Ի՞նչ է Հայ Եկեղեցւոյ դերը ներկայիս
- Գէորգ Չէորեքճեան Կթղ.
- Sep 5, 2015
- 1 min read
Ոմանք կ'ըսեն,

թէ՝ եկեղեցին այլեւս դեր չունի կատարելու. ան այլեւս չի՛ կրնար առաջնորդել մեր հոգեւոր կեանքը, ղեկավարը ըլլալ մեր հոգեւոր ստեղծագործութիւններուն. գիտութիւնը, գեղարուեստը, գրականութիւնը աշխարհակաացած է, եւ անոնց ղեկավարողը ո՛չ թէ եկեղեցին պիտի ըլլայ, այլ՝ պետութիւնը։
Ճշմարիտ է, Վերածնունդէն յետոյ հոգեւոր մշակոյթը այլեւս չի՛ ղեկավարեր եկեղեցին. գիտութիւնը, գեղարուեստը եւ գրականութիւնը կամաց-կամաց աշխարհականացած են եւ եկեղեցւոյ թեւերուն տակէն դուրս ելած է։ Սակայն այդ մէկը չի՛ նշանակեր, որ եկեղեցին այլեւս դեր չունի կատարելու։ Ընդհակառակը, ան նոր հանդէս պիտի գայ իր ասպարէզին մէջ. ան նոր պէտք է ձգէ այդ ուղին, որ իրեն չէ պատկանած, օտարինը եղած է։ Անոր ասպարէզը Աւետարանի քարոզն է. անոր նպատակը պէտք է ըլլայ ըստ աւետարանական սկզբունքներու կարգաւորել կեանքը, ըստ Աւետարանին կենցաղ ստեղծել։
Անոր նպատակը պիտի ըլլայ մարդկային բարոյական կեանքը ղեկավարել, բարոյական մշակոյթկ զարգացնել, որ այնքան կարեւոր է աշխարհին մէջ արդարութիւնը հաստատելու եւ մարդկային կեանքը խաղաղ ճանապարհով դէպի երջանկութիւն առաջնորդելու համար
Comments