Մտածումներ Մայր Թերեզայէն
- Hrayr Daghlian
- Sep 5, 2015
- 1 min read

Մայր Թերեզան կը համարուի աշխարհի ամենազդեցիկ կինը, իսկ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը մեծ հետք ձգած է մարդկութեան ատութեան մէջ:
Մայր Թերեզա ծնած է 27 Օգոստոս 2010ին, Մակեդոնիոյ մէջ: Եղած է «Գթասիրութեան Օրդէն»ի հիմնադիր, որուն նպատակն էր օգնել ու ծառայել հիւանդներուն եւ աղքատներուն: Ան 1979ին եղած է Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր: Կաթոլիկ եկեղեցին ՄԱյր Թերեզան դասած է երանելիներու շարքին:
ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱՅԷՆ
Ի՞նչ կրնաք ընել դուք աշխարհի խաղաղութեան ամրապնդման համար. Գացէ՛ք ձեր տուները եւ սիրեցէք ձեր ընտանիքները:
Մեզի ռումբեր ու զէնքեր պէտք չէն. չարիքին յաղթելու համար մեզի պէտք են սէր եւ կարեկցանք:
Դիւրին է սիրել հեռաւորին, սակայն այնքան դիւրին չէ մերձաւորը սիրել:
Երբ մարդիկ կը մեղծադրես, անոնց սիրելու ժամանակ չես ունենար:
Ընտանիք ստեղծելու համար բաւարար է սիրել, իսկ պահպանելու համար պէտք է համբերել եւ ներել գիտնալ:
Ամէն մարդ, որ քուվդ կու գայ, թո աւելի լաւ ու երջանիկ հեռանայ քեզմէ:
Ամենակարեւոր սպեղանին սէրն ու հոգատարութիւնն է:
Բացարձակապէս պարտադիր չէ մեծ գործեր ընել. Կարելի է ամենափոքր գործեր ընել, սակայն մեծ սիրով:
Եթէ մէկէ մը յիասթափուած էք, միւսները մի պատճէք: Մարդիկ տարբեր են: Մի՛ կորսնցնէք վստահելու, հաւատալու եւ սիրելու ունակութիւնը:
Ողջոյնի եւ քաջալերանքի խօսքերը կրնան կարճ ըլլալ, բայց անոնց արձագանգը անսահման է:
Ամէն բան որ կ'ըսէք կա՛մ սիրով գործադրեցէք եւ կամ երբեք մի ըսէք:
Որքան շատ սէր, իմաստութիւն, գեղեցկութիւն, բարութիւն գնտէք դուք ձեր մէջ, այնքան աւելի շատ նոյնը կը տեսնէք ձեր շրջապատին մէջ:
Աստուած մեզի փորձութիւններ կը ղրկէ, որպէսզի յաղթահարելով ամրապնդուինք, եւ ոչ թէ յուսահատուինք:
Ամէն տեղ սէր տարածենք, ուր ալ գտնուինք, առաջին հերթին՝ մեր տուներէն ներս:
Ես երբեք պատերազմի չեմ միանար: Կանչեցէք ինծի, երբ խաղաղութեան սիրոյն շարժում տեղի ունենայ:
Մեծագոյն աղքատութիւնը սրտի եւ հոգիի աղքատութիւնն է:
Comments