Դաւիթ Անյաղթ
- Hrayr Daghlian
- Sep 4, 2015
- 2 min read
Դաւիթ Անյաղթ Հայ ժողուուրդի պարծանքներէն մէկն է իր բարձր իմա
ցականութեամբ, իր իմաստասիրական լայն ու խոր հմտութեամբ, իր ժառանգութեամբ եւ միջազգային ու ազգային ազդեցութեամբ:
Ծնած է Տարօն կամ Հարք Ներգին գիւղին մէջ շուրջ 470-ին: Կոչուած է Ներգինացի. կոչուած է նաեւ Հարքացի՝ երկու Դաիւթներու շփոթ մը առաջացնելով: Քեռորդին է Մովսէս Խորենացիի, որուն օրինակին հետեւելով իմաստասիրական բարձրագոյն ուսումը ըրած է Աղեքսանդրիա, նոր Պղատոնական նշանաւոր Ողիմպիոդորոս Կրտսերի շունչին տակ:
Ուսման ընթացքը աւարտելէ ետք, իբրեւ բացառիկ միտքի եւ հմտութեան տէր անձնաւորութիւն մը, բազում տարիներ իմաստութիւն ուսուցած է նոյն Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ: Գացած է ևհաւանաբար նաեւ դասախօսածև Աթէնք եւ Բիւզանդիոն, ուր իմաստասիրականի հրապարակային վիճաբանութիւններու մասնակցած է Բիւզանդացի մեծանուն իմաստասէրներու հետ եւ միշտ յաղթական հանդիսացած ու ԱնյաղթևյունարէնԱնիքթոսևբացառիկ կոչումին արժանացած: Արեւմտեան գրականութեան մէջ ծանօթ է նաեւ Դաւիթ հայևՏաւիտ Օ Արմէնիոս և անունով:
Հայ հին աւանդութիւնը Դաւիթ Անյաղթի կը վերագրէր թէ՛ հնութեան իմաստասէրներու գործերուն թարգմանութիւնը եւ թէ իմաստասիրական ինքնուրոյն գործերու հեղինակութիւնը: Սակայն վերջին կիսադարու բանասիրական հետազօտութիւնները, յատկապէս Հայաստանի մէջ, յայտնաբերեցին թէ մասնաւորապէս Պղատոնի, Արիստոտելի, Պորփիւրի եւ Անանուն Մեկնիչի գործերուն թարգմանութիւնը Դաւիթ Անյաղթէն առաջ կատարուած է. իսկ իմաստասիրական ինքնուրոյն գործերէն որոշապէս Դաւիթ Անյաղթի հեղինակութիւնն են՝
1.- Սահմանք Իմաստասիրութեան.
2.- Վերլուծութիւն ներածութեան Պորփիւրի.
3.- Մեկնութիւն ի վերլուծական Արիստոտէլի .
4.- Մեկնութիւն Ստորոգութեանց Արիստոտէլի.
Դաւիթ Անյաղթի կը վերագըրուի նաեւ Սուրբ խաչին նուիրուած ընդարձակ եւ գեղեցիկ ճառ մը՝ ՙՆերբողեան ի Սուրբ Խաչ Աստուածընկալ՚ տիտղոսով, գրուած մասնաւոր խնդըրանքով:
Դաւիթ Անյաղթ մինչեւ վաղ ծերութեան Հայաստանէն դուրս ապրած եւ ուսուցած ըլլալով, բնականաբար իր իմաստասիրական գործերը գրած է յունարէն լեզուով: Զանոնք հայերէնի վերածած է Հայաստան վերադարձին՝ անձնապէս կամ աշակերտներու միջոցաւ:
Դաւիթ Անյաղթ Հայաստանի մէջ նուիրուած է իմաստասիրութեան ուսուցման եռանդուն գործունէութեան: Ունեցած է իմաստասիրւկթեան խանդով լի բազում աշակերտներ: Ունեցած է նաեւ, ինչպէս Խորենացին, բուռն հակառակորդներ, որոնց հալածանքէն խոյս տալու համար քաշուած է հիւսիսային Հայաստանև Հաղբատ և եւ հոն ալ վախճանած շուրջ 550-560ի ատենները: Աճիւնները, աւելի ուշ, փոխադըրուած են իր ծննդավայր նահանգը եւ ամփոփուած Մշոյ Ս. Առաքելոց Վանքին մէջ: Իր վախճանէն ետք իր հմայքը շատ բարձրացած է եւ իր գործերը մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Հայաստանի մէջ: Հայոց եկեղեցին սրբացուցած է զինք եւ Սուրբ Թարգմանիչ Վարդապետներու շարքին մէջ դասած:
Դաւիթ Անյաղթ կիրարկած է յունարէնին վրայ ձեւուած խրթին, դժուարհասկնալի Հայերէն մը, որ հայ մատենագրութեան պատմութեան մէջ ծանօթ է Յունաբան կամ Հելլենաբան Հայերէն կոչումով: Յունաբանութիւնը կամ Հելլաբանութիւնը այն շարժումն է, որ իմաստասիրական գործեր թարգմանելու եւ յօրինելու ճիգին մէջ անբաւարար գտնելով դասական Հայերէնը, ուզեց յունարէնին հետեւողութեամբ հարստացնել զայն: Ուստի խախտեց դասական հայերէնի քերականական եւ շարահիւսական կանոնները, որդեգրեց նոր կանոններ ու ձեւեր, կերտեց բարդ եւ ածանց նոր բառեր՝ նախադաս եւ յետադաս մասնիկներու յաւելումով, եւ յառաջ բերաւ ձեւով եւ ոգիով յունարէնի մօտիկ լեզու մը, հարուստ բայց խրթին, ատակ իմաստասիրական գործերու բայց մերկացա՛ծ դասական հայերէնի բիւրեղութենէն, վայելչութենէն եւ գրաւչութենէն: Յունաբան հայերէնը եղաւ ու մնաց լեզուն մասնաւորներու, յատկապէս իմաստասիրութեամբ զբաղողներու. այսուհանդերձ իր նորակերտ բառերու մեծ պաշարով մնայուն ազդեցութիւն թողուց հայերէնի վրայ:
Յունաբանութիւնը սկիզբ առաւ Ե. դարու երկրորդ կիսուն, զարգացաւ Զ. դարուն եւ բարձրակէտին հասաւ Է. ի սկիզբ:
Comments