top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Եղիա Տէմիրճիպաշեան

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Sep 11, 2015
  • 3 min read

Եղիա Տէմիրճիպաշեան

1851–1908

Ա. Կեանքը

Ծնած է 1851-ին Պոլիս ( Հասգիւղ): Նախակրթութիւնը կը ստանայ «Ներսէսեան» եւ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարաններուն մէջ, իբ-րեւ դասընկեր ունենալով Մինաս Չերազը ( նոյնպէս գրող եւ ազգային գործիչ): Մանկութենէն իսկ առանձնութիւնը սիրող եւ մելամաղձոտ` Եղիա շարունակ ընթերցանութեամբ կը զբաղի: Հրանդ Ասատուր կը վկայէ, թէ «Քիչեր մեր մէջ Եղիային չափ գիրք կարդացած են»: Աստուա-ծաշունչը իր ամէնէն սիրած գիրքն է եղած: Եղիա իր ընթերցումներու ընթացքին կը յափշտակուէր մասնաւորաբար տխուր գիրքերէ, անոնք որ կը խօսին կեանքի ունայնութեան, ցաւոտ իրականութիւններու եւ մահ-ուան մասին:

Ատեն մը կը պաշտօնավարէ Օսմ. պետութեան հանրային շինութ-եանց բաժնին մէջ իբրեւ քարտուղար, բայց շուտով կը հրաժարի: Կ՛ուզէ անցնիլ Ֆրանսա, բայց ընտանեկան պարագաները թոյլ չեն տար: Իր երազը խափանուելով, կը տուժէ նաեւ ֆիզիքական առողջութիւնը: Ըն-տանեկան պարագաները կը ստիպուին զինք օդափոխութեան համար Մարսէյլ ղրկել 1874-ին, յանձնարարելով որ հոն առեւտրական ուսման հետեւի: Մարսէյլի մէջ տենդագին կը նուիրուի դարձեալ անկանոն ըն-թերցումներու: Կը ձեռնարկէ նոյնիսկ ֆրանսերէն հանդէսի մը հրատա-րակութեան (Le Moniteur Litteraire et Financier de Marseille)` հայերէնը եւրոպացիներուն ճանչցնելու նպատակով:

Եղիայի լեզուն իր բոլոր գրուածքներուն մէջ մնաց միշտ գրաբարի ազդեցութեան տակ, թէեւ սկզբունքով ինք պայքարեցաւ աշխարհաբարի յաղթանակին համար: «Գրաբարը կը պաշտէի, իսկ աշխարհաբարը կը պաշտպանէի» կþըսէ ան իր մէկ յօդուածին մէջ:

Ա. Ազատոխոհեան անունով 1879-ին կը հրատարակէ «Փիլիսոփա-յական Բառարանը»:

Եղիա հիւանդ էր: Թոքախտի նշաններ ալ ցոյց կուտայ: Այսուհան-դերձ կը շարունակէ աշխատիլ: Դասախօս է, տեսուչ, գրագէտ եւ ժողո-վական: 1884-ին կը խմբագրէ «Երկրագունդ» ամսագիրը, որուն կ՛աշխա-տակցին Գր. Զոհրապ, Պէրպէրեան եւ ուրիշներ:

1889-էն սկսեալ առողջական վիճակը կը դառնայ մտահոգիչ: Կþուզէ անէանալ, մեռնիլ եւ ազատիլ այս աշխարհի տառապանքներէն:

1890-ին կը կորսնցնէ մայրը: Աւելի կանուխ կորսնցուցած էր արդէն իր փոքր եղբայրը` Պօղոս: Առանձին կը մնայ:

Շատ կանուխէն Տէմիրճիպաշեան ապրած է յաճախանքը անձնաս-պանութեան, որ արդէն օր մը վերջ պիտի դնէր իր կեանքին: Կը կատարէ անձնասպանական երկու գործողութիւններ: Երկրորդը` 1893-ին:

1895-ի ձիւնոտ գիշեր մը, երբ Բերա թաղին մէջ ամբողջ օրը շրջած էր տուն փնտռելու համար, ի վերջոյ բախտը կþունենայ ծանօթանալու հունգարուհի Տիկ. Էլէն Նիսընի, որ ներս կ՛առնէ զինք, սենեակ կուտայ եւ յետագային կը դառնայ Եղիայի «պահապան հրեշտակը»:

1901-ին տագնապալի կը դառնայ իր մտային անհաւասարակշ-ռութիւնը: Դարմանումի կþենթարկուի ազգ. հիւանդանոցին մէջ: 1904-ին կը վերադառնայ առանց բուժուած ըլլալու:

1908 Յուլիս 19-ին, օգտուելով Տիկ. Նիսընի բացակայութենէն, Եղիա ինքզինք կը կախէ տան ձեղունէն, «պահապան հրեշտակին» նուիրած վզնոցով:

իբրեւ բարեկամուհի եւ բարերարուհի Եղիան խնամող այս հուն-գարուհին, գրագէտի եղերական մահէն ետքն ալ գեղեցիկ դամբարան մը շինել տուած է անոր, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:


Բ. Գործերը

1) Բանաստեղծութիւններ.- Սիրոյ, ցաւի եւ մահուան մասին: Ծանօթ քերթուածներն են` «Իմ Կեանքս», «Անգեղն Երգ», «Խօսք ընդ Աստուծոյ», «Մինակ», «Ես իմ շիրիմիս Վրայ», եւ «Շրջան Սրտիս»:

2) Իմաստասիրական գրուածքներ.- Եղիայի իմաստասիրական գունաւորումով յօդուածները ծանօթութիւններու եւ յատուկ անուն-ներու անկարգ շտեմարան մը կը հանդիսանան:

3) Գրադատական էջեր.- Եղիա հարիւրաւոր իր յօդուածներով չէ կրցած բնորոշել շրջանին գրական պատկերն ու մտահոգութիւնները: Գոված է, փառաբանած, կամ ուրացած, առանց տեսակէտներ հիմնա-ւորելու:

4) Տպաւորապաշտ էջեր.- Եղիա Տէմիրճիպաշեանի յաջողագոյն էջերը այս բաժնին մէջ կը գտնուին: Գրած է նաեւ քրոնիկ, ուր ակնար-կութիւններ կան թոքախտին եւ իր մելամաղձոտ պտոյտներուն` Պոլսոյ ծովափնեայ մասերուն վրայ: Մահուան գաղափարը իր քրոնիկներու գլխաւոր նիւթերէն մէկն է:

Հիւանդ ջիղերու տէր այս արուեստագէտը, որ շարունակ Նիր-վանա երազեց, իսկապէս որ մեր գրականութեան մէջ երեւոյթ մէը եղաւ ոչ այնքան իր արտադրութեան որակով, որքան անոնց անսովոր դրոշ-մով:



Իմ Կեանքս

Գալըս չե՜մ յիշեր, լալըս չե՜մ մոռնար,

Լացը զոր պիտի յաւիտեան ես լա՜մ–

Երբ մայրըս թողուց զիս մինակ, գընաց

Մօրը քովիկը հանգչիլ Իւսկիւտար:

Գլուխը բարձին վրայ զիս աշխարհք բերաւ,

Սիրտը քարին տակ կաթ տըւաւ ինծի,

Ոտքը փուշին վրայ քալեց ինծի հետ,

Եւ իրմէն ճերմակ մազով թողուց զիս…

Սաղմոսը գիրքն էր. ու սաղմը` գիրկը,

Սաղմը մաղձ եղած, մելամաղձութիւն,

Սաղմը` մտածում, Մըտատանջութիւն,

Մարդոց նըսեհին, վախճանին համար:

Մէկ եթէ կարդար, երկո՜ւք կը նայէր,

Նե՛տ մը Պօղոսին ու նետ մþԵղիային.

Զոյգ նետուածք աչքի ուր պարպուէր իր սիրտ,

Սիրտն ըզգայուն որ հիւծաւ այնքան շուտ…

Պօղոսը վարդ մþէր, ես ագռաւ անթեւ,

Որուն թեւ բուսաւ եւ մեծցաւ այնքա՛ն

Մինչ զի անդնդոց վերե՜լքն իջայ վար,

Ու զիս կորսընցուց հէգ մայրս իր աչքէն…

Այսպէ՛ս սընայ ես, այսպէս ապրեցայ,

Այսպէ՜ս իջայ ես, այսպէս բարձրացայ,

Խորամըխուելով ալքերն էութեան`

Արտասուաց տակ ոյք հացս, իմ բախտս եղան…


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page