Պատասխան Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեանին
- Հրայր Տաղլեան
- Sep 6, 2015
- 3 min read

Սիրելի Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան,'
«Մյուռոնօրհնություն-15» վերնագիր յօդուածիդ մէջ դուն քեզի իրաւունք վերապահած ես նման հաստատում մը կարարելու
«Այժմ մյուռոն է օրհնում նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն իր մի քանի թեմերի համար...»:
Այս հաստատումը լաւապէս եկեղեցական պատմութեան ու գիտուեան հանդէպ ձեր անգիտութիւնը կը մատնանշէ, Եկեղեցական պատմութենէ անտեղեակ ընթերցողին մտածել տալով, որ մինչեւ օրս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միւռոնի օրհնութիւն չէր կատարեր, եւ հիմա՝ նոր Կաթողիկոսը Որոշած է կատարել այդ մէկը:
Առ այդ կ'ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը:
Ա.- ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԻՒՆԸ
Օրմանեան Պատրիարք, շատ անգամ կողմնակալութիւններ կատրելով այս կամ այն կաթողիկոսի հեղինակութիւնը կը ժխտէ եւ կամ զայն կը նկատէ որպէս աթոռակից կաթողիկոս, որովհետեւ իր իսկ բառերով «Մենք կանոններու եւ օրէնքներու եւ ընկալեալ սովորութիւններու հակառակ կը նկատենք, միեւնոյն աթոռի վրայ եւ միեւնոյն ժամանակ մէկէ աւելի գահակալներ ճանալ» ու շարունակելով կ'ըսէ, որ անոնք կրնան «գործակիցներ կամ աթոռակիցներ ունենալ, որոնք կարենան համահաւասար կերպով բոլոր իրենց ըրած գործերը կատարել, միւռոնի օրհնութիւնն եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւնն ալ մէջը ըլլալով» (Ազգապատում, 1517րդ գլուխ):
Պահ մը փորձենք Օրմանեանի ընկալածին պէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը դիտել որպէս աթոռակից կաթողիկոս. այդ պարագային իրաւասութիւնն եւ իրաւունք ունի կատարելու Միւռոնի օրհնութիւնը, այլապէս Օրմանեանը գերազանցելով ամբողջութեամբ հերքած պիտի ըլլաք այժմու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հեղինակութիւնը, ինչ որ առողջ ու դրական երեւոյթ մը չէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին կապերու հաստատման ի խնդիր:
Օրմանեան խօսելով միւռոն օրհնելու իրաւասութեան մասին, յստակօրէն կը գրէ. «Կանոնական սկզբունքով ամէն եպիսկոպոս կրնայ միւռոն օրհնել, և ամէն մետրապոլիտ կրնայ եպիսկոպոս ձեռնադրել երկու եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ» (Ազգապատում, 1817րդ գլուխ), սակայն ըստ անոր, յետագային այդ մէկը վերապահուած է միայն կաթողիկոսներուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միւռոնի Օրհնութիւն կատարելու իրաւասութիւնը ունենալու համար յիշենք օրմանեանի հետեւեալ խօսքը. «Կիլիկիոյ մէջ ընդդիմադիրներու հետ յարաբերութիւններ չի խզել, ան (Սարգիս) կը բաւականանար գոնէ ձեռնադրութեան ու միւռոնի պայմաններով յարաբերութեան մէջ գտնուիլ» եւ կը կարծեմ այս բոլորը փաստեր են, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը յանկարծ 21րդ դարուն իր «հաճոյք»ին համար չէ որ կը կատարէ:
Այլ տեղեկութիւն մը եւս. Նախնական շրջանին որոշում տրուեցաւ որ կաթողիկոսի ընտրութիւն կատարուի Էջմիածնի մէջ, սակայն տակաւին ողջ էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսը: Համաձայնութիւնը տրուած էր լոկ կաթողիկոսի ընտրութեան առանց միւռոնի եւ կամ այլ իրողութիւններու վրայ համաձայնութեան գալու, եւ այդ իրողութիւններուն մէջ երբ տակաւին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ողջ էր Էջմիածին ինք առաջին անգամ առանց համաձայնութեան ու արտօնութեան կատարեց Միւռոնի օրհնութիւնը, որպէս թէ «ուզելով խորհրդական պէտք մը լրացնել, եւ միանգամայն ջնջել Սսոյ աթոռին մէջ կատարուած զեղծումներէն» (Ազգապատում 1461րդ Գլուխ):
Պատմութեան օրինակները շատ են. «Տաճկահայեր Էջմիածնի կողմէ կաթողիկոսական գործունէութեան դադարումը տեսնելով, սկսած են Սիսէ ձեռնադրութիւն և միւռոն առնել» (Ազգապատում 2469րդ Գլուխ). Առ այդ սիրելի վարդապետ չե՞ս կարծեր որ արդէն իսկ այս բոլորը ցոյց կու տան թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իրաւասութիւնը ունէր միւռոնի օրհնութիւնը կատարելու եւ այդ մէկը արդէն իսկ դարեր առաջ առանց դադարի կը կատարէր:
Պատմութիւնը Կը յիշէ նաեւ, թէ Միւռոնի օրհնութիւններ կատարուած են նաեւ Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ մէջ:
Բ.- Միւռոնի Օրհնութիւն
Երկու տարբեր վայրերու մէջ միւռոնի օրհնութիւն կատարուիլը նոր երեւոյթ մը չէ, այլ այդ մէկը պատմութեան մէջ դարեր առաջ ի յայտ կու գան, որ երաշխքին է ներքին համաձայնութեան: Երբ Աղթամարի մէջ եւս կաթողիկոսութիւն գոյութիւն ունէր, այդտեղ եւս կը կատարուէր միւռոնի օրհնութիւնը, որուն համար Օրմանեան կը գրէ. «զի ինքն օրհնիցէ, սակայն Էջմիածին օրհնեալ սուրբ միւռոն կը ղրկէր, և խնդիր չէր յուզուեր (ՋԱմ. 97)» ինչ որ կը կատարուի այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Էջմիածնի կաթողիկոսութիւններուն միջեւ:
Կ'ուզենք միայն տեղեկանաք, որ Սիսէն Անթիլաս փոխադրուելէ ետք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հետեւեալ միւռոնի օրհնութիւնները կատարած են.-
-Հալէպ քառասուն մանուկ՝ 27 Մայիս 1926:
1. 29 Մարտ 1939, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի:
2. 5 Յունիս 1949, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցի:
3. 13 Հոկտեմբեր 1957, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի:
4. 30 Մայիս 1965, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի:
5. 22 Հոկտեմբեր 1972, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի:
6. 25 Մայիս 1980, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի, (Գարգին Աթոռակից)
7. 9 Հոկտեմբեր 1988, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի:
8. 26 Մայիս 1996, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
9. 26 Մայիս 2001, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
10. 7 Յունիս 2008, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
11. 18 Յուլիս 2015, Ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
Նման նիւթի մը անդրադառնալը ձեր կողմէ կ'որակենք ժամանակավրէպ եւ կ'առաջարկէնք, անցեալն ու հինը հրահելու, ժամանակավէպ նիւթեր հանրութեան փոխանցելու փոխարէն շատ աւելի առողջ ու նպատակայարմար էր, որ ԴՈՒՔ որպէս միաբան ու եկեղեցական, քարկոծելու տեղ՝ որպէս Քրիստոսի լիիրաւ աշակերտ ու ծառայ մտածէիք թէ ի՞նչ կրնաք ընել ժողովուրդին, ազգին ու հայութեան սիրոյն, որովհետեւ նման նիւթեր ոչ մէկ շահ կը պատճառեն հաւատքի կարօտ մեր ժողովուրդին
Առ այդ, յօդուածին ձեր տրամադրած ժամանակին փոխարէն եթէ մոմ մը վառելով ազգին խաղաղութիւն ու միասնականութիւն խնդրէիք աւելի շատ բան կատարած կ'ըլլայիք քան գրելով:
Քրիստոսի քարոզած Եղբայրական ու Միասնութեան ամուր սիրոյ՝
Հրայր Տաղլեան
Comments