«Ողջոյնի՜ Խօսք»
- Գարեգին Բ. Կաթողիկոս
- Sep 3, 2015
- 1 min read
«Ողջոյնի՜ Խօսք»
«Ողջո՜յն» քեզ- մեղա՜յ, հազա՜ր մեղայ քեզ Աստուած- ի՞նչ ողջոյն,
ԱՄՕ՜Թ քեզ, Թուրքիա, որ կը շարունակես այսպէս մեր ժողովուրդին դէմ գործածըդ մահափորձէն ետք, մահ տալ ճշմարտութեան, յամառօրէն եւ անպատկառօրէն կ'ուրանաս կատարածդ վատահամբաւ գործը, որուն համար անգթութեան, անմարդկայնութեան այնքան քաջ ես ծանօթ, որ կը վախնաս անոր բացայայտեալ եւ բացայայտիչ դրսեւորումէն: Հոն ուր ձեռքդ հասնի, պատմական մեր հողերու քարերուն վրայ դրոշմուած արձանագրութիւններէն սկսեալ մինչեւ պետութիւններու արխիւներուն խաւխաւ ծալքերը, մինչեւ դիւանագիտական շրջանակներու գրասենեակները, մինչեւ միացեալ ազգերու Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի տեղեկագիրները, կը ջանաս ի սպառ ջնջել հետքերը ոճիրիդ, որուն շուքն անգամ ամօթ կը պատճառէ քեզի:
Զո՜ւր է սակայն ջանքդ, ապարդիւ՛ն պիտի մնայ աշխատանքդ, որքան ալ նպաստաւոր ըլլան քեզի այս օրերու պայմանները աշխարհի դրուածքին եւ քաղաքական կեանքի պայմաններու դասաւորումին: Թշնամութեան եւ վրէժի համար չէ որ մենք պայծառ լոյսին կը բանանք մութ էջերը մթաստեղծ եւ կենսակործան ցեղասպանական արարքիդ: Յանուն արդարութեան եւ իրաւունքի, մենք այսօր կը բանանք մեր արդար դատի թղթածրարը ողջ աշխարհին, այսքան տարիներու անոր վրայ դիզուած մոռացութեան փոշիներէն դուրս բերելով զայն: Կ'ուզենք ծառայել մարդկութեան եւ ըսել անոր, որ երբ ցեղասպանութիւն մը անտեսուի եւ թոյլատրուած մնայ, ուրիշ ցեղասպանութեանց դուռ կը բանայ…:
Ինչո՞ւ այսպէս կը տագնապիս` եթէ չես գործած զայն…: Բայց կը հաւատամ, կը զգամ, որ որքան հեռացնես զայն քեզմէ, այնքան աւելի պիտի մօտենայ քեզի, որովհետեւ քու մէջդ է ան, բոյն դրած պատմութեանդ եւ ենթագիտակցութեանդ խաւերուն մէջ եւ չես կրնար բաժնուիլ անկէ մինչեւ որ հրապարակաւ չընդունիս զայն, խօսքի չնստիս անոր զոհերուն` մեր ժողովուրդի զաւակներու հետ եւ չմտածես արդարութիւն հատուցանել անոնց, որոնց հայրերը իրենց կեանքը տուին այդ իրաւունքէն չհրաժարելու համար: Արթնցի՛ր, զգօն դարձիր, որովհետեւ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը կրնան պահ մը լռեցուիլ, բայց երբեք` Թաղուիլ:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Comments