Գիտցի՛ր Վախճանդ
- Հայր Պերսինի
- Sep 3, 2015
- 3 min read
Մարդուս կեանքը կը նմանի դաշտի ծաղիկին, որ առաւօտ կը ծաղկի եւ երեկոյ կը թարշամի: Մարդս կը ծնի, կ'ապրի եւ կը մեռնի: Անոր ճակատագիրը՝ յաւիտենականութիւնն է: Կեանքը այնքան կարճ է ու աննշան՝ որ երազ կը թուի:
Անմիտ է անիկա որ չ'ուղղեր կեանքը իր նպատակին եւ կ'ապրի այնպէս՝ իբր թէ պիտի չմեռնի, կարծելով թէ միշտ երկրի վրայ պիտի մնայ:
Կեանքիդ ընթացքին անթիւ հարցեր կը դնես եւ գուցէ զանց կ'ընես քու իրական հարցդ, որ է վախճանդ: Կեանքի ցրուածութիւններուն եւ աղմուկներուն մէջ՝ առանձին ես վաճխանիդ դիմաց: Չեց ստեղծուած ժամանակին համար՝ այլ յաւիտենականութեան. սահմանուած ես մասնակցելու Աստուծոյ անմահութեան եւ յաւիտենականութեան: Ժամանակին նպատակն է՝ պատրաստուիլ յաւիտենական երանութեան:

Երբ Աստուած քեզ ստեղծեց իր պատկերին եւ նմանութեան համաձայն, դրաւ հոգիիդ մէջ ձգտումը դէպի անսահմանը եւ յաւիտենականը:
Կարող ես հասնիլ Աստուծոյ, ինչո՞ւ կ'ուզես գոհանալ արարածներով: Կրնաս փափաքիլ յաւիտենականութեան, ինչո՞ւ կը կապուիս անցաւորին:
Գիտցի՛ր թէ ինչ է վախճանդ: Աստուած խոստացած է քեզի երանական կեանքը՝ որ չունի վերջ, նման հրեշտակներուն. պատրաստած է քեզի՝ անապական ժառանգութիւնը, երկնքի մէջ բնակութիւնը, եւ դեռ, յարութենէն վերջ՝ մահէն չվախնալու շնորհքը:
Երբ ստանաս այս բոլոր խոստումները՝ հասած պիտի ըլլաս վախճանիդ, որու համար ստեղծուած ես, պիտի սուզուիս գերագոյն բարիին մէջ՝ որ է Աստուած, պիտի ճանչնաս՝ ինչ որ ինքը կը ճանչնայ, պիտի սիրես՝ ինչ որ ինք կը սիրէեւ պիտի ճաշակես՝ ինչ որ ինք կը ճաշակէ: Հոգիդ երջանկութեամբ պիտի յագենայ. այնուհետեւ ոչինչ պիտի փնտռես եւ պիտի կորսուիս յաւիտենականութեան մէջ: Կեանքդ կը նմանի գետի ջուրին, որ իր հանգիստը կը գտնէ միայն յաւիտենական երջանկութեան ծովուն մէջ:
Որքան վաղանցուկ է ուրախութիւնը որ մարդս կ'ուզէ քաղել դէպքերէն եւ իրերէն: Տժգոյն պատկերն է այն ուրախութեան՝ որ մայրամուտ պիտի չունենայ: Երկրի վրայ ինչ որ քեզ կը հրճուեցնէ՝ ստուեր է. իրականութիւնը երկնքին մէջ է:
Երբ Աստուած իր գաղտնիքը յայտնէ քեզի՝ ուրախութեամբ կը լեցուիս. բայց ատիկա փոքրիկ կաթիլ մըն է հսկայ բերկրանքի հեղեղին՝ որ պատրաստած է քեզի երկինքի մէջ: Մինչ օրը օրին մարմինդ կը ծերանայ, երկրաւոր բնակութիւնդ կը հիննայ, գիտցի՛ր որ պիտի ընդունիս յաւիտենական բնակութիւնը: Երկրի վրայ կաթիլ մը ջուրի մէջ կը շարժիս, մինչեւ որ մտնես Աստուծոյ կեանքին ովկիանոսը: Երանի քեզի՝ եթէ այս կեանքէդ սկսիս ապրիլ նոյն կեանքը: Յաւիտենական կեանքիդ մտածութիւնը քեզի քաջալեր պիտի ըլլայ՝ կեանքիդ ձախորդութիւններուն մէջ:
Մի՛ փնտռեր երկրաւոր խեղճ հատուցումը. սիրտդ թող ուղղուի յաւիտենականին: Միայն ասիկա ստանալով է որ լիով պիտի գոհանաս:
Ինչպէս բոցը միշտ դէպի վեր կը ձգտի, այնպէս ամբողջ կեանքդ Աստուծոյ ուղղուած է: Սուրբերը, ամենէն աւելի իրենք է որ ապրեցան կեանքի իրականութիւնը, նկատելով զայն իբր անցքի վայր դէպի երկինք:
Անմիտ եւ անզգամ մարդս, որ չի մտածեր երկնքի մասին, կ'ապրի այնպէս՝ իբր թէ ստեղծուած ըլլայ տուներ շինելու, ծառեր տնկելու, դրամ հաւաքելու:
Բայց դուն միշտ ներկայ ունեցիր այն մտածութիւնը՝ թէ ամէն ինչ կը վերջանայ: Ապրէ՛ անվերջանալի իրականութեան, ճշմարիտ արժէքներու համար, նոյնիսկ եթէ յիմար դատուիս անոնցմէ՝ որոնք չունին ճշմարիտ իմաստութիւնը:
Ո՛հ Աստուած որքան մեծ ծրագիրներ գծած է քեզի համար: Կը տեսնե՞ս երկնքի թռչունը. չի՛ գիտեր թէ ինչու կ'ապրի: Երբ կը հասնի իր գոյութեան երեկոն՝ իրեն համար ամէն ինչ կը վերջանայ: Բայց ոչ քեզի: Դուն գիտես թէ ինչո՛ւ կ'ապրիս. երկրաւոր կեանքիդ երեկոյին՝ կը բացուի քեզի երկնքի յաւիտենականութիւնը:
Կեանքը համառօտ է, յաւիտենականութիւնը ահա դիմացդ է: Հետամուտ եղիր ստանալու այն բարիքները՝ որոնք մահովդ պիտի չկորսնցնես: Ի՜նչ գեղեցիկ վաճառականութիւն է ըրածդ: Ժամանակաւորով կը գնես յաւիտենականը:
Ցոյց տուր ինծի, Տէր, թէ ո՛ւր է տեղս աշխարհիս վրայ: Ըրէ՛ որ ոչինչ զիր ուրախացնէ կամ տրտմեցնէ՝ եթէ ոչ ան որ զիս քեզի կը մօտեցնէ կամ կը հեռացնէ: Տո՛ւր որ արհամարեմ ինչ որ անցաւոր է. Սիրելի թող ըլլա՛յ ինծի՝ ինչ որ յաւիտենական է: Թող անհաճոյ դառնայ ինծի ամէն բան՝ ուր բացակայ ես դուն, եւ քեզմէ դուրս՝ ոչ մէկ բանի փափաքիմ:
Comments