top of page

Այլ Էջեր:

Նիւթեր: 

Վերջին գրութիւններ: 

  • Facebook Clean Grey

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԵՇՏԱՄԱՀԸ

  • Լ. Յովհաննէսեան
  • Sep 2, 2015
  • 2 min read

Ի՞նչ է հեշտամահը:

Այս տարօրինակ բառը կենսաբաէոյական հարցումի մը առջեւ կը դնէ մեզ: Ի՞նչ է հեմտամահը: Ինչո՞ւ հեշտամահը: Իրաւասութիւն ունի՞նք զայն գործադրելու:


Բացատրենք թէ ի՞նչ է հեշտամահը:

Բառը յառաջ կու գայ յունարէնէ, որ կազմուած է երկու երզրերէ. eu(հեշտ) եւ thanasis(մահ) բառերէն: Հետեւաբար յունարէն բառը հայացնելով՝ զայն արտայայտած ենք “հեշտամահ” բառով: Ան կը նշանակէ հիւանդի մը տրուած մահը՝ առանց ցաւի, անցաւ մահ: Ինչպիսի՞ անցաւ մահ...:


Հեշտամահը հիւանդի մը վրայ երկու ձեւով կը կիրարկուի. առաջինը՝ կամաւոր, իսկ երկրորդը՝ ակամայ: Բացատրեմ:

Կամաւոր հեշտամահը կը կատարուի երբ հիւանդը գիտակցաբար կը խնդրէ մեռնիլ ու վերջ տալ իր տարիներէ ի վեր անբուժելի ու տառապալից հիւանդութեան: - Մեռնի՛մ... ազատի՛մ... կը գոչէ:

Ակամայ հեշտամահը կը կատարուի երբ իր գիտակցութիւնը կորսնցուցած հիւանդի մը դիմաց՝ ուրիշներ իր տեղ կ'որոշեն անոր կեանքին վերջ տալ, զայն ազատելու համար անյոյս հիւանդութենէն ու անոր պատճառած տառապանքներէն:


ՀԱՐՑ

Հեշտամահի ճամբով հիւանդ մը մեռցնելը՝ մարդկային ու բարոյական ծանր հարց մը կը ստեղծէ, որուն դիմաց հանրային կարծիքը երկու խումբի բաժնուած է:

Հեշտամահի կողմակիցները իրենց արարքը կ'արդարացնեն ըսելով, թէ հիւանդի մը անբուժելի եւ տառապալից վիճակին դիմաց՝ պէտք է անոր օգենլ, անոր ցաւերը մեղմացնել, նոյնիսկ մահուան դիմելով, եթէ այս կացութեան յարմարագոյն լուծումը մահն է, մանաւանդ եմբ հիւա՛նդն ալ այս լուծումին յօժար է: Չարչարուող նոյնիսկ անասունի մը դիմաց կը մեղքանանք ու անոր կեանքին վերջ կը դնենք, որքան աւելի նոյնը ընելու ենք անպէտօրէն չարչարուող մարդ արարածի մը համար, որ կ'ուզէ մեռնիլ: Պէտք է յարւել մարդու ամենէն ազնիւ պագեւը՝ ազատութիւնը ու կատարել անոր վերջին կամքը:

Իսկ հեշտամահի հակառակորդները իրենց տեսակէտը կը հիմնեն մարդկային չափանիշերու եւ ընկերաբանական տուալներու վրայ: Կ'ըսեն.- մարդը անասուն չէ: Մարդկհային ամենասուրբ արժէքներուն մաս կը կազմէ Աստուծոյ պարգեւած կեանքը: Հեշտամահը, ազնիւ բառի մը տակ, կեանքի դէմ գործուած յարձակում մը, բռնաբարում մըն է:

Հեշտամահի պարագային, կ'ըսեն, ցաւալին այն է որ այս մահը կը կատարուի բժիշկի օգնութեամբ, կը կատարուի այն մարդոց ձեռքով, որոնք կեանքի պաշտպանութեան այս սրբազան նպատակին ծառայելու համար տարիներով բժշկութիւն կ'ուսանին եւ կ'երդնուն մարդկային կեանքի փրկութեան ծառայել: Անոնց առաքելութիւնն է կեանքը փրկել եւ ո՛չ թէ սպաննել: Ասիկա՞ է բժիշկին կատարած սրբազան երդումին արդիւնքը:


Ի՞ՆՉ Է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԻՐՔԸ

Այս կնճռոտ հարցին դիմաց, ի՞նչ է Եկեղեցւոյ կեցուածքը: Եկեղեցին նախ մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ հինգերորդ պատուիրանը. «Մի՛ սպաններ»: Մարդուն կեանքին գերիշխան տէրը միայն Աստուած է, ո՛չ թէ մարդը, հետեւաբար կեանք մը փճացնելը, ի՛նչ պատճառի համար ալ ըլլայ, Աստուծոյ գերիշխանութեան դէմ գործել է, զայն ընելը՝ յանցագործութիւն է: Կեանքը պատահմունքի արդիւնք չէ: Կեանքը Աստուծմէ մեզի տրուած պարգեւ մըն է: Ինչպէ՞ս կը դրժենք պարգեւ մը երբ զայն նուիրողը Աստուած է: Կեանքը սիրոյ արտայայտութիւնն է, զոր Աստուած մեզի ցոյց կու տայ մեզ ստեղծելով, իսկ հեշտամահը՝ Աստուծոյ այդ սիրոյն ոտնակոխումն է:

Հեշտամահը արդարացնող հիմնական պատճառը՝ մարդասիրական է. հիւանդի մը չարչարանքին ու տառապանքին վերջ դնել է: Բայց Քրիստոնեային համար՝ տարբեր ու յատուկ իմաստ ունի. տառապանքը Քրիստոնեային համար սուրբ է, ան մասնակցութիւնն է Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ այս ձեւով՝ վերարժեւորումն է Քրիստոսի ցաւին տուած իմասին ու նշանակութեան: Ինչպէս որ Քրիստոսի համար չարչարանքը միջոց եղաւ անոր յաղթանակին ու յարութեան, նոյնպէս չարչարանքը մեզ կ'առաջնորդէ Աստուծոյ Արքայութեան: Հաւատքի աչքով ու զօրութեամբ՝ մենք կը դիմագրաւենք ամէն տառապանք ու կը գերազանցենք անոր նշանակութիւնը:


ՀԵՇՏԱՄԱՀԸ ԱՅՍՕՐ

Հեշտամահը նախապէս ընկերութեան ծոցին մէջ ցանցառաբար ու գաղտնօրէն կը գործադրուէր ու յանցաւորը օրէնքի կողմէ կը պատժուէր: Հեշտամահը այսօր հետզհետէ ընդունուած օրէնք կը դառնայ կարգ մը կառավարութիւններու կողմէ ու այսպէս՝ կառավարութիւնը կ'օրինաւորէ մարդուն կեանքին դէմ գործուած ոճիր մը: Կառավարութիւնը մը, որուն պարտականութիւնն է անհատներուն կեանքը պաշտպանել, ինչպէ՞ս կրնայ ոճիր մը օրինաւորել կամ հովանաւորել:




 
 
 

1 Comment


Nayiri Atamian
Nayiri Atamian
Dec 29, 2024

Ճիշդ

Like

© 2015 by Hrayr Daghlian

  • b-facebook
bottom of page