ԱՉՔԱԲԱՑ ՔԱՀԱՆԱՆ
- Hrayr Daghlian
- Sep 2, 2015
- 1 min read

Գարթալի մէջ կը պաշտօնավարեն եղեր երկու քահանաներ, որոնք փոխն ի փոխ կը մատուցանեն Ս. Պատարագը:
Օր մը, քահանային մէկը կը պատագէ, իսկ միւսը կը սպասարկէ Ս. Սեղանին: Երբ կու գայ Վերաբերումի պահը, սպասարկող քահանան, սկիհն ի ձեռին կը մօտնեայ պատարագիչին եւ կ'արտասանէ աւանդական բանաձեւը.
- Համբարձէք իշխանք զդրունս ձեր ի վեր, համբարձին դրունք յաւիտենից եւ մտցէ թագաւոր փառաց:
- Ո՞վ է սա թագաւոր փառաց, տէր զօրութեանց, տէր կարող ի պատերազմի:
- Սա ինքն է թագաւոր փառաց:
- Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն...
Երբ այս ըսելով, պատարագիչը կ'առնէ սկիհը սպասարկող քահանային ձեռքէն, ըսթ-փըսթ ձայն մը կը լսուի եւ պատարագիչը կ'այլայլի, կը դեղնի...
Թաթուլ վրդ., որ դասին մէջ կեցած էր, կը լսէ ըսթ-փըսթը, կը տեսնէ պատարագիչին վիճակը, բայց խելքը բա՛ն չի կտրեր:
Պատարագի աւարտումէն յետոյ մօտը կը կանչէ քահանաները եւ կը հարցնէ, թէ ինչ էր այդ ըսթ-փըսթը եւ թէ ինչո՞ւ այլայլած էր պատարագիչը:
- Հա՛յր սուրբ, կը պատասխանէ պատարագիչ քահանան, ես յանցանք չունիմ: Մեր տէր-եղբօր հետ քանի ժամանակ է, կարեւոր գրաւով մը ետէս բռնուած էինք. ոչ ան կը խաբուէր, ոչ ալ ես: Տեղը կա՞ս միթէ այս սուրբ արարողութեան պահուն, սկիհը ձեռքս տուած ատենը եա՛տէս ըսէր եւ խաբէր զիս... Ինչպէս չյուզուէի եւ չայլայլէի...
Թաթուլ վրդ., որ անակնկալի եկած էր աչքաբաց քահանային արարքէն, 40 օրով փիլոնազուրկ կը հռչակէ զայն եւ կը պարտադրէ, որ այդ օրերուն կենայ ան եկղեեցւոյ բակը, յանցաւորի պէս:
Comments