Հին Քարի Շրջան
- Hrayr Daghlian
- Sep 7, 2015
- 2 min read

Ըստ պատմաբաններուն, նախնական մարդը առաջին անգամ գտնուեցաւ ափրիկէի արեւելեան շրջաններուն մէջ: Բայց կարելի չէ խօսիլ մէկ նախահօր եւ մէկ նախամօր մասին, շատ աւելի հաւանական է որ մարդկութիւնը առաջ եկած է զանազան տեղեր նոյն ատեն, եւ որովհետեւ առաջին մարդիկը եղած են թափարական, ցեղերը իրար խառնուած են:
Մարդուն օգտագործած առաջին գործիքը եղաւ իր իսկ ձեռքը, զոր գործածեց քաղելու, կրելու, փորելու համար: Իր հնարած առաջին գործիքը եղաւ տանձի ձեւով կտոր մը քար, զոր գործածեծ իբրեւ զէնք որսի ընթացքին, որսացած անասունը մորթազերծ ընելու համար եւ կամ անտառներուն եւ մացառներուն մէջ անցքեր բանալու:
Հին Քարի շրջանի մարդիկը նախընտրաբար կ'ապրէին գետերու եւ լիճերու եզերքը կամ լեռնային շրջաններու բացաստաններուն մէջ:
Հին Քարի շրջանի մարդիկը թափարական էին, որովհետեւ կը հետեւէին իրենց որսալիք կենդանիներուն եւ կամ կը փախչէին ուրիշ մարդոցմէ: Կ'ապրէին մէկ կամ երկու ընտանիքներէ բաղկացած փոքրիկ խումբերով եւ կը բնակէին ճիւղերէ շինուած խրճիթներու մէջ կամ բացօդեայ:
Եկաւ շրջան մը երբ մթնոլորտը պաղեցաւ. սահոյցները բեւեռներէն հեռացան եւ ծածկեցին տաք շրջանները: Մարդիկ ստիպուած, ապաստանեցան քարայրները որպէսզի պամտպանուին ցուրտէն:
Այս շրջանին է նաեւ որ մարդը գտաւ կրակը եւ օգտագործեծ զայն. հետեւաբար անոր վարուելակերպը մեծ փոփոխութիւններ կրեց:
Կրակը գործածուեցաւ իբր զէնք, հեռացնելու կենդանիները: Կրակը գործածուեցաւ նաեւ որսերը խորովելու: Բայց տակաւին կայ աւելի կարեւորը...
Կրակին շուրջ խմբուած մարդիկը պէտքը զգացին երեւակայելու, պատմելու: Ճիշդ է որ կրակի գիւտէն առաջ , մարդիկ կը խօսէին լեզու մը, որուն մասին գիտնականները տակագին վերջնական եզրակացութիւններու չեն յանգած, բայց այդ լեզուն եղած ըլլալու է շատ նախնական, բաղկացած միայն անհրաժեշտ քանի մը բառերէ եւ կանչերէ: Շնորհիւ կրակի գիւտին, բառամթերքը հետզհետէ զարգացաւ երբ մարդիկ փորձեցին պատմել իրենց կատարած որսորդութիւններուն եւ ունեցած արկածախնդրութիւններուն մասին:
Ատեն մը ետք, այս նոյն մարդը ուզեց քարայրներուն պատերուն վրայ իր այս պատմութիւնները արձանագրել. գծեց որմնանկարներ, որոնք իրենց նրբութեամբ եւ գեղեցկութեամբ զարմանք կը պատճառեն դիտողին /իրենց գծագրութենէն մօտ 25.000 տարի ետք/: Նախապատմական շրջաններու մարդիկը գծացին կենդանիներ /որոնցմէ շատեր անյետացած են հիմա/. երբեմն նաեւ գծեցին մարդկային կերպարանքներ եւ կախարդական նշաններ: Ներկայացնելով իր որսալիք կենդանին, որսորդը կը կարծէր որ կախարդութեամբ զայն արդէն իսկ գերի դարձուցած կ'ըլլայ եւ առանց որեւէ մէկ դժուարութեամբ կրնայ սպաննել զայն:
Իր այս գեղագրութիւններուն համար, արուեստագէտը կը գործածէր զանազան նիւթեր՝ չորցած արիւն, ածուխի փոշին կամ բոյսերէն առնուած գոյները, կը հալեցնէր զանոնք կենդանիի ճարպին մէջ եւ մատներով կը տարածէր պատերուն վրայ:
Կրակի գիւտը մեծ դեր ունեցաւ նաեւ մարդոց ընկերային կեանքին վրայ: Ընտանիքի անդամները այլեւս ունեցան իրենց յստակ պամտօնները. օրինակ՝ շնորհիւ իրենց ֆիզիքական աւելի մեծ ուժին, տղամարդիկը դարձան որսորդ կամ մարտիկ. կիներու պաշտօնը եղաւ պտուղներ եւ բոյսեր քաղել, մանուկներով զբաղուիլ եւ մանաւանդ կրակը միշտ վառ պահել: Այս վերջին պաշտօնը կնոջ տուաւ բարձր դիրք եւ հեղինակութիւն ու շուտով ան խումբին մէջ դարձաւ ամենակարեւոր անձը, եւ ազգականութիւնը որոշուեցաւ մօր գիծով, այսինքն՝ երեխաները կը պատկանէին մօր եւ կը մեծնային մօրեղբայրներուն հովանիին տակ: Այս ժամանակաշրջանը, երբ կինը, այսինքն մայրը, մեծ իշխանութիւն ունէր, կը կոչուի ՄԱՅՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՋԱՆ:
Այս ատեն է ուրեմն որ կը ստեղծուի արիւնակից մարդոց հասարակութիւն որ միասին կ'ապրի եւ կը ջանայ հաւաքական ճիգով պաշտպանել համայնքը:
Արիւնակից մարդոց խումբը ինքզինք կը համարէ ծագած կենդանիէ մը կամ բոյսէ մը: Հետեւաբար “նախահայր” կենադանին կամ բոյսը կը դառնայ այդ խումբին տոտեմը:
Ուրեմն տոտեմը կենդանի մըն է /կամ բոյս մը / որմէ ինքզինքնին ծագած կը համարեն որոշ թիւով մարդիկ: Տոտեմը կը պաշտպանէ իր հետեւորդները, կ'օգնէ անոնց կռուի ժամանակ, անոնց կու տայ առողջութիւն եւ գործի յաջողութիւն: Տոտեմը սուրբ է եւ անձեռնմխելի:
Comments