top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Մեղքը

  • Հրայր Տաղլեան
  • Sep 11, 2015
  • 3 min read

Առաջ որ խօսինք մեղքի ներելի ըլլալուն կամ չըլլալուն մասին, նախ խօսինք թէ ի՞նչ է մեղքը:

Նախ եւ առաջ յայտնենք, թէ չկան մեծ կամ փոքր մեղքեր, ինչպէս նաեւ մեծ կամ փոքր բարեգործութիւններ: Մէկ դահեկան գողնալն ալ նոյն մեղքն է, 1000 դահեկան գողնալն ալ, այդ իսկ պատճառով մարդիկ պէտք չէ ինքզինքնին արդարացնեն ըսելով “պզիտ սուտ” խօսեցայ եւ կամ “եղած չեղածը պզտիկ բան մըն էր գողցածս”: Ըստ Աստուածաղունչին, մարդկային պատմութեան մէջ առաջին մեղքը եղած է պատուիրանազանցութիւնը, որը կատարուեցաւ Եւայի եւ Ադամի կողմէ: Մեղքը եւ կամ ”չար”ը Աստուածային ստեղծագործութեան ծագումը չէ, այլ մեղքը կը ծնի մարդկային տկար մտածումին մէջ, որովհետեւ գիտենք թէ Աստուած մարդը ազատ ստեղծեց: Մարդ յաճախ ատակ է մեղանչելու , որովհետեւ մարդըե բնութեամբ տկար է եւ դիւրաւ կրնայ շեղիլ աստուածային ճամբէն, եւ այս կացութեան առաջքը առնելու համար ամենամեծ եւ կենսատու միջոցը աւետարանի ընթերցումն է:

Մարդ արարած ընդհանրապէս կ'ապրի նիւթականացած կեանք մը, սակայն որոշ տարիքէ մը ետք կը սկսի մտածել հիմնական հարցին մասին ըսելու. «մինչեւ այսօր կեանքիս ընթացքին ի՞նչ ըրի ես. որքա՞ն մեղք գործած եմ. միթէ Աստուած կը ներէ՞...»: Յաճախ այս մտածումը շատ ուշ է որ մարդ կը մտաբերէ, սակայն Աստուած համբերատար ըլլալով կը սպասէ այդ օրուան:

Աշխարհի մէջ չկայ եւ կամ չէ եղած անձ մը, որ բոլորովին մեղք չունենայ եւ կամ ենթակայ եղած ջըլլայ անոր ազդեցութեան, բացի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն: Նոյնիսկ առաքեալը որ արժանացած է Տիրոջ շնորհքներուն եւ օրնութեան, կը գրէ. «Ես ինքս միտքով Աստուծոյ օրէնքին կը ծառայեմ , իսկ մարմնով՝ մեղքի օրէնքին» (Հռ 7, 25):

Հիմա եկէ՛ք խորհրդածենք թէ մարդուն մեղքերը կը ներուի՞ն, թէ՞ ո՛չ: Ինչպէս վերը յիշեցինք մեղքերը տեսակներ չունին. ունին սոսկ ձեւերու տարբերութիւն, սակայն բոլորն ալ իրենց տեսակով մեղք կը կոչուին: Հետեւաբար եթէ մեղքերու մէջ տարբերութիւն չի կայ, այն ժամանակ ալ աններելի եւ կամ ներելի մեղքեր գոյութիւն չունին: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ Աստուած մը որ կը մարդանայ, կը չարչարուի եւ վերջաւորութեան որպէս զոհ կը բարձրանայ խաչին վրայ չներէ մարդկութեան ամբողջ մեղքերը: Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Աստուած ղրկեց իր որդին, որ մեղքը յաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ իր մարմնին մէջ դատապարտեց մեղքը...»(Հմմտ Հռ 8, 3): Աստուած թեւաբաց Հօր մը նման միշտ պատրաստ է իր գիրկերուն մէջ առնելու մեղաւորը. Աւետարանը ինք կը վկայէ թէ հրեշտակները հարիւրապատիկ աւելի կ'ուրախանան դարձի եկող մեղաւորի մը համար, քան հազարաւոր արդարներու համար որոնք արդէն իսկ փրկուած են: Աստուած մի՛շտ ներող եւ գթասիրտ Աստուած է: Օրինակը առնենք Հին կտակարանէն. Հին Ուխտին մէջ Իսրայէլացի ժողովուրդը յաճախ վշտացուց զԱստուած, ատեն-ատեն պատժեց զանոնք, սակայն մի՛շտ ալ ներեց ու մնաց իրեցն հետ: Այդտեղ Մովսէս Ժողովուրդին եւ Աստուծոյ միչեւ միջնորդ մըն էր. իսկ մենք այժմ նոր Ուխտի ժառանգորդներս որպէս միջնորդ ունինք Մովսէսէ աւելի վեր եղող մէկը՝ Քրիստոս եւ ալ ուր մնաց որ մեղանչող մեղաւորի մը մեղքերը չներուին:

Սակայն հակառան այս իրողութիւններուն, կան աններելի մեղքեր. այն իմաստով որ երբ մարդ իր միտքէն ըսէ թէ Աստուած ներող է, գթասիրտ է, ու շարունակէ մեղանչել ըսելով Աստուած կը ներէ, այդ անձը չարաչար կը սխալի, որովհետեւ ինք շահագործալով Աստուծոյ ներողամտութիւնը կը շարունակէ մեղանչել: Մարդուն մեղքը որքան ալ մեծ եւ կամ շատ ըլլայ, Աստուած միշտ պատրաստ է նարել այն մարդուն որ իր ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ անկեղծութեամբ կը զղջայ, այն որոշումով որ զայն մէկ հատ ալ պիտի չկատարէ: Յաճախ մեղքեր կ'ըլլան որ մարդ մեղնաչելով եւ զղջալով հանդերձ նոյն մեղքը կը կատարէ. Աստուած անոր եւս կը ներէ իր մեղքերը, որովհետեւ Աստուած իր կատարելեալ եւ ամենակարող ըլլալով մարդկութիւնը չի դատեր իր բարձրութեան մէջէն, այլ ան գիտէ մարդկային տկար բնութիւնը եւ միշտ կը փորձէ եղբայրական սիրով մօտենալ ամէն մեղաւորի, որովհետեւ մեղաւորները աւելի կարեւոր են Աստուծոյ համար քան արդարները, որոնք հոգեպէս արդէն իսկ փրկուած են: Քրիստոս ինք կը յիշէ թէ ինք չեկաւ արդարներուն համար, այլ՝ մեղաւորներուն:

Հետեւաբար մարդ մի՛շտ է ապաշխարհէ եւ գիտակցօրէն չմեղանչէ, որովհետեւ գիտակցօրէն մեղանչող անցը պիտի չարժանանայ ներումի, որովհետեւ գիտնալով եւ լսելով հանդերձ Աստուծոյ պատուիրանն ու ձայնը շարունակեց գերին մնալ իր կիրքերուն եւ ցանկութիւններուն: Աւետարանը կը վկայէ. «Հոգիին օրէնքը զիս Քրիստոս Յիսուսի միացնելով կենդանացուց եւ ազատեց մեղքի եւ մահուան ենթակայութենէն» (Հռ 8,2):



ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page