top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

Դրամին Կապանքը

  • Հայր Պերսինի
  • Sep 5, 2015
  • 2 min read

'

Որքան տխմար են մարդիկ, որոնք այնքան կը յոգնին՝ վազելով ոսկիին ետեւէն: Կը գտնեն ոսկին եւ կը թողուն ուրիշներուն, կորսնցնելով նաեւ յաւիտենական բարին՝ որ կրնային շահիլ երկրի վրայ:

Շատեր կեանքին մեծ մասը կ'անցնեն դիզելով հարստութիւն՝ որ մահով պիտի թողուն ուրիշի: Ոմանք մոռնալով Յիսուսի պատուէրը (Ղկ. Զ. 29) կը կորսուին վէճերու մէջ այնպիսի բաներու մասին՝ որոնք սահմանուած են ոչնչանալու: Ուրիշներ դրամ գտնելու համար՝ կը կորսնցնեն իրենց հաւատքը եւ կ'ընկկղմին հոգեկան ցաւի մը մէջ՝ապրելով դժոխքը:

Պէտք էիր սիրել դրամը՝ եթէ անոր կարենայիր գնել յաւիտենական բարին: Ճիշդ հակառակը, այդ բարին կը ստացուի հրաժարելով ոսկիէն:

Որքան լուսաւորուիս Աստուծմէ՝ այնքան անպէտ պիտի թուի քեզի երկրաւոր բարին եւ պիտի ըմբռնես անոր խեղճութիւնը:

Մերկ մտար այս աշխարհ եւ մերկ պիտի մեկնիս (Յոբ. Ա. 21): Ոչինչ ոերիր հետդ եւ ոչինչ պիտի տանիս (Ա Տիմ. Ա. 7):

Հոս ոչինչ փնտռէ: Երազէ ունենալ այն հարստութիւնը՝ որ կարող ես հետդ տանիլ այս աշխարհէն:

Կեանքդ կախում չունի երկրաւոր բարիքներու առատութենէն (Ղկ ԺԲ. 15): Շուտով հոգիդ պիտի պահանջուի քեզմէ եւ որո՞ւ պիտի մնայ հաւաքածդ (Ղկ Ժբ. 20):

Երանի քեզի եթէ յոյսդ չդնես դրամին վրայ: Ոսկին կեղծ դրամն է երջանկութեան. Կրնայ տալ քեզի ուրախ օրեր, բայց ոչ խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը:

Ամէն բան կը հիննայ եւ կ'ապականի, դուն ալ անոնց հետ: Հաւաքէ այն հարստութիւնը՝ որ չի հիննար. Գանձէ այնպիսին որ երկնքի մէջ չ'ապականիր, ուր չի կրնար գողը մտնել կամ ցեցը փճացնել (Ղկ. ԺԲ« 33):

Երանի քեզի եթէ չբռնուիս երկրաւոր բարիքներուն լարած ծուղակին մէջ եւ չհիւանդանաս նիւթականդ ճոխացնելու մոլութեամբ, այլ եռանդով փափաքիս միայն երկնաւոր հարստութեան:

Աւելի երանելի պիտի ըլլաս՝ եթէ Տէրը հրաւիրէ քեզ ձգելու ամէն բան, որպէսզի քեզ ճոխացնէ յաւիտենական բարիով (Մթ. ԺԹ. 21): Ուրախութիւնը պիտի ունենաս ոչինչ ունենալու եւ Քրիստոսի հետ ամէն բան ունենալու համար (Բ Կոր. Զ. 10): Ի՞նչ աւելի մեծ հարստութիւն՝ այս աղքատութենէն:


 
 
 

留言


© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page