top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Երեւան-Երեբունի

  • Ուսումնասիրեց՝ Հրայր Տաղլեան
  • Sep 6, 2015
  • 3 min read

«Երեւան դարձած Երեբունի» Եր

եբունի... Երեւունի... Երիւան... Երեւան:

Երեւան կը նկատուի աշխարհի մինչեւ օրս բնակուած հնագոյն քաղաքներէն մին, Հրազդան գետի ափերուն յայտնուած քարի ժամանակաշրջանին (նէօլիթիք, Ք.Ա. 5000 տարի) հետքերուն համար: Ուրարտական շրջանին (Ք.Ա. 8-էն 4-րդ դար) Երեբունի կը պարսպապատուի, կ'օժտուի ոռոգման ջրանցքի ցանցով եւ ջրամբարով ու կը դառնայ Ուրարտուի հիւսիսային նահանգի քաղաքական, տնտեսական ու մշակութեային կեդրոնը Պարսպապատումին նպատակն էր պաշտպանել քաղաքը հիւսիսային Կովկասէն սպառնացող վտանգին դէմ:

Երեւանի համար «մութ ժամանակաշրջան» կը նկատուի Ք.Ա. 4-րդ դարէն Ք.Ե. 3-րդ երկարող դարերը, պատմական տուալներու չգոյութեան պատճառաւ:

Հայոց քրիստոնէացումէն (301) ետք՝ Երեւանի դիմագիծը կը կերպարանափոխուի 5-րդ եւ 6-րդ դարերուն, երբ հեթանոս տաճարները կը փոխարինուին եկեղեցիներով, եւ քաղաքը կը վերածուի վաճարական կարեւոր կեդրոնի, մինչեւ արաբական բանակներուն ներխուժումը 658-ին:

Բագրատունիներուն օրովվ (850-1045) Երեւանը խաղաղ եւ բարգաւաճ շրջան մը կ'ապրի, որ վերջ կը գտնէ Սելճուք բանակի արշաւանքով (1046): Լենկ Թիմուր իր կարգին կը թալանէ ու կ'այրէ քաղաքը 1387-ին:

Երեւան՝ պարսիկ եւ թուրք բանակներու պատերազմի դաշտի կը վերածուի (16-էն 18-րդ դար): Մինչ այդ՝ շրջանը, Արարատեան եւ սիւնիքի մարզերով , կը ճանչցուի իբրեւ «անաթ Երեւան» (կամ՝ Երեւանի Խանութիւն- 1604-1828), ուր մեծ թիւով շէնքեր (Գառնիի տաճար) կը քանդուին 1679-ի տխուր երկրաշարժէն:

Երեւան քաղաքը կ'անցնի պարսիկներուն ձեռքը 1747-ին, մինչեւ ռուսական բանակի կողմէ անոր ներգրաւումը (Թուրքմենչայի ռուս-պարսկական համաձայնագիր 21/02/1828-ին): Երեւան 12,500-ի հասնող բնակչութեամբ՝ կը պահէ Հայկական նահանգի մայրաքաղաքի կոչումը: Այս կարգավիճակը վերջնական կերպով կը հաստատուի Հայաստանի անկախացումով (1918-1920):


Ա.- Երեբունիի ծնունդը

Մեզի շատ մօտ անցեալին է որ (25/09/1950), Երեւանի հարաւ արեւելքը 65 մ. Բարձրունքի վրայ գտնուող Արին բերդի բլուրին պեղումներէն յայտնուեցաւ հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Խալդի աստուծոյ նորին վսեմութեամբ, Ակիշթի՝ որդի Մէնուաի, կառուցեց անառի ամրոցն այս ու կոչեց զայն Երեբունի»: Ուրարտուի Արկիշթի Ա. Թագաւորի սխրագործութեան առնչուող այս խօսքը քարի վրայ սեպաձեւ տարերով տաշուած է Ք.Ա. 782 թուականերուն:

Երեբունիի կառուցումէն մէկ դար ետք, Ուրարտացիք հիմնած են այլ պարսպապատ քաղաք մը, որ անուանած են Թէյշեբայնի, Երեւանի հարաւ-արեւմտեան թաղամասին մէջ բարձրացող Կարմիր բլուրին վրայ (պեղումներ՝ 1930-ականներէն սկսեալ): Երկու պարագաներուն՝ իւրաքանչիւրին տարածութիւնը չէր անցներ 50 հէքթարը:

Երեբունին գոյատեւած է Ուրարտուի անկումէն ետք ալ (Ք.Ա. 6-րդ դար): Այժմ հոն նիւթական մեծ դժուարութիւններէն կ'ակնկալուի պատմութեան մութ էջերը բացայայտող նոր յայտնաբերումներ:

Երեբունի թանգարանը կառուցուած է Արին բերդին բլուրին ստորոտը 1968-ին, Երեւանի 2750-րդ տարեդարձին առթիւ: Հոն ցուցադրուած են ուրարտական մշակոյթի թանկարժէք իրեր:


Բ.- Ճարտարապետութեան Մասին

Երեւանի ճարտարապետութեան Արին բերդի եւ Կարմիր բլուրի հնագոյն ժառանգութենէն զատ՝ մեզի հասած են Սուրբ Յովհաննու (6-րդ դար) եւ Կաթողիկէ (13-րդ դար) եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Հրազդանի Կարմիր եւ Գետառի միաթռիչք 17-րդ դարու կամուրջները, քարավանատուներ, բաղնիքներ, եւ ընդհանրապէս միայարկ բնակարաններ:

Պատմական Երեւանի մասին կարծիլ կարելի է կազմել նաեւ օգտուելով ֆրանսացի Ժան Պաթիսթ Թաւեռնիէի (1665) եւ Ժան Շարտէնի (1672-1673) գծագրութիւններէն: Երեւան քաղաքին շինարարական ոճը բնականաբար ազդեցութիւնը կրած է ռուսական ճարտարապետութեան, մանաւանդ 1828-էն ետք: Երերւան, քաղաքական իր առաջին յատակագիծով (1850-1856), օժտուած է զուգահեռ եւ ու ուղղահայաց նոր փողոցներով, հանրային պարտէզներով եւ սեւ տուֆով ծածկուած երկյարկ եւ եռայարկ բնակարաններով եւ հասարակական շէնքերով:

Մեծ եղեռնի նախօրեակին, Մեհրապաեանին կը վստահուի Երեւանի յատակագիծի պատրաստութեան աշխատանքը (1906-1911), որմէ յետագային պիտի օգտոուէր Թամանեան, 1924-ին հաստատած իր յատակագիծին աշխատասիրութեան համար: Այս վեջին ծրագրումէն ետք մայրաքաղաք Երեւանը պիտի ճոխանար ճարտարապետական նոր կոթողներով, ինչպիսին են՝

- Երեբունի թանգարանը (Ճարտարապետ՝ Շ. Ազատեան եւ Բ. Արզումանեան, 1968):

-Շուրջ 16.000 հայերէն եւ օտար լեզուներով ձեռագիրներ պահող Մատենադարանը (Ճարտարապետ՝ Մ. Գրիգորեան, 1957) եւ Սուրբ Մեսրոպի պազալթէ արձանը (ճարտարապետ՝ Ղ. Չուբարեան, 1967): Հոն տեղադրուած թանկարժէք մատենագրութիւններու պահպանութիւնը վստահուած է շէնքին ճակատը գրաւած Մովսէս Խորենացիի, Թորոս Ռոսլինի, Գրիգոր Տաթեւացիի, Անանիա Շիրակացիի, Մխիթար Գոշի եւ Ֆրիկի կենդանի արձաններուն:

-Մեծ եղեռնի յիշատակին նուիրուած Ծիծերնակաբերդը (ճարտարապետ՝ Ա. Թարխանեան եւ Ս. Քալաշեան, 1965) ու ցեղասպանութեան թանգարանը (1996):

-Հրապարակին կեդրոնը գրաւած Սասունցի Դաւիթի պատկառելի արձանը (Երուանդ Քոչար,1959):


Գ.- Քաղաքաշինութիւն

Թամանեանի յղացած յատակագիծով՝ Երեւան փոքր քաղաքի իր բնոյթէն (60.000 բնակիչ) պիտի դուրս գար եւ ստանար երկրի արդիական մայրաքաղաքի արժանավայել կերպարանք (150.000 բնակիչ), իր լայն ու ծառապատուած պողոտաներով եւ ընդարձակ հրապարակներով: Այս ծրագիրին յաջորդելու էր այլ ուսումնասիրութիւն մը, այս անգամ 500.000 բնակչութեան համար, զոր Թամանեան չկարողացաւ ամբողջացնել (1934): Թամանեան հակառակ իր կրած սովետական ճարտարապետութեան ազդեցութեան՝ յարմարած է Հայաստանի միջավայրին ու անոր ուրոյն շինանիւթերուն:

Այդ շինութիւններուն հաւանաբար գլխաւորը կարելի է սեպել Հայաստանի յատուկ հրաբխային տուֆ քարի տեսակը, որու ընդհանրացած գործածութեան հետեւանքով՝ Երեւանը կոչուած է նաեւ «Վարդագոյն Քաղաք»: Երեւանի շինարարական ոճը շատ հաւանաբար արդիւնքն է Ռուսական 200 տարուայ տիրապետումի ազդեցութեանը:

Այսօր՝ շնորհիւ կարգ մը բարեգործական կազմակերպութիւններու եւ անհատ բարերարներու, Երեւանի հնագոյն կոթողները վերանորոգելու գործընթացի մէջ են: Կակնկալենք »Վարդագոյն Քաղաք»էն գալիք տասնամեակներուն նորանոր նուաճումներ՝ Եւրոպական լաւագոյն քաղաքներու օրինակով:


Ուսումնասիրեց՝

Հրայր Տաղլեան

Օգտագործուած Աղբիւրներ՝

Ա.- Հայկական Հարցը (հանրագիտարան), Երեւան, 1996

Բ.- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, Հատոր III. Երեւան, 1985

Գ.- Լոյս (ընդհանուր գիտելիքներ)


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page