Ե՞ՐԲ ԵՒ ԻՆՉՊԷՍ ԸՆԵԼ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
- ՇՈՂԻԿ Ե. ԵՓՐԵՄԵԱՆ
- Sep 6, 2015
- 2 min read
Մտածողութիւնը իր չափանիշը ունի: Կը մտածենք մակարդակ ունեցող հարցերու մասին. օրինակ՝ ընտանեկան սրբութեան, հայրենասիրութեան
, ազգային հրատապ հարցերու, հայրենիքի եւ առօրեան զբաղեցնող լուրջ հարցերու մասին: Եկէք այս մտածումներուն շարքին աւելցնենք մեր զաւակներուն դաստիարակութեան բաժինն ալ, եւ հարց տանք թէ մենք ինչքանո՞վ դիտողութիւն կ'ընենք...:
Դիտողութիւն ընել գիտնալը իրապէս արւեստի համազօր գեղեցկութիւն է: Այս բառը առաջին հերթին, անախորժ զգացում մը կը հաղորդէ մեզի՝ երբ զայն կը լսենք: Ինչո՞ւ. որովհետեւ հակադարձ զգացում մը կը հրաւիրենք մեր վրայ, երբ ուզենք դիտողութիւն ընել:
Դիտողութիւնը ընկերային զարգացման յառաջխաղացքի հիմնական ազդակներէն մէկն է: Ճիշդ դիտողութիւնները մարդկային փոխ-յարաբերութիւնները կը կանոնաւորեն եւ ուղիղ ճանապարհի մէջ կը դնեն: Դիտողութեան բարիքներէն կ'օգտուին ընկերային բոլոր մարզերու պատկանողները, ընտանիք, կազմակերպութիւններ: Դիտողութիւն չեն ուզեր ընդունիլ այն մարդիկը, որոնք տկար խառնուածքի տէր անձեր են:
Դիտողութիւն ընելու իրաւունք ունին անոնք միայն, որոնք դիել գիտեն եւ մանաւանդ իրենց տեսածը վերլուծական հասկացողութեան մը բովէն անցնել գիտեն:
Հակառակ անոր, որ դիտողութիւն ընելը եւ քննադատելը խորքի նոյնութիւն մը ունին, բայց բոլորովին նոյն բաները չեն: Դիտողութիւն ընելը նշմարուած ժխտական երեւոյթ մը յայտնել կը նշանակէ:
Ո՞րքանով դիտողութիւն կ'ընես: Արդեօ՞ք կ'օգտուի այդ դիտողութիւններէն: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կ'ընես այդ դիտողութիւնը. այս հարցումները ոչ միայն ուղղուած են երեխային դիտողութիւն ընելու համար, այլ բոլոր տարիքներուն համար: Դիտողութիւնը տարիք չունի:
Դիտողութիւն ընելու իրաւունք ունիք միայն ձեր հարազատին. ամուսին, կին, զաւակ, մայր, հայր եւ շատ մտերիմ բարեկամներ:
Դիտողութիւն չըրած, կշռեցէ՛ք ձեր դիտողութիւնը եւ ստուգեցէ՛ք թէ արդեօք իրաւացի՞ էք:
Ձեր դիտողութիւնները թող ըլլան անձին ուղղակի՛ եւ յարմար ժամու մը:
Դիտողութիւնները միշտ շինիչ են, եթէ ճիշդ դիտուած են եւ խոհեմ մօտեցումով մը ներկայացուած են դիմացինին:
Երբե՛ք դիտողութիւն մի ընէք մէկու մը, երբ ձեր շուրջ ուրիշ մարդիկ կան:
Որեւէ դիտողութիւն, իր կ'ըլլայ ուրիշ անձի մը ներկայութեան, անպայման կը յառաջացնէ ըմբոստութիւն եւ հակառակութիւն: Նոյնիսկ երբ ձեր զաւակները կը խրատէք կամ անոնց դիտողութիւն կ'ընէք, զգոյշ եղէք, օտար մարդիկ չգտնուին ձեր մօտ: Նոյնիսկ ընտանիքի անդամներու ներկայութեան մի՛ ընէք ձեր դիտողութիւնները, այլ միշտ ուղիղ անձին՝ եւ առանձին:
Յագեցէ՛ք ձեր բարեկամներուն ու հարազատներուն կողմէ դիտողութիւնները: Ծնողք իրենց զաւակներուն դիտողութիւն ընելու պարագային, ըլլալու են խոհեմ եւ ուշադիր:
Դիտողութիւն ընելը շինիչ եւ օգտակար հասկացողութիւն մըն է:
ՇՈՂԻԿ Ե. ԵՓՐԵՄԵԱՆ
Comments