութիւնն է , նման ընտանիքի մը հօր որ կը կարաւարէ իր ընտանիքը այնպէս ալ կը վարէ իր ժողովուրդը:

Ազնուապետութիւնը կամ Քիչերու իշխանութիւնը կ'þշխէ դասակարգ մը կամ ցեղ մը եւ կամ խմբակցութիւն.

Ռամկավարութիւնը կամ ժողովրդային իշխանութիւնը բոլոր քաղաքացիները հաւասարապէս կը մասնակցին օրէնքներու որոշման:

Այս երեքէն ոեւէ մէկը կրնայ իշխել պայմանաւ կատարելապէս եւ լաւ ձեւով իշխէ: Թագաւորը կրնայ ըլլալ բռնապետ, ազնուապետութիւնը կրնայ սակաւապետութիւն դառնալ եւ ամէն բան միմիայն իր շահին համար ընել, իսկ ռամկավարութիւնն ալ կրնայ ամբոխավարութիւն դառնալ: Ասոնցմէ ամենէ յարմար ձեւը հայրական թագաւորութիւնն է, սակայն դժուար է գտնել իրաւ թագաւոր մը: Լաւագոյնը ռամկավարութիւնն է, ուր ամէնը հաւասարապէս տէր կ'ըլլան ընկերութեան , ուր օրէնքներու որոշման համար բազմաթիւ միտքեր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւ աւելի հաւանականութիւն ունին արդար ըլլալու: Ըստ Արիստոտէլի միջին դասակարգը պէտք է ըլլայ ազդեցիկը ատոր համար ա միջին դասակարգի իշխանութեան իշխանութեամբ շեշտուած հանրապետութեան ձեւը լաւագոյնը կը գտնէ Արիստոտէլ:


Ուսումնասիրեց՝ Հրայր Տաղլեան


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page