Թմրամոլութիւն (Մաս Բ.)
- Յակոբ Գարայեան
- Sep 5, 2015
- 1 min read
Երկրորդ դասակարգ – Թմրեցուցիչներու աշխարհին պատկանող խումբի երիտասարդները՝ թմրեցուցիչ վաճառողներն են:

Հարցում- Ինչո՞ւ թմրեցուցիչի վաճառականութիւն կ'ընես:
Պատասխան – Լիբանանի մէջ գործ գտնելը այլեւս շատ դժուարացած է: Ասիկա շատ հանգիստ գործ մըն է: Թմրեցուցիչ ծախելը՝ դրամ շահելու ամէնէն արագ ճամբան է: Զայն ծախելը յոգնութիւն չի՛ պահանջեր: Յաճախորդները շատ են, խնդրողները շա՛տ:
Հարցում – Թմրեցուցիչը ո՞ւր կը վաճառես:
Պատասխան – Թմրեցուցիչի վաճառքի գլխաւոր վայրերն են՝ հարուստներու վարժարանները, համալսարանները,գիշերային հաճոյքի վայրերը, սրճարանները, թաղերու անկիւնները:
Հարցում – Չե՞ս խորհիր որ այսպէս՝ նոր սերունդե կը փճացներ:
Պատասխան – Երկիրը արդէն փճացած է, ե՞ս մնացի աշխարհը փրկող...: Ամէն պարագային՝ ամէն մարդ ազատ է: Ան որ խելացի է, թող չգնէ:
Երրորդ Դասակարգ – Թմրեցուցիչի աշխարհին երրեորդ խումբի մարդիկը՝ թմրեցուցիչը պատրաստող՝ անոր “խոհարար”ներն են: Անոնք գիտեն թմրեցուցիչին չափերը, ազդեցութեան ուժը, որակը: Անոնք միանգամայն թմրեցուցիչի թէ՛ վաճառողներն ենեւ թէ՛ մոլի գործածողները: Անոնք երիտասարդին կը մօտենան ու անոր հետ կը վարուին իբր բարեկամներ, թմրեցուցիչը միասին կը գործածեն, կը սկսին զայն ծխելով, ապա՝ ռունգերէն ներս կը “քաշեն”, հուսկ՝ ասեղով զայն կը սրսկեն մարինին մէջ: “Բարեկամ”ը իր զոհը այս վիճակին հասցնելէ ետք՝ կը դառնայ նաեւ անոր թմրեցուցիչ հայթայթողը կամ վաճառորդը:
Չորրորդ դասակարգ – Թմրեցուցիչի աշխարհին չորրորդ խումբը՝ վարագոյրին ետին թաքնուած “անձնաւորութիւն“ներն են: Անոնք են “գործ“ին գլուխները, զայն կազմակերպողներն ու ծրագնողները: Անոնք “պաշտպանուած են“ կաշառքի ուժով: անոնք բանտ չեն մտներ...:
(Շարունակելի)
Commentaires