Թմրամոլութիւն
- Յակոբ Գարաեան
- Sep 5, 2015
- 2 min read
26 Յունիս 2010 թուականը “Թմրամոլութեան Միջազգային Օր” հռչակուած է Առողջապահութեան կազմակերպութեան կողմէ: Ծայրագոյն Արեւելքի թշուառ խորերէն ծագում առած թմրամոլութիւնը այսօր համայն աշխարհը վարակած է ա՛յն աստիճանի որ ա

ն համաշխարհային ամենադաժան ախտերէն մին դառձած է:
Ան իր ճիրանները տարած է նաեւ Լիբանանի դեռատի սերունդներուն վրայ: Լիբանանեան համալսարանականներու 22 տոկոսը, իսկ երկրորդական վարժարաններուն աշակերտութեան 11 տոկոսը արդէն թմրամոլութեան զոհ դարձած են:
Թմրամոլութիւնը սկսած է ծանրօրէն վարակել նաեւ մեր հա՛յ սերունդները: Մեր հայ պատասխանատուները, ըլլան անոնք եկեղեցականներ, վարժարանի տնօրէններ, միութիւններու կամ ակումբներու վարիչներ ու յատկապէս ընկերային ծառայութեան նուիրուած ու բանտերը այցելող զոհեալ անձեր, արդէն գիտակից ու լրջօրէն մտահոգ են այս մարտահրաւեր կացութեան դիմաց: բայց հարց կու տանք թէ մեր հայ ծնողներէն քանի՞ն ըստ բաւականին տեղեակ են իրենց ընտանիքին անդամներուն սպառնացող այս աղետէն...:
Այժմ պիտի ներկայացնենք հարցազրոյց մը որ հարազատ վկայութիւնն է անձի մը կողմէ, որ հերթաբար կ'այցելէ Լիբանանի կարգ մը բանտերը:
Հարցազրոյց
________________________________
—Ինչո՞ւ բանտ ես:
Այս հարցումը ուղղած եմ 50 բանտարկեալներու եւ անոնցմէ 40-ին պատասխանը եղած է. –Թմրեցուցիչ գործածելու պատճառով:
Անոնցմէ մէկ մասը թմրեցուցիչ գործածողներ են: Անոնք մի քանի շաբաթ բանտ կը մնան, բայց յաճախ բանտէն դուրս չելած՝ դժբախտաբար թմրեցուցիչնրու աւելի մոլի դարձած կ'ըլլան, հոն ծանօթանալով թմրեցուցիչներու բուն վաճառորդներուն:
Բանտարկեալներուն միւս մասը՝ թմրեցուցիչի վաճառականներն են: Անոնք երկար ժամանակ բանտ կը մնան եւ իրենց բանտարկութեան այս շրջանը կ'օգտագործեն իրենց արհեստին մէջ ա՛լ աւելի մասնագիտանալու համար:
Դասակարգեր
թմրեցուցիչի աշխարհին պատկանող մարդիկը կարելի է չորս դասակարգի բաժնել.
Ա.- Թմրեցուցիչ գործածողները
Բ.- Զայն վաճառողները
Գ.- Զայն պատրաստողները
Դ.- Այս բոլորին ետին՝ թաքուն գործողները
Առաջին դասակարգ – Մեր այս հարցազրոյցը տեղի կ'ունենայ բանտին մէջ առաջին դասակարգի այսինքն՝ թմբեցուցիչի զոհ գացած երիտասարդներուն հետ:
Հարցում – Ին՞չ բանի համար թմրեցուցիչ կը գործածես:
Ինչո՞ւ չգործածեմ: Պատճառ կա՞յ չգործածելու:
Ին՞չ ընեմ: Թմրեցուցիչը զիս տարբեր աշխարհ կը տանի:
Ստիպուած եմ: Զբաղում չունիմ, գործ չունիմ, ժամանակս պարապ կ'անցնեմ:
Ընտանիքս զիս չի հասկնար: Լքուած եմ: Դժբախտ եմ: Նշանածս բաժնուեցաւ ինծմէ, հայրս վախճանեցաւ, մայրս հիւանդ է:
Բարեկամներէս քաջալերուեցայ, ընկերուհիս ալ թմրեցուցիչ կը գործածէ: Աշխատած տեղս ամէնքը նոյնը կ'ընեն:
Համալսարանը թմրեցուցիչ գործածողներով լեցուն է:
Մեր թաղին մէջ՝ թմրեցուցիչը աւելի աժան է եւ որակը աւելի լաւ: Ինչո՞ւ չօգտուիմ: Գիշերային վայրերու մէջ ձրի կը բաժնեն:
Շատ դրամ ունինք, չեմ գիտեր դրամս ինչպէս ծախսել:
Կեանքս դատարկ է, անպատասխան մնացած հարցեր ունիմ: մարդ այս աշխարհի վրայ ինչո՞ւ կը չարչարուի: Ինչո՞ւ հոն ընկերային անարդարութիւն կայ: Աստուած գոյութիւն ունի՞: Այս հարցերէն փախուստ տալու արագագոյն ճամբան՝ թմրեցուցիչն է:
Քանի մը կրամ թմրեցուցիչ կ'առնեմ, վիշտերս կը մոռնամ: Ինչո՞ւ պարապ տեղ չարչարուիմ:
(Շարունակելի)
Comments