top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Ինչո՞վ կը զբաղին հոգեբանները եւ հոգեբանութեան ճիւղերը

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Sep 6, 2015
  • 1 min read

Հոգեբաններուն կոչումն է օգնել մարդուն, որպէսզի բնականոն վարուելակերպի կամ հոգեկան առողջ դրսեւորումներու տէր մարդ ըլլայ՛ իսկ եթէ այս տեսակէտէն դժուարութիւններ ունի, զանոնք հարթէ:

Բնական է ամէն տարիքի անձերէ նոյն հակազդեցութիւնները կարելի չէ՛ ակնկալել: Այնպէս որ ըստ տարիքի հոգեբանութեան ճիւղը իր ճիգերը կը կենդրոնացնէ որպէսզի տարբեր տարիքային խմբաւորումներու պատկանող անձերու համապատասխան վերաբերումի բնականոն պայմաններ նշէ եւ ըստ անոնց ցուցմոնքներ տայ եւ ակնկալութիւներ ունենայ անոնցմէ:


Ա.- Կենսաբանական Հոգեբանութիւնը (Biological psychology) հոգեբանութեան այն ճիւղն է, որ կը զբաղի հետեւեալ հարցերով.- ուղեղի ընդացքը, ծիները (gene), հօրմօները ինչպէս կ'ազդեն մեր շարժումներուն, մտածումներուն եւ զգացումներուն վրայ: Կենսաբանական հոգեբանութիւնը կը զբաղի նաեւ լեզուի, մտածողութեան, ինչպէս նաեւ նախայարձակ ըլլալու իրողութեան:


Բ.- Աճման Հոգեբանութիւնը (Development psychology) կը զբաղի մարդ էակին ֆիզիգական, հոգեկան եւ ընկերային աճումով (զարգացումով) մարդու ընդացքին. մէկ խօսքով անիկա կ'ուսումնասիրէ մանուկին զգացումները իւրաքանչիւր տարիքի հետ:


Գ.- Փորձարական Հոգեբանութիւն (experimental psychology): Հոգեբանութեան այս ճիւղը կ'ուսումնասիրէ սորվելու, լսելու, տեսնելու, ըմբռնելու հարցերը: Այս մարզին համար բաւական փորձեր կը կատարուին անասուններու վրայ:


Դ.- Ճարտարարուեստական Հոգեբանութիւն (Industrial psychology): Հոգեբանութեան այս ճիւղը կը զբաղի գործարաններու մէջ վարուելակերպը՝ գործաւորներուն եւ գործատէրներուն միչեւ: Ասիկա իր մէջ կ'ունենայ ղեկավարութեան խմբային աշխատանքի արտադրութեան հարցերով:Այս ճիւղը կը նպատակադրէ ամբողջական գոկացում տալ թէ՛ գործաւորներուն եւ թէ՛ գործատէրերուն: Ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին՝ որպէսզի լաւագոյն գործի պայմանները ստեղծեն գործաւորին՝ որպէսզի տայ իր լաւագոյնը:


Ե.- Անհատականութեան Հոգեբանութիւն (Personality psychology): Հոգեբանութեան այս ճիւղը կը զբաղի մարդկային անհատականութեամբ, անհատականութեան գիծերը եւ առանցնայատկութիւնները, անհատականութեան ազդեցութիւնը վարուելակերպի վրայ: Ահնատականութեան հոգեբանութեան մէջ կը կատարուին բազմաթիւ փորձեր թափանցելու համար մարդկային ներաշխարհին մէջ:


Զ.- Ընկերային Հոգեբանութիւն (Social Psychology): հոգեբանութեան այս ճիւղը կը ներկայացնէ մարդոց վարուելակերպը ընկերութեան մէջ, անոնց մտածումները եւ զգացումները թէ ինչպէս մարդիկ կ'ազդեն ընկերութեան վրայ. Մարդոց կեցուածքները ընկերութեան զանազան հարցերու նկատմամբ, սիրոյ հասկացողութիւնը, նախապաշարումներ եւլն.:


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page