top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Խորէն Նար-Պէյ . Զարթօնքի Սերունդին իւրօրինակ հոգեւորականը

  • Writer: Hrayr Daghlian
    Hrayr Daghlian
  • Sep 5, 2015
  • 2 min read

ՀԱՅ ԱՊՐԻՆՔ ԵՂԲԱՅՐՔ

Հայ ապրինք եղբայրք, մարդկութեան մէջը, Հայ կնքեր է մեզ պատմութեան էջը. Հայ անուամբ զմեզ կ’ողջունէ երկինք, Եղբայրք Հայ ապրինք:

Հայ ապրինք. ո՞ր ազգ կայ Հայու նման, Որ ունենայ հին պարծանք այսքան, Որ ազգ Հայուն պէս շքեղ Հայրենիք, Եղբայրք Հայ ապրինք:

Ոչ, ճակատագիր մեր, չէ միշտ տխուր, Զթշուառութեան ուտել հացն ու ջուր, Նոր երջանկութեան ապագայ մ’ունինք. Եղբայրք Հայ ապրինք

Հայ ապրինք, որ մեր որդիք ալ, եղբայրք, Կարենան պարծիլ որ զմեզ ունին հարք, Չըլլանք Հայ անուան, չըլլանք նախատինք Եղբայրք, Հայ ապրինք:

Ամբողջ ժամանակաշրջանի մը ազգային-հայրենասիրական ոգին խտացնող եւ մինչեւ մեր օրերը երգուող ժողովրդական այս սիրուած երգին խօսքը կը պատկանի 19րդ դարու Ազգային Զարթօնքի Սերունդին իւրօրինակ դէմքերէն Խորէն Արքեպիսկոպոս Գալֆայեան Նար-Պէյին, որուն ծննդեան տարեդարձն է 6 Սեպտեմբերը։ Ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նար-Պէյ գրչանունը մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց դէմքերէն մէկը։ Իր կեանքով ու գրականութեամբ մեծ հռչակի տիրացած դէմք մը եղաւ Խորէն Նար-Պէյ ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ օտարներուն համար։ Յատկապէս իբրեւ հոգեւորական՝ ան իր քարոզներով հմայեց հաւատացեալները եւ յաջողեցաւ, ինչպէս որ կենսագիրներն ու գրական քննադատները կը վկայեն, ի մի խմբել հայ բազմութիւնները, իրենց ամէնէն բուռն տարակարծութեանց պարագային ալ։ Այդ էր պատճառը, որ յետ մահու Խորէն Նար-Պէյ յիշուեցաւ աւելի իր վաստակած հռչակով, քան թէ գրական ժառանգութեամբ, որուն շնորհազրկումը կատարողներու շարքին ամէնէն անխնայ քննադատը հանդիսացաւ մեծն Յակոբ Օշական՝ մնայուն արժէք համարուելու շատ քիչ բան տեսնելով Նար-Պէյի ստեղծագործութեանց, մինչեւ իսկ թարգմանութեանց մէջ։ 6 Սեպտեմբեր 1831ին (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 1832ին) Կ. Պոլիս ծնած Գալֆայեան Խորէնը, ծննդավայրին մէջ տարրական կրթութիւն ստանալէ ետք, ղրկուեցաւ Վենետիկ, ուր Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք, միացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ դարձաւ անոր ամէնէն աշխոյժ մտաւորական գործիչներէն մէկը։ Եւրոպական լեզուներուն հմուտ, հայ հո- գեմտաւոր ժառանգութեան տիրապետած եւ եւրոպական մշակոյթին սերտօրէն կապուած երիտասարդ վարդապետը շուտով ուշադրութիւն գրաւեց՝ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս ընծայած իր ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով։ Նար-Պէյ գրչանունը հոմանիշ դարձաւ գեղարուեստական որակով խոստմնալից բանաստեղծի մը, որ գրաբարի եւ աշխարհաբարի կամրջման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ազգային-հայրենասիրական շունչով առաջնորդուելով եւ Շէյքսփիրի, Լամարթինի ու Հիւկոյի տարողութեամբ մեծութիւններու լաւագոյն գործերուն հայերէն թարգմանը հանդիսանալով։ Անհանդարտ խառնուածքի տէր անհատականութիւն էր Խորէն Նար-Պէյ, որ երկար չդիմացաւ Մխիթարեան միջավայրին մէջ։ 1854ին, Գաբրիէլ Եպս. Այվազովսքիի (որ «Բազմավէպ»ի հիմնադիր խմբագիրներէն եղած էր) գլխաւորած երիտասարդ միաբաններու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերադառնալու շարժման միանալով, Նարպէյ հրաժարեցաւ Մխիթարեաններէն եւ, ընդհանրապէս, Կաթողիկէ եկեղեցիէն ու անցաւ Փարիզ, ուր ոգեւորութեամբ փարեցաւ Այվազովսքիի նախաձեռնած «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսի հրատարակութեան գործին, միաժամանակ շարունակելով Մխիթարեաններու կողմէ իրեն վստահուած ուսուցչական պաշտօնը Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ։ Փարիզեան իր գործունէութեան շրջանին Նար-Պէյ մօտէն ծանօթացաւ ու մտերմացաւ ֆրանսացի գրողներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական երիտասարդ գործիչներու հետ, որոնց հետ կապ պահպանեց մինչեւ վերջ։ Յատկապէս Լամարթինի մտերիմն էր, որուն «Դաշնակք» գործը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայեց 1859ին։ 1860ականներուն սկիզբը հեռացաւ Փարիզէն եւ գործեց, յաջորդաբար, Թէոդոսիայի, Էջմիածնի ու Երուսաղէմի մէջ, ուր Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1867ին։ Իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կարճատեւ շըրջան մը Ռումանիա ապրելէ ետք՝ 1870ին փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր ծաւալեց ազգային-հոգեւորական եւ գրական¬հասարակական բեղուն գործունէութիւն։ Նար-Պէյ 1863ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծական երեխայրիքը՝ «Վարդենիք»ը, որ մէկ կողմէ գրաբարեան արտայայտելաոճի իր կապուածութեամբ, իսկ միւս կողմէ ժամանակի մտայնութեան հետ անհաշտ՝ որոշակի սեռականութիւն (erotism) մատնող յուզաշխարհով տեղիք տուաւ թեր եւ դէմ քննադատութեանց։ Իսկ յաջորդաբար 1868ին եւ 1874ին լոյս տեսած իր միւս գործերուն՝ «Քնար Պանդուխտի» եւ «Ստուերք Հայկականք» հաւաքածոներուն մէջ, Նար-Պէյ հիմնովին շրջադարձ կատարեց դէպի հայ իրականութեան ազգային-հասարակական վէրքերն ու ցաւերը։ Իբպեւ այդպիսին, 1870ականներուն, Նար-Պէյի քերթուածները լայն ժողովրդականութիւն գտան յատկապէս նորահաս սերունդին մօտ։


 
 
 

Comments


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page