Աղի Գործածութիւնը (ԾԻԾԱՂ)
- Hrayr Daghlian
- Sep 11, 2015
- 1 min read
Կարմուջցի մը քաղաք կ’երթայ իր աղային քով` մածունով, պանիրով, հաւկիթով: Շատ կը ստիպեն, որ ճաշի նստի: Չի մերժեր: Ճաշի պահուն, կը տեսնէ, որ աղան կերակուրին վրայ պտղունցով ճերմակ բան մը կը ցանէ, կ’ուտէ:
-Օղլում, ասիկա աղ է, ճաշին համ կու տայ,- կ’ըսէ աղան զարմացած գիւղացիին:
Վերադարձին աղան կը հրամայէ, որ մարդուն պարկ մը աղ տան: Գիւղացին ուրախ-զուարթ տուն կը դառնայ եւ կնկան կը բացատրէ, թ
է ինչպէս պէտք է գործածուի աղը:
- Սանկ երկու մատով քիչ մը ցանես: կը բաւէ, աղաս այդպէս ըրաւ,- կ’ըսէ:
- Աման մարդ,- կ’ըսէ կինը,- սա քաղաքացիները կծծի կ’ըլլան, աչքի ծարիրի պէս կը դնեն, սանկ ափով դնեմ, թող համ տայ:
Ու այդպէս ալ կ’ընէ:

Comments