ԿՆՈՋ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ (Մահաթմա Կանտի)
- Hrayr Daghlian
- Sep 5, 2015
- 2 min read
Այս յօդուածը գրուած է առնուազն 70-75 տարիներ առաջ, սակայն
անոր իրագործումը առաւելաբար վերջին տասնամեակի ընթացքին է որ ի գործ դրուած կը տեսնենք: Կէս դարէ աւելի կեանք ունեցող յօդուած մը ժամանակավրէպ որակուի հաւանաբար, սակայն այս մէկը կը հրատարակենք ցոյց տալու համար մարդկային անշահախնդիր հեռատեսութիւնն ու երեւոյթները իսկութեան մէջ վերլուծելու կարեւորութիւնը, ինչ որ այս օրերուս կ'ապրինք անոնց բացակայութիւնները:
Եթէ ես կին ծնած ըլլայի, պիտի ըմբոստանայի եթէ այրերը յաւակնէին, թէ կինը ծնած է իրենց խաղալիքը ըլլալու համար:
Կիները պէտք է բարձրանան այր մարդու մակարդակին: Անոնք կարող են չընդօրինակել այդ մարդու բնութեան բովանդակ կոշտութիւնը, բայց պէտք է բարձրանան այդ մարդու մակարդակին այն ամէնով, որ լաւագոյն է անոր մէջ:
Հնդիկ մշակոյթը սխալ գործած է կինը ծայրայեղօրէն ստորադասելով իր ամուսինին եւ պնդելով որ կինը իր կամքը ամբողջովին ձուլէ իր ամուսինի կամքին մէջ: Ասոր հետեւանքը եղած է այն, որ ամուսինը երբեմն իր հեղինակութիւնը չարաչար գործածած է, ինքզինքն իջեցնելով անասունի մակարդակին: Այդպիսի չափազանցութիւններուն դարմանը, ուրեմն, կը գտնուի կիներու իսկական դաստիարակութեան մէջ, եւ հանրային կարծիքը մշակելուն մէջ՝ ընդդէմ ամուսիններու անարի վարմունքին:
Կինը տկար սեռ անուանելը նախատինք մըն է. ատիկա այդ մարդու անարդարութիւնն է կնոջ հանդէպ: Եթէ ուժ ըսելով կը հասկցուի բիրտ ուժը, այդ պարագային արդարեւ կինը նուազ բիրտ է, քան այրը: Ապա եթէ ուժ ըսելով կը հասկցուի բարոյական զօրութիւն, այս պարագային կինը անչափելիօրէն գերադաս է այդ մարդէն: Չէ՞ որ ան ունի աւելի մեր ներզգայութիւն, չէ՞ որ աւելի անձնազոհ է ան, չէ՞ որ աւելի դիմացականութիւն ունի, չէ՞ որ քաջութեան տէր է: Առանց անոր, այդ մարդը չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Եթէ անբիրտ վարմունքը մեր էութեան օրէնքն է, ուրեմն ապագան կը պատկանի կնոջ: Ո՞վ կրնայ աւելի ազդու կոչ ընել սիրտին, քան կինը:
Եթէ այր մարդը, իր կոյր եսասիրութեամբ, փշրած չըլլար կնոջ սիրտը այնպէս ինչպէս ըրած է, կամ եթէ կինը զոհ գացած չըլլայ «վայելքներու», կինը աշխարհին ցուցաբերած պիտի ըլլար այն անհուն ուժը, որ ներքոյ է իր մէջ: Աշխարհ պիտի տեսնէ ատիկա իր ամբողջ հրաշալիութեամբ եւ փառքով՝ երբ կինը այր մարդուն հաւասար առիթներ ունենայ եւ ամբողջապէս զարգացնէ փոխադարձ օգնութեան եւ գործակցութեան իր կարողութիւնները:
Կիները մասնայատուկ պահակներն են այն ամէնուն, որ մաքուր եւ կրօնաբոյր է կեանքի մէջ: Բնութեամբ պահպանողական, եթէ անոնք դանդաղ են աւելորդապաշտ սովորութիւններ դէմ շպրտելու մէջ, միանգամայն դանդաղ են նաեւ հրաժարելու մէջ այն ամէնէն, որ մաքուր է եւ ազնիւ կեանքի մէջ:
Ես կը հաւատամ, թէ կնոջ առաքելութիւնն է ցուցաբերել խաղաղասիրութիւն՝ իր ամենաբարձր ու լաւագոյն ձեւին մէջ: Վասն զի կինը այդ մարդէն աւելի ատակ է հետազօտելու եւ յանդգնօրէն կիրարելու խաղաղասիրութիւնը: Անձնազոհութեան իր քաջութեամբ, կինը որեւէ ժամանակ գերադաս է այդ մարդէն, ինչպէս որ կը հաւատամ թէ այդ մարդը կինէն գերադաս է անասնական քաջութեան մէջ:
Կինը մարմնացումն է զոհաբերութեան եւ հետեւաբար խաղաղասիրութեան: Իր զբաղումները, ուրեմն, աւելի խաղաղութեան քան թէ պատերազմի առաջնորդիչ պէտք է ըլլան, ինչպէս որ ե՛ն ալ: Այն պարագան, որ ներկայիս ան յառաջ կը քշուի բիրտ պատերազմի ի խնդիր, ամենեւին ներբողական չէ արդի քաղաքակրթութեան համար:
Ես տարակոյս չունիմ թէ բրտութիւնը այնքան գէշ կը պատշաճի կնոջ, որ ի վերջոյ ան պիտի ըմբոստանայ իր հիմնական բնութեան այդ բռնաբարումին դէմ: Կը կարծեմ թէ այդ մարդն ալ պիտի զղջայ իր յիմարութեան վրայ: Սեռերու հաւասարութիւն՝ չի նշանակեր զբաղումներու նոյնութիւն: Կրնայ օրինական արգելք գոյութիւն չունենալ կնոջ մը որսի երթալուն կամ նիզակ ճօճելուն դէմ: Բայց բնազդաբար ան կը խորշի զբաղումէ մը, որ կը պատկանի այր մարդուն: Բնութիւնը ստեղծած է սեռերը՝ իբրեւ ամբողջացում մէկը միւսին: Անոնց պաշտօնները սահմանագծուած են, ինչպէս սահմանագծուած են իրենց կերպարանքները:
ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ
(1869-1948)
Comments